Հայ անուանի բանագէտ, բանահաւաք, ժողովրդագէտ Վերժինէ Սվազլեանի 90-ամեայ յոբելեանը նշուեցաւ Մարտի 1-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի մէջ, ուր ան կ՚աշխատի 1961 թուականէն։ Այդ առթիւ Մարի Յովհաննիսեանը զրուցած է մեծանուն գիտնականի հետ Պոլսոյ ամենավառ յուշերու մասին։
ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Մ.Յ.- Տիկին Վերժինէ, երբ կ՚ըսեն Պոլիս, առաջինը ի՞նչն է ձեր մտքին եկողը։
Վ.Ս.- Կ. Պոլիսը մեր արեւմտահայ մշակոյթի օրրանը եղած է։ Տուած է այնպիսի մտաւորականներ, որոնք մեզ համար դասական դարձած են։ Մենք շատ բան ունինք սովորելու այդ փաղանգէն։
Ես երբեւէ Կ. Պոլիս չէի եղած, սակայն 1996 թ. մեր ինստիտուտը հրաւէր ստացաւ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի 535-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովին մասնակցելու։ Իսթանպուլի օդանավակայանը մեզ դիմաւորեց այդ գիտաժողովի գլխաւոր կազմակերպիչ, պատրիարքարանի կրօնական ժողովի ատենապետ Գերաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանը, ցաւօք, այժմ՝ երջանկայիշատակ։ Գիտաժողովի եռօրեայ նիստերը կայացան պատրիարքարանի դահլիճը։ Զեկուցմանս թեման էր՝ «Վարդավառի հեթանոսական ակունքները արեւմտահայոց բանահիւսութեան մէջ»։ Ունկնդիրները շատ էին տպաւորուած իմ արեւմտահայերէն ելոյթով եւ Վարդավառի տօնակատարութեան թուրքալեզու մէջբերուած խաղիկներով։ Այնպէս որ, հոգեւոր կապն ստեղծուեցաւ պոլսեցի մեր հայրենակիցներու հետ։ Վերջն անոնք մօտեցան, շրջապատեցին ինձ եւ սկսեցին հարցեր տալ՝ շեշտելով, որ իմ խօսքը հոգեհարազատ էր իրենց։ Ի դէպ, անոնք նոյնպէս ինձ հարազատ էին, քանի որ մայրս պոլսեցի էր, իսկ հայրս՝ կեսարացի։
Եռօրեայ գիտաժողովէն ետք Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանը մեզ առաջնորդեց՝ ներկայացնելով տեղի հայկական խնամուած եկեղեցիները, դպրոցներն ու գերեզմանատուները։ Շոգենաւով շրջագայեցինք Վոսփորի նեղուցի երկայնքով, տեսանք իրարայաջորդ ճարտարապետներ Պալեան ամիրաներու կառուցած շքեղ պալատները, այցելեցինք Իշխանաց կղզիներ։ Ապա Սրբազանը մեզ ուղեկցեց «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատուն, որտեղ մեզ կը սպասէր յայտնի խմբագիր Հրանդ Տինքը։ Ան մեծ սիրով ընդունեց գիտաժողովի հայաստանցի մասնակիցներս՝ ներկայացնելով «Ակօս»ի աշխատանքները, մանաւանդ որ, յետայսու «Ակօս»ը պէտք է լոյս տեսնէր նաեւ հայերէն։ Անոր ջերմ խօսքերէն կը զգացուէր, որ շատ հայրենասէր ու հայասէր մտաւորական էր։ Հրանդ Տինքը մեծութիւն էր, որ իր ներկայութեամբ կը զարդարէր պոլսահայ համայնքը։ Ան կը կարողանար պահել հաւասարակշռութիւնը այդ ոչ դիւրին իրականութեան մէջ։
Կ. Պոլսոյ մեր այցը տեւեց մէկ շաբաթ. արդէն պէտք է վերադառնայինք Հայաստան։ Հրաժեշտի պահուն Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանը յայտնեց, որ Հայոց Պատրիարքարանը որոշած է մօտակայ օրերուն Պոլիս հասնող եւ Կիլիկիա ուղեւորուող ամերիկահայ հայրենակիցներու խմբի մէջ ինձ եւս ներգրաւել։
Ան ըսաւ. – Սա պատրիարքարանի՝ տիկին Վերժինէ Սվազլեանի վաստակի գնահատականն է վերջերս հրատարակուած անոր «Մուսա Լեռ» եւ «Կիլիկիա. Արեւմտահայոց բանաւոր աւանդոյթը» ստուարածաւալ աշխատութիւններու համար։ Պատրիարքարանի մէջ մենք ունինք ձեր գիրքերը։ Դուք գրած էք այդ մասին. արդեո՞ք, տեսած էք այդ վայրերը։
Ես պատասխանեցի. – Ո՛չ, բայց մշտապէս Կիլիկիան իմ երազանքն է եղած։
Մինչեւ Կիլիկիա ուղեւորուիլը, Սրբազանը ինձ տեղաւորեց Գնալը կղզի՝ հայկական եկեղեցւոյ մօտ գտնուող տիկին Տիգրանուհի Ալթուն-Մօրի ամառանոցը։ Այնպէս որ, ես հնարաւորութիւն ունէի եկեղեցի յաճախողներու հետ զրուցել եւ անոնց հաղորդած ժողովրդական նիւթերը գրի առնելու։
Եւ ահա եկաւ իմ երազանքի իրականացման պահը՝ ուղեւորութիւն դէպի Կիլիկիա։ Ողջ ճանապարհին կ՚անցնէինք այն բնակավայրերով՝ Ատափազարէն, Նիկոմեդիայէն, Պարտիզակէն, որոնք կը յիշեցնէին իմ բանասացներու ծննդավայրերը, որոնք այժմ ամայացած էին։ Երբ մօտեցանք երբեմնի Այաշ անապատին, Մեսրոպ Սրբազանը մեքենայի մէջ յոտնկայս, իր առինքնող ձայնով սկսեց տխուր երգել «Տէր Ողորմեա»ն եւ աղօթք բարձրացնել առ Աստուած՝ ի յիշատակ մեր նահատակ մտաւորականներու։ Պահը յուզիչ էր եւ տպաւորիչ։ Ան արտակարգ անձնաւորութիւն էր՝ օժտուած եւ՚ ձայնային, եւ՚ իմացական հարստութեամբ։ Հեռուէն տեսանք Կիլիկեան վերջին՝ Լեւոն VI թագաւորի բերդը։ Եղանք շատ վայրեր։ Տպաւորիչ էր այցելութիւնը Կոռիկոսի բերդ։ Նաւավարը նաւը թիավարելով մեզ հասցուց ծովի խորքին կառուցուած Ծովային Կոռիկոսի բերդը։ Սրբազան Մութաֆեանը այստեղ եւս շարականով օրհնեց՝ դիմելով առ Աստուած։ Իսկ բերդի կամարակապ ճակատին դեռ կարելի էր ընթերցել Հեթում արքայի արձանագրութիւնը։ Սրբազանը մի քար վերցուց տարածքէն, որպէսզի վերանորոգման ժամանակ տեղադրուի Մուսա Լերան Վագըֆգիւղի հայկական եկեղեցւոյ հիմքին։ Հայոց պատրիարքարանի եւ շատ հայերու նուիրաբերած նիւթական միջոցներով մէկ տարի անց շքեղօրէն վերանորոգուեցաւ Վագըֆգիւղի հայկական եկեղեցին…