ՆԱՐՕՏ ԵԱՆԸՔՕՂԼՈՒ ՔԸՅՄԱԶ
«Լինել թէ չլինել, այս է խադիրը» այս անմոռանալի եւ հանրածանօթ տողերը կը պատկանին Անգլիացի մեծ գրագէտ Շեքսպիրի «Համլէթ» թատերախաղին։ Համալսարանի Անգլերէն լեզու եւ գրականութիւն ճիւղէն շրջանաւարտ ըլլալուս պատճառաւ ունիմ յատուկ սէր մը Շեքսպիրին եւ իր գործերուն հանդէպ, բայց այս գրութիւնը գրի առնելուս պատճառը այս սէրը չէ այլ սէրս է մայրենի լեզուիս՝ հայերէնին հանդէպ։
«Յանկարծ» թատերախումբը ինացա՞ծ էք։ Արժէքաւոր եւ տաղանդաւոր Պոլսահայ երիտասարդներէ կազմուած խումբ մըն է որ կարեւորութիւն կու տայ հայ գրականութեան գործերը բեմ փոխանցելու։ Վերջերս կը բեմադրեն Ուիլիըմ Սարոյեանի «Եիւրեղիմ Տաղլարտատըր» թատերախաղը։ Այս խումբը մայրենի լեզուի օրուայ առթիւ տեսաերիզ մը հրատարակեց որ զանազան մարդիկ տարբեր ոճերով արտասաներ են՝ «Լինել թէ չլինել, այս է խնդիրը» նախադասութիւնը։ Շատ հաւնեցայ, շատ տպաւորուեցայ եւ նաեւ շատ ալ տխրեցայ։ Տխրեցայ որովհետեւ մենք իսկապէս ալ պէտք ունինք մեր մայրենիին արժէքը հասկցնելու մեր ժողովուրդին եւ պայքարելու որպէսզի չկորսուի։ Բայց իրականութեան մէջ պէտք չէ ունենանք այսպէս բանի մը համար պայքարելու կարիքը, որովհետեւ այս խնդիրը պայքարելիք խնդիր մը չէ, պէտք չէ ըլլայ։
Երբ մանուկ մը աշխարհ կու գայ որեւէ մէկը անոր կ՚ազդարարէ թէ մայրենի լեզուն շատ կարեւոր է, պէտք է անպայման խօսի եւ տէր դառնայ իր մայրենիին։ Մայրիկը որ լեզուով որ կը խօսի մանուկը այդ լեզուով լեզու կ՚ելլայ։ Բայց մեր մէջ այս պարագան ալ պատմութեան սեւ էջերուն շուքով քիչ մը տարբեր է։ Թրքերէն լեզուով մեծնող մանուկին ալ մայրենի լեզուն Հայերէն է եւ ան ալ դպրոցը կը սորվի իր մայրենին։ Դպրոցները այս տեսակէտէ շատ արժէքաւոր կը նկատեմ որովհետեւ մեր մշակոյթին, լեզուին գոյատեւման ամենամեծ պայքարը հայ վարժարաններու երդիքին տակ կը մղուի։ Շատ անգամներ մարդիկ չեն հաւնիր, կը քննադատեն բայց ըստ իս հայ վարժարաններն են ամենամեծ զինուորները։ Անոնք կը պահպանեն ոչ թէ երկրի մը սահմանը այլ ազգի մը սահմանը։ Անոնք քրտինք կը թափեն ոչ թէ հողամաս չկորսնցնելու այլ ինքնութիւն չկորսնցնելու համար։ Այսինքն անոնց համար «Լինել թէ չլինել» հարցումին պատասխանը լինել է որովհետեւ անձ մը կը գոյատեւէ իր պատմութիւնով, ընտանիքով, մշակոյթով եւ լեզուով, նոյնպէս ազգ մըն ալ դարեր շարունակ կը գոյատեւէ իր պատմութիւնով, մշակոյթով եւ լեզուով։ Եթէ լեզուն չըլլայ գոյատեւման պատմութիւնն ալ չգրուիր եւ ազգը կը կորսուի։
Մարդ արարածին եթէ հարցնենք «Լինել թէ չլինել» հարցումը բոլորը լինել կը պատասխանեն որովհետեւ մարդ արարածը գիտնալով իր մահացու ըլլալը, կը նախընտրէ անմահի նման իր կեանքը շարունակելու։ Լինել բային իմաստը ճիշդ ցոլացնելու համար պէտք է լինել մայրենիով, պէտք է լինել պատմութիւնով, պէտք է լինել մշակոյթով եւայլն։ Առանց ասոնց կեանքը չոր ու ցամաք կ՚ըլլայ։ Լեզուով, մշակոյթով, պատմութիւնով եւ արժէքներով գոյատեւելը իմաստալից է եւ նաեւ հարստութիւն։ Ասոնք եթէ չըլլան չոր ծառերու կը վերածուինք։ Ինչպէս բոլորին ծանօթ է UNESCO -ն արեւմտահայերէնը նշած է տարիներ յետոյ կորսուելիք լեզուներու ցանկին։ Երեւակայեցէք տարիներ յետոյ աշխարհի վրայ կամ բնաւ արեւմտահայերէնի տէր անձ պիտի չըլլայ կամ ալ դիւրաւ պիտի կարենանք համրել թէ աշխարհի վրայ քանի հոգի կրնայ արեւմտահայերէն խօսիլ։ Երեւակայելը դժուար է՞։ Երեւակայելը չէ որ դժուար է, դժուարը այս վիճակին հաւատալն եւ այս իրողութիւնը առանց խորհելու ընդունիլն է։ Մենք մեզմէ զատ մէկը չունինք այս լեզուն գոյատեւեցնելիք, մենք մեր վարժարաններէն զատ տեղ մը չունինք հայեցի դաստիարակութիւնը գոյատեւելիք։ Այդ պատճառաւ պէտք է ամուր բռնենք զայն եւ լինել անոր հետ։ Ինչպէս ըսած էր Մուշեղ Իշխան՝ «Հայ լեզուն տունն է Հայուն»։ Այս տողին հետեւանքով եթէ խօսինք մարդ առանց տունի շատ դժուար պայմաններու տակ կ՚ապրի եւ ատեն մը կու գայ որ ալ չկարենար ապրիլ։ Ուրեմն պէտք չէ լքել մեր տունը եւ պանդուխտ ըլլալ։ Ուշ չմնալով պէտք է միասնաբար շէնացնել այդ տունը եւ լինել միասնաբար այդ մեծ տան անդամները։