Արաս հրատարակչատունը արդարացնելով հետզհետէ ակադեմիայի մը վերածուելու տեսլականը, կը ծաւալէ իր գործունէութեան դաշտը։ Այսպէս հրատարակչատան երդիքին տակ անցեալին ականատես եղած էինք զանազան դասընթացքներու կիրառման։
Ծաւալումը իր հետ կը ներկայացնէ նոր պահանջներ եւ լուծումներ։ Այսպէս հրատարակչատան կազմին մէջ նախ գոյացաւ «Եսայեան» սրահ մը եւ աւելի ուշ ալ «Եսայեան Միութիւն» անուանումով նոր կազմակերպութիւն մը։ Թէ՛ հրատարակչատունը եւ թէ միութիւնը կը գործեն «Խտիւեալ Փալաս» շէնքի տարբեր յարկերուն վրայ։
Միութիւնը նախորդ շաբաթ օր հիւրընկալեց Թուրքիոյ յեղափոխական եւ համայնավար շրջանակներու համար շատ ծանօթ անուն մը՝ Մասիս Քիւրքչիւկիլը։
Այդ օր Քիւրքչիւկիլ անդրադարձաւ Միսաք Մանուշեանի եւ անոր զինընկերներու ֆաշիզմի դէմ մղած պայքարին։ Ան նիւթ առաւ ժամանակահատուածը, Մանուշեանի եւ ընկերներու դիմադրութիւնը կապակցելով Իսփանիոյ քաղաքացիական պատերազմին։
Այդ պատերազմին եւս կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր «Համաշխարհային Ջոկատ»ի կամաւոր մարտիկները։
Իսկ Մանուշեան ինք անձամբ ցեղասպանութենէ մազապուրծ փրկուած մարդ գիտէր թէ ինչ կը նշանակէ ֆաշիզմի դէմ ազատութեան տենջով պայքարիլ։
Ատենախօսը մանաւանդ ընդգծեց պանթէոնականացման գործընթացի ներառած առանձնայատկութիւնները։ «Մանուշեան պանթէոնականացող առաջին ոչ ֆրանսացի անհատն է։ Առաջին գաղթականը, առաջին համայնավարը»։
Նշենք որ այս ելոյթին նախորդող շաբաթ օրուան Քայուշ Չալըքման Կավրիլոֆ եւ Նորա Թաթարեան բանախօսած էին Զապէլ Եսայեանի մասին։