ԱՆՆԱ ՍԱՐՈՅԵԱՆ
18-րդ դարի վերջերէն Թիֆլիսը կը դառնայ հայոց մտաւոր, մշակութային կեանքի կեդրոնը։ Այստեղ կը գործէր Անդրկովկասի թերեւս լաւագոյն հայկական կրթական հաստատութիւնը՝ Ներսիսեան Դպրոցը։
Թէ՚ հայրենի Ալեքսանդրապոլիսէն, թէ՚ Էջմիածնէն Իսահակեանին յայտնի էր Թիֆլիսի անունը ու համբաւը, եւ բնականաբար պատանի բանաստեղծը հնարաւոր առիթը կը սպասէր, որ որոշ ժամանակով երթայ Թիֆլիս, անձամբ տեսնէ եւ շփուի հայ յայտնի հեղինակներու հետ եւ փորձէ տպագրութեան ներկայացնել իր ստեղծագործութիւնները։
Թիֆլիսը անոր հոգիին առաջին հերթին կ՚առնչուէր հայ գրական կեանքի եւ մանաւանդ Յովհաննէս Թումանեանի անուան հետ։ Թումանեանի առաջին իսկ գրքոյկէն Իսահակեանը զգացած էր զարմանալի հոգեհարազատ մի հեղինակի, որ կու գար ժողովուրդի ծոցէն, անոր կեանքի բնական մէկ մասն էր, որու տաղանդը պարփակած էր թէ հայ միջնադարի հանճարներու իմաստութիւնը, թէ հայ գեղջուկի կենսափիլիսոփայութիւնը։ Եւ ան կը ձգտէր օր առաջ հանդիպիլ երիտասարդ, բայց արդէն անուն ունեցող հեղինակին։ Եւ վերջապէս Իսահակեանը փոքրիկ յանձնարարական ունէր կապուած անոր հետ. ահա ինչ կը գրէ ան այդ առթիւ Թումանեանի մասին իր յուշերուն։ «Գէորգեան ճեմարանի աշակերտ եղած ժամանակ 1892 թիւին, մի բարեկամ ուղարկած էր ինձ Յովհաննէս Թումանեանի բանաստեղծութիւններու առաջին հատորէն մի քանի օրինակ, որ վաճառէի ընկերներուս մէջ»։ Յուշագրութեան մէջ նշուած չէ այդ բարեկամի անունը, մինչդեռ խօսքը Իսահակեանի քեռորդի Արսէն Ղլտճեանի մասին է , որ եղած է Թումանեանի պատանեկութեան մտերիմ ընկերը, անոր ստեղծած գրական «Հնգեակի» անդամը, իսկ հետագային անուանի հայագէտ, կղերական գործիչ, արքեպիսկոպոս Էջմիածնի Մայր Աթոռի։ Ա.ՂլտՃեանը Արգինայէն 1890թ. Հոկտեմբերի 1-ին Թումանեանին գրած նամակին մէջ կը յայտնէ, որ բանասէր Կարապետ Կոստանեանի (Ւսահակեանի Սանդուխտ մօրաքրոջ որդի) տիկնոջ Տիրուհիի միջոցով կը կարենայ Աւետիք Ւսահակեանին ուղարկել չորս օրինակ իր առաջին հատորէն, Էջմիածնի ճեմարան իւրացնելու նպատակով։ Թումանեանի նոյն ընտանեկան արխիւին կը պահուի նաեւ 1892թ. Մարտին Արսէն Ղլտճեանի գրած նամակը էջմիածին, Իսահակեանին. «Թումանեանը կ՚ուղարկէ քեզ իր «Բանաստեղծութիւններ» երկրորդ հատորի բաժանորդաթերթը, բաժանորդներ կը գտնես, այս հատորը թէ՛ բովանդակութեան որակի եւ թէ՚ քանակի կողմէ կրկնակի արժէք ունի առաջին հատորի վերաբերմամբ, հարկաւոր է անոր օգնել, ան միւս շատ բանաստեղծներէն չէ, ան բոլորովին այլ ոգով եւ նոր, ինքնուրոյն ուղղութեամբ կը գրէ, խօսքս պոեմաներու մասին է։ Նեղութիւնը յանձն առ եւ կատարէ, այդ ես կը խնդրեմ քեզանէ... »։(Աւ. Իսահակեան, գիտական կենսագրութիւն, Երեւան 2000թ.,էջ 134)
Իսահակեանը բնականաբար այս խնդրին կը մօտենայ ամենայն լրջութեամբ։
Գալով Թիֆլիս, Ւսահակեանը հէնց առաջին օրերուն կ՚այցելէ Թումանեանին. «Ներկայացայ անոր։ Ան պաշտօն ունէր Կովկասի Հայոց հրատարակչական ընկերութեան մէջ. ինչ էր պաշտօնի անունը չեմ յիշեր, սակայն միշտ ընկերութեան գրասենեակին էր։ Ան քաղցրութեամբ ընդունեց ինձ, հարցուց, թէ ինչ տպաւորութիւն թողած է գիրքը աշակերտներուն վրայ։ Մեր ուսուցիչ — բանաստեղծ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի համեմատութեամբ առաջին գիրքը մենք գտած էինք թոյլ, բայց զգացած էինք անոր տաղանդի շունչը։ — Մենք շատ սիրեցինք ձեր պոեզիայի ժողովրդային տարերքը.— պատասխանեցի ես եւ արտասանեցի, իբրեւ ապացոյց, որ կը սիրենք մի երկու ոտանաւոր այդ ոճով գրածներէն։ Թումանեանը ուրախ ժպտաց եւ իսկոյն նուիրեց ինձ բանաստեղծութիւններու երկրորդ հատորը, որ նոր էր լոյս տեսած։ Առաջին հանդիպումով շատ հաճելի տպաւորութիւն ստացայ Թումանեանէն։ Վարմունքը պարզ էր եւ ընկերական։ Անոր դէմքը ողողուած էր, կարծես, մի ներքին լոյսով։ Փարթամ մազերով, աչքերը խոր ու խոհուն։ ժպիտը միշտ ներկայ իր դէմքի վրայ։ Հազիւ քսան եւ չորս տարեկան էր, ուրախ, զուարթ, երիտասարդ»։
Յաջորդ այցելութեանս արտասանեցի անգիր ըրած մի քանի ոտանաւոր նոր հատորէն։
_Վա՚հ,- բացականչեց ան,- ի՜նչ լաւ յիշողութիւն ունիք։ Ես իմ գրածներէն ոչ մի տուն չեմ յիշեր։
Այսպէս կը ծանօթանան հայ բանաստեղծութեան երկու նուիրեալները, որոնց մասին տարիներ անց Վալերի Բրիւսովը կ՚ըսէր, որ ողջ հայ ժամանակի պոեզիան պիտի զարգանայ այն ուղիով, որ հարթած էին Յովհաննիսեանը, Թումանեանը եւ Ւսահակեանը։
Բայց 1892 թուի աշնանը անոնք դեռ շատ երիտասարդ էին եւ միամիտ իրենց կոչումին։
«Հետագայ հանդիպումներուն սիրտ ըրի, յայտնեցի թէ ես ալ ոտանաւոր կը գրեմ։ — Զգում էի,—ըսաւ ան,—խնդրեմ, մէկ բերէք տեսնեմ։ Ոտանաւորներէս ընտրեցի մի տասը — տասնհինգ հատ եւ յանձնեցի անոր։ Օրեր անցան, կը սպասէի, որ կարծիք յայտնէր անոնց մասին, բայց ան կը լռէր. մտածեցի, որ չէ հաւանած եւ երբեք ալ չհետաքրքրուեցի» (Աւ. Իսահակեան «Երկեր»,Երեւան 1987, էջ 737)
1895 թուի ձմեռնամուտին Օհաննէսը երեւեց Ալեքսանդրապոլիս։ Իջած էր հիւրանոց. ես տեղափոխեցի մեր տուն։ Ինչ-որ միսիայով կը շրջէր ան։ Հայ կեանքը ալեկոծուած էր արեւմտահայերու ջարդերու սարսափելի լուրերով եւ ջարդերուն ականատես, փախած հայ գաղթականներու սրտակեղեք պատմութիւններով։ Անշուշտ, Օհաննէսի այդ ուղեւորութիւնը կապուած պիտի ըլլար այդ դրութեան վերաբերեալ գործերու հետ։ Այդ օրերէն կը մնայ ինձ մօտ մի թանկագին յիշատակ, մի թղթի կտոր՝ Օհաննէսի ձեռագիրը՝ «Երկու սեւ ամպ» բանաստեղծութիւնը, որ նոր գրած էր։
1901 թուին Թումանեանը եւ Իսահակեանը միասին կ՚այցելեն Անի։ Անին կ՚այցելեն Հոռոմոսի նշանաւոր վանքը, Աշոտ Ողորմած թագաւորի դամբարանը։ Այդ ժամանակ, որ Թումանեանը կը մտածէր մի տրամայ գրել Անիի կեանքէն. Նիւթը «Յովհաննէս-Սմբատ Բագրատունի թանձրամիտ ու թանձրամարմին» թագաւորն էր, որ իմաստունի համբաւ ունէր։
Անիէն մեկնելուն Թումանեանը վերջին անգամ մը կը նայի Անիին եւ կ՚ըսէ.
-Ինչքան մարդ անբան–անասուն պիտի ըլլայ, որ ձեռք բարձրացնէ այս հրաշալիքներու վրայ։ Մի՞թէ այս գեղեցկութիւնը պիտի մեռնի առանց հետք թողնելու հայկական եւ ուրիշ ժողովուրդներու արուեստի վրայ։
1906 թուին Իսահակեանը կ՚այցելէ Դսեղ՝ Թումանեանի մօտ իբրեւ հիւր։ Միասին կ՚այցելեն Թումանեանի հօր շիրիմը, Սուրբ Գրիգորի հոյակապ վանքը, կը շրջին Լոռուայ գիւղերով։
1908 թ. Դեկտեմբեր ամսին, ցարական ժանտարմները Իսահակեանին եւ Թումանեանին կը ձերբակալեն Թիֆլիսի Մետեխի բանտին ՝ զանազան հակապետական մեղադրանքներով։ Բանտին կը լրանայ Թումանեանի 40-ամեակը։ Այդ առիթով ան գրեց «Վայրէջք» գեղեցիկ բանաստեղծութիւնը։
1911 թուականին հետապնդումներէն խուսափելու համար Իսահակեանը կը հեռանայ արտասահման։ Սա կ՚ըլլայ անոր վերջին տեսակցութիւնը։
Տասնվեց տարի անց, երբ Իսահակեանը կը վերադառնայ հայրենիք, ավա՜ղ, այլեւս չկար Թումանեանը։
Թումանեան ընտանիքի հետ բարեկամութիւնը շարունակուեց Երեւանի մէջ։ Ամենայն Հայոց բանաստեղծի երկրորդ դուստր Նուարդ Թումանեանը իր «Յուշեր եւ զրոյցներ» գիրքին մէջ Վարպետի հետ իր հանդիպումներու մասին գրելուն կը ներկայացնէր Իսահակեանի մեծութիւնը, կը պատմէր անոր կեանքէն ինչ-ինչ դրուագներ՝ առանց միտումնաւոր գունազարդման եւ առանց որեւէ չափազանցութեան։
Թէ՚ Նուարդը, թէ՚ Իսահակեանը կեանքէն հեռացան նոյն տարին, երկուքն ալ աշնան. 64-ամեայ Նուարդը իր մահկանացուն կնքեց 1957թ. Սեպտեմբերի 28-ին։ Թումանեանի թոռնուհին՝ Իրմա Սաֆրազբեկեանը կը վկայէ. «Վերջին անգամ Իսահակեանը թանգարանին եղաւ Նուարդի թաղմանը՝ 1957թ. Սեպտեմբերի 30-ին։ Ան հազիւ բարձրացաւ աստիճաններով եւ տխուր ըսաւ, որ թերեւս եկած է վերջին անգամ։ Այն ժամանակ 82 տարեկան էր։ Ի՞նչ իմանայինք, որ մի քանի օրէն՝ հոկտեմբերի 17-ին, ան ալ չի լինելու»։
1957թ. Ապրիլի 7-ին եւ 26-ին Նուարդը կը կատարէ իր վերջին գրառումը, երբ այցելած էր Վարպետին։ Բժիշկ Մնացականեանի երթալէն ետք Նուարդին դիմաւորած էր Պուտայի խօսքերով. «Լաւ է նստիլ, քան կանգնիլ, լաւ է պառկիլ, քան նստիլ, լաւ է քնել, քան պառկիլ, իսկ աւելի լաւը՝ յաւէտ քնել»։