Երանի տալ անոր ի՚նչ որ կայ եւ անոր՝ ի՚նչ որ մնաց։ Ահա այս միտքով է, որ որոշեցի գրել «երանի» կոչուած վերաբերական բառի պատմութիւնը։ Ապա, հազար փառք տալով ապրիլեան այս պայծառ օրուան, ինչպէս նաեւ կեանքին եւ սիրոյ՝ յուշիկ-յուշիկ թերթեցի հայկական գրականութեան երանելի էջերը՝ չորս աւետարաններէն մինչեւ Շիրազի եւ Սեւակի ժողոուածուները։ Տեսայ, թէ իմաստութեան, խրատի եւ մաղթանքի բազմաթիւ խօսքեր կուտակուեր են անոնց մէջ։ Թումանեանը երանի տուեր է գործողին, Նալբանդեանը անոր՝ որ իւր ազգի ազատութեան պիտի զոհուէր, իսկ Սեւակը՝ գիժերուն։ Որոնումներուս աւարտին, եկայ այն եզրակացութեան, թէ «երնէկ նրան» որ սիրոյ տէր էր։ Այժմ երանի տալով, որ գրելու եւ գրուածը կարդալու քանի մը խաղաղ վայրկեան ունինք, ականջ տանք այդ երանաւէտ այրերու խօսքերուն։
Երանելի աղքատը
Ինչպէ՞ս գիտնայինք, թէ աւելի լաւ է քաղցած մնալ, քան՝ կուշտ, ըլլալ աղքատ, քան՝ ունեւոր։ Հայը, յարգելի ընթերցող, երբ առաջին անգամ լսեց չորս աւետարանները, լսեց՝ իր հեթանոս ականջին խորթ թուացող խօսքեր եւ խոստումներ։ Մատթէոսը ըսաւ՝ երանի հեզերուն, անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը. «Երանի հեզոց, զի նոքա ժառանգեսցեն զերկիր», երանի սգաւորներուն, անոնք կը գտնեն մխիթարութիւնը. «Երանի սգաւորաց, զի նոքա մխիթարեսցին»։ Ապա Մարկոսը, Ղուկասը եւ Յովհաննէսը քաջալերեցին նման վարքեր. «Երանի աղքատաց», «Երանի խաղաղարարաց» եւ «Երանի որ քաղցեալ են այժմ»։ Յովհաննէսը նաեւ ըսաւ, թէ ի՜նչ երանելի բան էր առանց Յիսուսը տեսած ըլլալու անոր հաւատալ. «Երանի որոց ոչ իցէ տեսեալ եւ հաւատասցեն»։ Սուրբ գիրքը ունի նաեւ Աստուածածնին ուղղուած գեղեցկատիպ նկարագրութիւն մը. «Բազմերան վայելչութեամբ մեծարեալ՝ կոչեցաւ մայր Աստուծոյ»։ Արքայութեան հասնելու համար, ըստ Սաղմոսներու գիրքին, պէտք է գիտնալ նաեւ, թէ ո՛ր աթոռի վրայ նստիլ կամ չնստիլ. «Երանեալ է այր որ… յաթոռս ժանտից ոչ նստաւ»։
Երանելի օրեր
Ոսկեդար էր… «Երանի» բառը գրական բառապաշար նոր մտած՝ սկսաւ հայոց մայրենին հարստացնել։ Ան, նախ բայացաւ, «երանել», երջանիկ եւ բարեբախտ համարել։ Ապա նորերը եկան. «երանութիւն», «երանելի» «երանախառն», «բազմերան», «երանիկ», եւ գեղեցկուհի մը՝ «երանուհի»։ Իսկ ուշ միջնադարուն Յովհաննէս Երզնկացի Պլուզ տաղասացը առաջին անգամ գործածեց «երնէկ» բառը. «Հազար երնէկ այս աւուրս, որ մէկ տեղ ենք մենք ժողովել»։
«Էյանելի» օրեր
Եղան այլ երանելի օրեր։ Հայկական լեռնաշխարհի մէջ, ամէն սար, ամէն ձոր, արեւածագէն մայրամուտ ամէն օր, իր բարեպաշտ շրթունքով երանի տուաւ Աստծուն՝ իր հացի համար, իր կեանքի համար։ Լիճի ափին վանեցին ըսաւ՝ էրանէկ, երեւանցին՝ երանէկ, էրնակ, խարբերդցին եւ պոլսահայը՝ էրանի, մշեցին՝ էրնեկ, սեբաստացին եւ ահեղաձայն Եփրատի վրայ ակնցին՝ էրնէգ, ալաշկերտցին՝ էրնէնք, տիգրանակերտցին՝ էրնիգ, զէյթունցին՝ իյանի, ջուղացին՝ իրնէկ, արցախցին՝ ընէ՚րակ, Վարարակն գետի վրայ գորիսցին՝ ինէրակ, Շոռոթ գիւղէն ո՛չ շատ հեռու ագուլիսցին՝ ըրա՚յնակ, իսկ հաճընցին՝ էյանի։ Էյանի բոլորը մնային։
Սիրահար երանելիներ
5-րդ դարէն 15 դար շատ բան փոխուեցաւ։ «Երանի» բառն ալ միջնադարուն աւելի աշխարհիկ դարձաւ։ Այն ժամանակ «երանելի» էր ան խիզախը որ սիրոյ տէր էր։ Նահապետ Քուչակը, 1540-1550 թուականներն ըլլային, քաջալերեց ազնիւ սէրը եւ օրհնեց այն կտրիճին, որ իր եարը առաւ, փախաւ, գնաց, անցաւ ջուրը, մտաւ պարտէզներ եւ ցերեկ ժամով պագիկ տուաւ անոր. «Էրնէկ ես անո՚ր կու տամ, / որ առեր իւր եարն է փախեր»։ Մէկ այլ օր Քուչակը քաղաքի մէջ տեսաւ աղուորիկ մը, որ նման էր կաքաւին։ Աշուղը, նախանձով անկասկած, երանի տուաւ անոր տիրոջը. «Էրնէկ է զիր տէրն որ ունի»։
Բառերուն ամենէն երջանիկը
Երանի տանք այն լեզուաբանին, որ մեզի բացատրեց, թէ ի՚նչ է «երանի» բառին արմատը։
Ըստ Աճառեանի «եր» արմատի եւ «ան» մասնիկի միութիւնն է ան։ Բառս «ջ» ձայնի յաւելումով դարձեր է «երջանիկ»։ Ըստ մէկ այլ լեզուաբանի, «երանի» բառը իրանական փոխառութիւն է եւ կու գայ *ran, այսինքն ուրախանալ բայէն։ Իսկ կարծիք կայ նաեւ, թէ բառիս արմատը յունարէն εραμαι- սիրել բայն է։ Ըսեմ նաեւ, թէ միջնադարուն բառս մարդացաւ՝ դարձաւ անձնանուն։ «Երանեակ»ը հայկական ամենահին անուններէն մէկն է, յիշուած է Բ. դարուն։ Երանեակը Տիրան Ա.ի դուստրն էր, որ 149 թուականին ամուսնացաւ Տրդատ Բագրատունիի հետ։ «Երանիկ»ը Հեթում Ա. Թագաւորի կնոջ՝ Զապէլ թագուհիի երկրորդ անունն էր։ Այս անունը 19-րդ դարուն շատ ժողովրդական եղաւ Պոլսոյ մէջ։ Յիշուած անունները կը նշանակեն երջանիկ։ Անոնք համազօր են Felix, Makarios, Beatrice, Berhudar անուններուն։
Երանի զիրար գտնենք
19-րդ դարուն երբ Պոլսոյ մէջ օրիորդ Երանիկ մը կը նշանուէր, կամ՝ տիկին Երանուհի մը ուսուցչուհի կը դառնար, մեր քաղաքի բանաստեղծները ի՚նչ բաներու երանի կու տային։ Այժմ, յարգելի ընթերցող կ’առաջարկեմ Պոլսոյ փողոցներու մէջ քալել՝ եւրոպական ափի Փերա պատկառելի թաղէն մինչեւ հայ ձկնորսներու Սամաթիան, ապա Գումգափու, ուր Հայրիկն է նստած որպէս պատրիարք ու ասիական ափի Քաղկեդոն ծովահայեաց աւանը, ուր Դանիէլ Վարուժանը կ’ուսանի Մխիթարեան վարժարանի մէջ։ Այս ճանապարհորդութեան մէջ նախ լսենք Պետրոս Դուրեանի վիշտը։ Աշնան տժգոյն գիշեր է քաղցրաբոյր, Դուրեանը կը գրէ «Պէտք է մեռնիլ» քերթուածը ու կ’ըսէ. «Երանի՜ թէ ըլլամ շիթ մ՚արտասուք»։ Քաղաքի դիմացի ափին, իր գրասենեակի մէջ Խրիմեան Հայրիկը այլ միտքերով է զբաղած։ Ան «Հրաւիրակ Արարատեան» երկը կը գրէ ու կ’ըսէ. «Եւ դու ի յԱյրարատ առ դրախտին երանի թէ / Նստէիր, նուագէիր զարարատեան գեղեցկութիւն»։ Սիամանթօ՞ն… Բոցաւառած է տղան. «Երանի թէ ամէն վրէժ աշխարհիս մէջ հանճարները լուծէին»։ Լեւոն Շանթը երանի կու տայ հին աստուածներուն։ Իր գրական աբեղային ըսել կու տայ. «Երնէկ բաց ըլլային աչքերդ, որ չտեսնէիր, չտեսնէիր»։ Իսկ Քաղկեդոն վայելուչ քաղաքի Մխիթարեան վարժարանի աշակերտ 18-ամեայ Դանիէլ Վարուժանը պատրաստած է իր ճամբորդական պայուսակը։ Եւրոպա պիտի երթայ։ Ուսանելու։ Իր համեստ գրասեղանի վրայ ան կը գրէ Պոլիսէն վերջին նամակ մը իր հօրեղբօր. «21-23 Յուլիս, 1902, Կ. Պոլիս, Սիրելի հօրեղբայր, ամէնքս մէյ մէկ անկիւն թափթփած մնացինք իր(արմէ) անջատ-անջատ։ Երանի՜ թէ ողջ-առողջ զիրար գտնենք ու Չպուգքեարեան համեստ գերդաստանը իրաւամբ իրարու գրկաց մէջ զիրար երազեն, սիրեն եւ սիրով ապրին ու մեռնին։ Երջանի՜կ կեանք։ Ի քաղցր տեսութիւն։ Ձերդ՝ Դ. Գ. Չ.»։
Երնէկ թիթեռ ես լինէի
19-րդ դարուն հիւսիսէն եւ արեւելքէն կու գային այլ երանութիւններ։ 1902 թուականին, երբ Վարուժանը կը պատրաստուէր ճամբորդելու, Թումանեանը գրի կ’առնէր «Թմկաբերդի առումը» բանաստեղծութիւնը։ 33 տարեկան հասունութեան հասած Թումանեանի համար աշխատանքն էր երանելի։ Ան յորդորեց. «Հէ՛յ, պարոննե՛ր, ականջ արէք / Թափառական աշուղին… Երնե՜կ նրան, որ իր գործով / Կ’ապրի անվերջ, անդադար»։ Բանաստեղծը 1899 թուականին երանի տուած էր մէկ այլ բանի. «Երնէկ թիթեռ ես լինէի, / Անհոգ թիթեռ գարունքի, / Ոչ ցաւն ու վիշտն իմանայի, / Ոչ անջատումն այս կեանքի»։ Հայկական ազատագրական շարժումի այդ բուռն օրերուն Միքայէլ Նալբանդեանը բանաստեղծութիւն մը գրեց, առանց գիտնալու, թէ այդ խօսքերը ապագայ Հանրապետութեան քայլերգը պիտի դառնային. «Բայց երա՜նի, ով իւր ազգի ազատութեան կը զոհուի»։ Աւետիք Իսահակեանը ափսոսաց իր անցած օրերուն. «Ա՜խ երանի չծնուէի, չլսէի, չտեսնէի, չմեռնէի», իսկ Վահան Տէրեանը փառք տուաւ սիրոյ. «Երանի նրանց, ով սիրով եռուն մնացին»։
Երանիի երկու կէսերը
50-ները եւ 60-ները տեսած Պարոյր Սեւակի համար, կ’երեւի, թէ կեանքը տառապալից էր, դաժան։ Երբ ես լսեցի իր երանիները, սարսափեցայ։ Ահա, ցնցիչ օրինակ մը. «Երնէկ գժերին, որ էլ չեն գժուի»։ Մէկ այլ բանաստեղծութեան մէջ Սեւակը երազեց անկեղծութիւնը. «Երանի՜ թէ / Խաղալիքի պէս սուտն էլ փչանար, / Եւ չգտնուէր ո՛չ սարքող վարպետ, / Ո՛չ էլ գործարան»։ 33 տարեկան Սեւակը իր նոր սէր՝ 18 տարեկան գեղեցկուհի Սուլամիթային գրած նամակին մէջ խոստովանեցաւ. «Երկու երնէկ միաժամանակ չի լինում»։ Իսկ, Սեւակը ինչպէ՞ս ազատէր բոլոր տառապանքներէն. «Ա՜խ, երանի՜ թէ… / Իմ տառապանքը բռնագրաւեն / Եւ անմիջապէս հանեն աճուրդի՝ / Ցանկացա՜ծ գնով»։ Նոյն օրերուն Յովհաննէս Շիրազը համամարդկային ոգիով լեցուած՝ որոշեց ցաւը իրե՛ն պահել, իսկ երջանկութիւնը ուրիշին տալ. «Էն մարդուն տամ երանի, / Ով իր սիրտը միշտ կէս կ’անի. / Վիշտը՝ իրեն, խինդն՝ ուրիշին»։
Երանի, իմ աչքի լոյս…
Յարգելի ընթերցող, յօդուածս հասաւ իր աւարտին։ Անշուշտ, թէ երգով մը պէտք է հրաժեշտ տալ, քանզի ի՚նչ երանութիւն բոլորիս, որ պատառիկ մը քաղցր մեղեդի լսելու խաղաղութիւնը ունինք։ Երգիչ Թաթա Սիմոնեանը, կը յիշէ՞ք, ի՚նչ ժողովրդականութիւն վայելեց իր «Երանի» երգով։ Թաթան այդ երգի մէջ երազ էր տեսած, հայրենի բնաշխարհը իր աչքին առջեւ էր պարզուած՝ ապա տղան մեղմօրէն երգեց. «Ապրենք հանգիստ, լինենք խաղաղ։ / Երանի, երանի, երանի, / Երանի, երազս կատարուի»։ Իսկ երանի անոնց որոնք սիրոյ տէր են։ Աշոտ Գրաշին «Երանի թէ իմ սիրունը» երգի մէջ այդ միտքն էր, որ փայփայեց։ Մենք ալ երանի տանք սիրոյ եւ խաղաղութեան.
Երանի թէ իմ գարունը,
Կռունկի հետ բուն գար.
Ինչո՞ւ թռաւ նա հեռացաւ
Ինչո՞ւ սէրս մոռացաւ
Արցունքներս խոր ծով արիր
Սիրտս վառեցիր։
Երանի թէ իմ աչքի լոյս,
Քեզնից բարի լուր առնեմ։