ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Ոեւէ կենդանի լեզուի դէմ պայքարը միանշանակ պայքար է նաեւ ուղղուած մշակոյթի։ Այլ խօսքով մարդկային արժանիքներու հանդէպ դիմադրութիւն մը, որ կը ծագի ատելութենէ եւ կը նպատակադրէ ոչնչացնել։ Իր այս բնոյթով ալ բարբարոսութեան ապացոյցներէն մէկն է այս կամ այն լեզուի գործածութեան արգիլումը։
ՈՒՆԵՍՔՕ ճիշդ ալ այս հաստատումը ընդգծելով է որ 21 Փետրուար թուականը ճշդած է իբրեւ «Մայրենի լեզուի համաշխարհային օր»։ Բացի այս հաստատումէն, միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ)-ի մշակութային բաժինը հրապարակեց նաեւ յարատեւութիւնը վտանգուած լեզուներու ցանկ մը։ Այդ ցանկի մէջ նշուած էին Թուրքիոյ մէջ խօսուած եւ կորստեան վտանգի ենթակայ լեզուները, որոնց շարքին է նաեւ արեւմտահայերէնը։
Թերեւս ալ այս հանգամանքի բերումով, 21 Փետրուար թուականը յատուկ ուշադրութեան կ'արժանանայ երկրի հայ համայնքի մօտ։ Արդարեւ այս տարի ալ մեր կրթական հաստատութիւններէ ներս մայրենիի օրը յիշատակուեցաւ զանազան միջոցառումներով։ Պարտինք նշելու թէ հայ իրողութեան մէջ համաշխարհային մայրենիի օրուայ հետ առնչուած մի այլ յատուկ օր է 19 Փետրուարը, որ ամենայն հայոց բանաստեղծ մեծն Թումանեանի ծննդեան օրէ բացի, Հայաստանի եւ հայաշխարհի մէջ ընդունուած է նաեւ «Գիրք նուիրելու օր»։
Գարակէօզեան վարժարանի ծնողաց միութիւնը 22 Փետրուարին այս զոյգ յիշատակումները նշեց բանախօսութիւնով մը։ Օրուայ ատենախօսն էր վարժարանի ծնողներէն Մահիր Էօզքան, որ աւելի քան հարիւր ունկնդիրներէ բաղկացող լսարանին պատմեց համշէնահայոց ծագումնաբանութեան, աշխարհագրութեան, բնակչութեան եւ լեզուական առանձնայատկութիւններու վերաբերող զանազան գիտելիքներ։ Լսարանի լարուած ուշադրութիւնը ապացոյցն էր փոխանցուած տեղեկութիւններու մասին սուր հետաքրքրութեան։ Արդարեւ շուրջ մէկ ժամ տեւող բանախօսութեան յաջորդեց նախ հարցում- պատասխանի ընթացք մը, որու աւարտին ունկնդիրներ «Արաս» հրատարակչատան տաղաւարէն գնեցին հեղինակի գիրքերը, օգտուելով նաեւ հեղինակի կողմէ մակագրելու առիթէն։
Նախորդող օր, 21 Փետրուարին Մարդու Իրաւունքներու միութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղի կազմակերպած միջոցառման մասնակցեցաւ Բագրատ Էսդուգեան։
Նոյն օր Կրթութեան արհմիութեան (էղիթիմ Սէն) Վանի մասնաճիւղի, նոյն քաղաքի փաստաբաններու կաճառի, Մարդու Իրաւունքներու Միութեան, լեզուի, մշակոյթի, գեղարուեստի հետազօտութիւններու միութեան համատեղ կազմակերպութեամբ կայացող միջոցառման մասնակցեցաւ թերթիս աշխատակից Զաքարիա Միլտանօղլու։ Ան իր ելոյթով անդրադարձաւ Վանի մէջ հայ մամուլի պատմութեան, որ ներկաներու համար նոր յայտնաբերում մը կը դառնար։ Այստեղ եւս կը տիրէր լարուած ուշադրութիւն, ատենախօսի ելոյթին հանդէպ, որ ալ աւելի կը ճոխանար ցուցադրուած տեսանիւթերով։
Յատկապէս ուշագրաւ էր Վանի եւ շրջակայքի մէջ հայատառ քրտերէնի գործածութեան եւ այդ եղանակով կատարուած հրատարակութիւններու մասին փոխանցուած տեղեկութիւնները։ Կարելի է ըսել թէ Միլտանօղլու քրտաբնակ քաղաքի տեղացի ժողովուրդին կը ներկայացնէր այնպիսի գիտելիքներ, որոնք էական նշանակութիւն ունենալով հանդերձ չէին արժանացած պատշաճ ծանօթութեան։
Նոյն օր Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի սաները իրենց վարժարանի երթիքին տակ հիւրընկալեցին ակադեմական Մեհմետ Ֆաթիհ Ուսլուն, որ ծանօթ է յատկապէս Զապել Եսայեանի գործերէն կատարած թարգմանութիւններով։ Ան հայերէն լեզուի կը տիրապետէ շնորհիւ Գերապայծառ Լեւոն Զէքիեանի Վենետիկեան դասընթացներուն հետեւելով։ Ուսլուի հայերէնի իմացութեան արգասիքը եղաւ Զապել Եսայեանի գրականութեան թրքերէնի թարգմանութիւնը։ Արդարեւ ատենախօսը Դպրեվանքի իր ելոյթով անդրադարձաւ անուանի գրողի Սկիւտար թաղի հետ առնչուած պատումներուն, յիշելով նաեւ անոր թաղի Սուրբ Խաչ նախակրթարանի աշակերտութեան մասին հակիրճ տեղեկութիւններ։
21 Փետրուար մայրենիի օրուայ առթիւ Եշիլգիւղի վարժարանէ ներս մեծարուեցաւ հայերէնի վաստակաւոր ուսուցչուհի Լեռնա Գարաքիւթիւք։ Գարաքիւթիւք նաեւ հեղինակն է մանկական եւ պատանեկան զանազան գիրքերու եւ բանաստեղծութեան հաւաքածոներու։ Քանի որ միջոցառումը ունէր մեծարանքի բնոյթ, աշակերտներ արտասանեցին բանաստեղծուհիի ոտանաւորներէն նմոյշներ եւ ներկայացուցին անոր գիրքերէն քաղուած պատմութիւններ։
Պաքըրգիւղի Տատեան եւ Գատըգիւղի Արամեան- Ունճեան վարժարանները եւս յիշատակեցին մայրենիի օրը, հայերէն լեզուի ուսուցիչներուն պատրաստած եւ աշակերտութեան կողմէ մատուցուած զանազան ծրագիրներով։