Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 1 Մարտին աշխատանքային այցելութեամբ կու գայ Անթալիա, մասնակցելու Անթալիոյ Դիւանագիտական Ֆորումին։ Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցեց Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Արարատ Միրզոյեանի աշխատակազմին մաս կը կազմէ նաեւ Թուրքիա- Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի հայկական կողմի բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեան։