Հրանդ Տինքի խմբագրապետութեան շրջանէն այս կողմ շարունակուող արդար պահանջ մըն է փոքրամասնութիւններու պատկանող թերթերու պետական Մամուլի ծանուցումի խորհուրդէն պետական ծանուցումներու եւ գովազդներու համար բաժին ստանալը։
Երկար տարիներ յամառ անտեսումէ ետք պետական այս հաստատութիւնը վերջապէս լսեց սոյն պահանջը եւ փոխանակ ծանուցում եւ գովազդ տալու, նախընտրեց որոշ ամբողջական գումար մը յատկացնել հայոց «Մարմարա», «Ժամանակ», «Ակօս» եւ «Փարոս», յունարէն «Ափոյեւմաթինի» եւ «Իխօ», իսկ հրէից «Շալոմ» թերթերուն։
Նախապէս տարեկան հերթականութեամբ փոխանցուող այդ գումարը զանց առնուած էր 2022 եւ 2023 թուականներուն։
Խորհուրդի վերջին ժողովի ընթացքին որոշում կայացուեցաւ 2024 տարեթիւի համար 300 հազար ԹԼ տրամադրել սոյն պարբերականներուն։
Խորհուրդը այս որոշումի համար չափանիշ կը համարէ Լոզանի Դաշնագրի մէջ նշուած փոքրամասնութիւններու Պոլսոյ մէջ հրատարակած թերթերը։
Նշենք որ պատմական սխալ ընկալում մըն է երկրի փոքրամասնութիւնները միայն հայ, յոյն եւ հրեայ ըլլալով սահմանելը, քանի որ Լոզանի Դաշնագրի մէջ ազգային շեշտադրութիւն մը չէ նշուած։ Այնտեղ շեշտադրումը կը կայանայ «ոչ մահմետական» եզրի շուրջ։ Այդ ընկալումով ասորիներու «Սապրօ» թերթը եւս մաս պէտք է կազմէ փոքրամասնութիւններու մամուլին, բայց անհասկնալի կերպով այս վերջինը զանց կ՚առնուի պաշտօնական գետնի վրայ։
Գալով տրամադրուած գումարին, ի դէմ ահռելի սղաճի ան նոյնը կը մնայ 2021 թուին տրամադրուած գումարին հետ։