Հակառակ սեռի մէջ քօղարկուած կենսագրութիւն

ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ

Իտալական գրականու­­­թեան կար­­­կա­­­­­­­ռուն հե­­­ղինակ­­­նե­­­­­­­րէն է Սե­­­զար Փա­­­ւէս եւ գլուխ գոր­­­ծոց մըն է անոր «Մե­­­նակեաց Կի­­­ներ» ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութիւ­­­նը։ Կ՚ու­­­զեմ այս շա­­­բաթ ձե­­­զի հետ կի­­­սել այս վէ­­­պը, որ կար­­­դա­­­­­­­ցի մէկ շունչով։

Սե­­­զար Փա­­­ւէս Իտա­­­լիոյ Թո­­­րինօ քա­­­ղաքը ծնած է եւ գրա­­­կանու­­­թիւն ու­­­սա­­­­­­­նած։ Սոյն վէ­­­պը իրեն բե­­­րած է Իտա­­­լիոյ ամե­­­նապա­­­տուա­­­բեր մրցա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րէն հա­­­մարո­­­ւող «Ստրէ­­­ճա» պար­­­գե­­­­­­­ւը։

Ան իբ­­­րեւ այր գրող մեծ գերզգայ­­­նութեամբ յա­­­ջողած է թուղթի յանձնել կի­­­ներու կեան­­­քը, զգա­­­ցումնե­­­րը եւ առանձնու­­­թիւնը։

Պա­­­տու­­­մով կը ծա­­­նօթա­­­նանք տա­­­կաւին մա­­­նուկ հա­­­սակին իր ապ­­­րած Թո­­­րինօ քա­­­ղաքը պա­­­տերազ­­­մի պատ­­­ճա­­­­­­­ռով լքե­­­լու հար­­­կադրո­­­ւած Սլե­­­լիայի վե­­­րադար­­­ձին։

Պա­­­տերազ­­­մը միայն քա­­­ղաք­­­նե­­­­­­­րը կամ շէն­­­քե­­­­­­­րը չէ որ աւե­­­րած են փլած է։ Ամ­­­բողջ մշա­­­կոյթ մը, մարդկանց կեան­­­քը եւ անկրկնե­­­լի ան­­­ցեալ մըն ալ զէն­­­քե­­­­­­­րու դի­­­րախ դար­­­ձած են։ Վէ­­­պի գլխա­­­ւոր հե­­­րոս Սլե­­­լիա ման­­­կութեան տա­­­րինե­­­րուն ետին թո­­­ղած քա­­­ղաքին կը վե­­­րադառ­­­նայ գոր­­­ծա­­­­­­­տէրի մը կեր­­­պա­­­­­­­րով։ Պա­­­տերազ­­­մի սար­­­սա­­­­­­­փը իր ման­­­կութիւնն ալ խլած է։ Այդ դա­­­ժան փոր­­­ձէն ետք մայ­­­րա­­­­­­­նալը, ծննդա­­­բերե­­­լը պար­­­տութիւն ըլ­­­լա­­­­­­­լով կ՚ըն­­­կա­­­­­­­լէ։ Ան այ­­­լեւս իր աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քին սի­­­րահար գոր­­­ծա­­­­­­­տէր մըն է։ Անոր կեան­­­քին մէջ տղա­­­մար­­­դիկ եղած են թէեւ, բայց միշտ փշա­­­թելե­­­րով սահ­­­մա­­­­­­­նուած։

Չա­­­փազան­­­ցած չենք ըլ­­­լար, եթէ այս գիր­­­քը բնու­­­թագրենք մե­­­նակեաց կա­­­նանց մարմնա­­­ւորու­­­մը ըլ­­­լա­­­­­­­լով։ Ի վեր­­­ջոյ գոր­­­ծի սի­­­րահար կա­­­նանց կեան­­­քի նպա­­­տակը շա­­­հիլ, ալ աւե­­­լի մեծ շա­­­հիլ է։

Սլե­­­լիա Թո­­­րինո­­­յի մէջ տե­­­ղաւո­­­րուած է հիւ­­­րա­­­­­­­նոց մը, ուր կը հան­­­դի­­­­­­­պի մա­­­հափոր­­­ձի դի­­­մած Ռո­­­զեթ­­­թա­­­­­­­յի հետ, որ կող­­­քի սե­­­նեակի բնա­­­կիչն է։

Պար­­­տիմ նշել որ Փա­­­ւէսա­­­յի վէ­­­պի կա­­­ռու­­­ցո­­­­­­­ւած­­­քին մէջ կեր­­­պարներ խիստ մա­­­կերե­­­սային են։ Դժո­­­ւար է անոնք երե­­­ւակա­­­յու­­­թեան մէջ պատ­­­կե­­­­­­­րել։ Թէեւ չէի ակնկա­­­լած Մաք­­­սիմ Կոր­­­քիի նման կեր­­­պա­­­­­­­րակեր­­­տում մը, բայց այս մա­­­կերե­­­սային կեր­­­պարներն ալ բա­­­ւական շին­­­ծու թո­­­ւեցան։ Նոյ­­­նիսկ դժո­­­ւար է այդ կեր­­­պարնե­­­րուն այս պա­­­տու­­­մի մէջ յայտնու­­­թիւնը ըն­­­կա­­­­­­­լել։ Երկխօ­­­սու­­­թիւննե­­­րը խո­­­րաթա­­­փանց չեն։ Կը սպա­­­սէի, որ կի­­­ներու խօ­­­սակ­­­ցութեան մէջ զգամ նաեւ զգա­­­ցական խո­­­րու­­­թիւն մը։

Ապա կը սթա­­­փիմ խոր­­­հե­­­­­­­լով թէ ար­­­դեօք այս մէ­­­կը Սլե­­­լիայի եւ անոր նման կա­­­նանց կեան­­­քի հան­­­դէպ ան­­­փութու­­­թիւնը նկա­­­րագ­­­րե­­­­­­­լու մի­­­ջոցը կրնայ հա­­­մարո­­­ւիլ։

Բազ­­­մութիւննե­­­րու մէջ մե­­­նակեաց ապ­­­րող կի­­­ներուն կեան­­­քին հա­­­զիւ հիւ­­­րի մը նման մաս­­­նակցող մար­­­դիկ որ­­­քա՞ն խոր ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թեան կրնան ար­­­ժա­­­­­­­նանալ որ։

Վէ­­­պի էջե­­­րը թղթա­­­տելով մենք կը ճամ­­­բորդենք նաեւ Իտա­­­լիոյ պա­­­տերազ­­­մով տան­­­ջո­­­­­­­ւած մայ­­­թե­­­­­­­րուն վրայ, ապա­­­գայի հան­­­դէպ յոյ­­­սե­­­­­­­րը կորսնցու­­­ցած մարդկանց մի­­­ջեւ։ Շրջա­­­պատո­­­ւած ենք ու­­­րա­­­­­­­խու­­­թիւննե­­­րու, հա­­­ւատ­­­քի եւ յոյ­­­սի վե­­­րաբե­­­րեալ բո­­­լոր նշոյլնե­­­րը փլա­­­տակ­­­նե­­­­­­­րուն տակ թո­­­ղած մար­­­միննե­­­րով։ Պա­­­տերազ­­­մի չափ ցուրտ ու լուռ։

Սա­­­կայն վէ­­­պի մէջ այս բո­­­լորը գե­­­րազան­­­ցո­­­­­­­ղը նոյն ինքն Սե­­­զար Փա­­­ւէսէի առանձնու­­­թիւնն է։ Ան այս առանձնու­­­թիւնը, բազ­­­մութիւննե­­­րու մէջ մե­­­նակու­­­թեան զգա­­­ցու­­­մը ըն­­­թերցո­­­ղին կը փո­­­խան­­­ցէ իգա­­­կան սե­­­ռը նկա­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նալով։

Ան նաեւ այս վէ­­­պի տո­­­ղերուն մէջ կը պար­­­զէ իր մա­­­հուան եղա­­­նակը։ Օրի­­­նակ կը բե­­­րէ Ռո­­­զեթ­­­թան, որ անձնաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան երկրորդ փոր­­­ձին յա­­­ջողած է եւ վերջ տո­­­ւած իր տան­­­ջանքնե­­­րով լե­­­ցուն կեան­­­քին։ «Ես ալ այսպէս պի­­­տի մեռ­­­նիմ» կ՚ըսէ հե­­­ղինա­­­կը եւ կը կա­­­տարէ նաեւ այդ խոս­­­տումը «Մե­­­նակեաց Կի­­­ները» իրա­­­կանու­­­թեան մէջ Փա­­­ւէսէին իր դէմ­­­քին բռնած հա­­­յելի մըն է։

Ան չէ հա­­­մար­­­ձա­­­­­­­կած ինքզինք պատ­­­մե­­­­­­­լու, քա­­­ջու­­­թիւնը չէ ու­­­նե­­­­­­­ցած իր հետ առե­­­րեսո­­­ւելու եւ սե­­­փական աղա­­­ղակը դրած է մե­­­նակեաց կա­­­նանց շրթներուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ