ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Եփրատ

Միսաք Մե­ծարեն­ցը չեմ, որ ամէն գի­շեր Բեն­կա գիւ­ղիս կա­մուրջը երբ փա­կէ իր փայ­տէ դու­ռը՝ ես գե­տի ձախ ափին, նստած դի­տեմ Եփ­րա­տը եւ ներշնչո­ւիմ։ Նի­քոլ Գա­լան­դա­րեանն չեմ, որ դեռ տասնմէկ տա­րեկան պա­տանի, քա­լեմ Եփ­րատն ի վեր ու անոր ձայ­նը պա­հեմ իմ մա­նուկ ական­ջիս մէջ որ­պէսզի զա­նոնք ապա­գային ման­կա­կան քնքոյշ եր­գե­րու վե­րածեմ։ Սիաման­թօն չեմ, որ Ներ­սի­սեան վար­ժա­րանիս պա­տու­հա­նէն ունկնդրեմ որո­տացող Եփ­րա­տը ու երա­զեմ, որ «Լու­սաթռիչ երի­վարս վրնջէ Եփ­րա­տին հետ սու­րա­լէն»։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, մի՚ ըսէք Եփ­րատ, հա­յուն սիր­տը կ՚արիւ­նի։ Այ­սօր, երբ խա­ժիտով կը «թու­նա­ւու­րո­ւի», կը ցամ­քի ահե­ղաձայն Եփ­րա­տը, - կամ՝ «գետն մեծ Եփ­րատ», ինչպէս ըսէ Աս­տուածա­շունչ մա­տեանը -, փա­փաքե­ցայ լսել, թէ «Եդէ­մաբուխ» այս գե­տը ո՞ր հե­ղինակ­նե­րուն միտ­քը որո­գած է եւ իր ոլո­րապ­տոյտ ըն­թացքով ան գրա­կան ինչ ձայ­ներ ար­տադրած է։

Եփ­րա­տի ակունքնե­րը

Եփ­րատ գե­տը ու­նի եր­կու ակունք. արեւմտեանը, հայ­կա­կան հնա­գոյն սրբա­տեղին, որ սկիզբ կ՚առ­նէ Ծաղ­կա­ւէտ լեռ­նե­րու Ոս­կեանց գա­գաթէն, իսկ միւ­սը արե­ւելեանն է, Արա­ծանին, հայ ժո­ղովրդի բնօր­րա­նը, հա­յոց սրբա­զան պաշ­տա­մունքի գե­տը, նա­ւասար­դեան տօ­ներու հան­դի­սավայ­րը, Տրդատ Գ. թա­գաւո­րի մկրտու­թեան աւա­զանը, որ սկիզբ կ՚առ­նէ Ծաղ­կանց լեռ­նե­րու հիւ­սի­սէն։ Իսկ հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան մէջ Եփ­րա­տը սկիզբ առաւ Սուրբ Գիր­քի էջե­րուն մէջ, ուր այդ հսկայ հո­սան­քը կո­չուե­ցաւ «Գետն մեծ Եփ­րատ»։ Ապա կար­դա­ցինք, թէ երբ Եփ­րա­տը ցամ­քի, աշ­խարհը պի­տի կոր­ծա­նի, եւ թէ՝ սա տե­ղի պի­տի ու­նե­նար չորս հրեշ­տակնե­րու ար­ձա­կու­մով. «Լոյծ զչորս հրեշ­տակսն զկա­պեալս ի վե­րայ գե­տոյն մե­ծի Եփ­րա­տայ»։ Իսկ վե­ցերորդ հրեշ­տակ մը պի­տի թա­փէ իր սկա­ւառա­կը ու պի­տի ցա­մաքի գե­տը. «Վե­ցերորդ հրեշ­տակն եհեղ ի սկա­ւառա­կէ իւրմէ ի վե­րայ գե­տոյն մե­ծի Եփ­րա­տայ, եւ ցա­մաքե­ցան ջուրք նո­րա»։

Երէկ ան­ցայ Եփ­րա­տը

Հայ­կա­կան միջ­նա­դարեան գրա­կանու­թեան մէջ Եփ­րա­տի բա­ռը հա­զուա­դէպ է։ Թե­րեւս այն պատ­ճա­ռով, որ գե­տի ար­ձա­գանգնե­րը դեռ կը մնան ան­տիպ, կամ անոնք կը մնան գե­տի խո­րու­թիւննե­րու մէջ։ Ուստի, յօ­դուա­ծից անհրա­ժեշտ գան­ձեր գտնե­լու հա­մար շունչս բռնե­ցի, մտայ գե­տի ջու­րե­րը եւ յա­ջողե­ցայ անոր յա­տակէն գրա­կան երեք մար­գա­րիտ դուրս բե­րել։ Առա­ջինը քա­ռեակ մըն էր, Եփ­րա­տի եր­կու ափի եր­կու գիւ­ղի եր­կու սի­րահա­րի զրոյց՝ սի­րային խաղ մը, ուր աղ­ջի­կը կը զգայ, թէ տղան իրեն մոռ­ցած է, եւ սուտ է անոր խօս­քը, թէ ան­կա­րելի էր եղած Եփ­րա­տը անցնիլ, քա­նի որ աղ­ջի­կը դեռ օր մը առաջ ան­ցեր էր զայն։ «ՏՂԱՆ. — Եփ­րատ գետն՝ ի մեր մի­ջիս, / Ճար չու­նիմ՝ ի դէմ քեզ գա­լու։ ԱՂ­ՋԻ­ԿԸ. — Գնա՚, սու­տա­սաց ես դու, / Երբ այդ ինչ պատ­ճառ դնե­լու, / Երէկ եմ ան­ցեր զԵփ­րատ, / Խալ ի խօ­սու ի՞նչ գետ առ­նե­լու»։ Երկրոր­դը գտայ Վիեն­նա­յի Մխի­թարեան մա­տենա­դարա­նի հա­յերէն ձե­ռագիր­նե­րու ցու­ցա­կի մէջ։ Ինչ մեղք, այդ գողտրիկ տա­ղը դեռ կը մնայ ան­պիպ. «Տաղ ի վե­րայ Եփ­րատ գե­տոյ. / Ո՜վ դու, Եփ­րատ, սի­գախ­րոխտ գաս զա­ռիվայր դա­րիւ դա­րիւ»։ Իսկ եր­րորդը 1483 թո­ւակա­նին գրի առ­նո­ւած Աւե­տարա­նի մը յի­շատա­կարանն է, ուր Մար­գար գրի­չը կը նկա­րագ­րէ Եփ­րա­տը՝ դրախ­տի չոր­րորդ գե­տը. «Նա եւ չոր­րորդ գետն է ահեղ, / Եփ­րատ անուն եւ բազ­մա­բեղ, / Որ երե­ւի նո­րա այնտեղ, / Որ բղխես­ցէ աղ­բեր հա­մեղ. / Հըն­չեալ եր­թայ ձայ­նիւ ու­ժեղ / Ընդ խո­րաձորս դժո­ւար ու նեղ»։

Եփ­րա­տի պայ­քա­րը

Եփ­րատ գե­տը, որ քնա­րական ըլ­լա­լու հա­մար էր իջած Ծաղ­կա­ւէտ եւ Ծաղ­կանց գա­գաթ­նե­րէն, աւաղ, դար մը առաջ դար­ձաւ տար­տամ։ Վեր­ջին եր­կու հա­րիւր տա­րինե­րուն գե­տը հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան մէջ յի­շուե­ցաւ նախ մա­հուան, ապա՝ հայ­րե­նի կա­րօտի վիշ­տով։ Մեր գրա­կանու­թեան այդ վտա­կը, յար­գե­լի ըն­թերցող­ներ, առա­տահոս եղաւ։ Շատ են այն տա­րաբախտ գրիչ­նե­րը, որոնք թուղթի վրայ փո­խանակ սէր թա­փելու անէծք հո­սեցու­ցին։ Առա­ջինը Ատոմ Եար­ճա­նեանն էր, Եփ­րա­տի զա­ւակ, Ակն քա­ղաքի Ներ­սի­սեան վար­ժա­րանի աշա­կերտ։ Պա­տանին օր մը լսեց գոյժ եւ Ակ­նայ յի­շատա­կին գրեց՝ «Ափ մը մո­խիր՝ Հայ­րե­նի տու­նէ քեր­թո­ւածը. «Աւա՜ղ, ապա­րան­քի մը պէս մեծ էիր եւ շքեղ, / Ու ես եր­դիքնե­րուդ սպի­տակ կա­տարէն, / Աստղա­ծորան գի­շեր­նե­րու յոյ­սին հետ, / Վա­րէն, ահե­ղաւազ Եփ­րա­տին կ՛ունկնդրէի»։ Ապա տղան ար­տա­յայ­տեց հա­յոց դաշ­տե­րու պա­ղատան­քը. «Արա­րատեան աշ­խարհնե­րէն մինչ հո­վիտ­ներն Եփ­րա­տեան / Մեր ըն­դերքնե­րէն բարձրա­ցող պա­ղատանքն ու պար­սա­ւը ձե՚զ կ’ուղղենք»։ Իսկ օր մը բա­նաս­տեղծը եր­գեց աս­պե­տին եր­գը. «ԱՍ­ՊԵ­ՏԻՆ ԵՐ­ԳԸ ։ Ահա­ւասի՚կ Եփ­րա­տին ձայ­նը։ Ի՜նչ կ՚որո­տաս, ո՜վ Եփ­րատ… / Ես քե­զի հետ կ՚ու­զեմ սու­րալ, ալիք­նե՜րդ կո­տորէ՚… / Բայց ի՚նչ կ՚ըսեմ… կանգ մի՚ առ­ներ, լու­սաթռիչ երի­վա՚ր»։ Սիաման­թօն, հա­կառակ իր մա­հուան տե­սիլ­քին, իր նժոյ­գին յոր­դո­րեց. «Բայց ի՜նչ փոյթ մեզ, դուն վրնջէ՚ Եփ­րա­տին հետ սու­րա­լէն»։ Յով­հաննէս Թու­մա­նեանը նկա­րագ­րեց զար­հուրե­լի տե­սարան մը. Եփ­րա­տի ափին հա­յը կը մարտնչէր մո­լեգ­նօ­րէն. «ՎԵՐ­ՋԻՆ ՕՐԸ ։ Եփ­րա­տի ափին դէ­մու­դէմ եկած՝ / Զարկւում էին խիստ, զարկւում ու զար­կում / Ան­նա­հանջ ու քաջ խմբե­րը հա­յի…, / Առ հրա­ցանդ, դաշտն իջիր շու­տով, / Իջի՚ր Սրբա­զան ափը Եփ­րա­տի…, / Իջի՚ր Սրբա­զան ափը Եփ­րա­տի,– / Մեծ տա­ռապան­քի վեր­ջին օրն է սա...»։ Այդ օրե­րուն Ռա­փայէլ Պատ­կա­նեանը հարց տո­ւաւ. «Մեր գլու­խը լա­լու Եփ­րատ ուր պտռենք, / Հի­մի է՞լ լռենք»։ Ապա բազ­մա­թիւ հա­յեր եր­գե­ցին «Աք­սո­րի եր­գէ մը. «Կոյս աղ­ջիկներ իրա­րու ձեռք բռնե­ցին, / Իրենք զի­րենք Եփ­րատ գե­տը նե­տեցին»։ Ռու­բէն Սե­ւակի հայ­րե­նի մտա­պատ­կե­րի մէջ Եփ­րա­տին ու­ղե­կից եղան Արաքսն ու Վա­նը։ Բժիշ­կը 4 Մա­յիս 1909 թո­ւակա­նին Լո­զանի մէջ գրեց. «Ո՜վ իմ հայ­րե­նի՚քըս…։ Ու դո՚ւք, հե­ռաւո՜ր, / Եփ­րատ ու Արաքս ու Վա­նայ ծո­վակ, / Ո՞ւր են կա­րապ­նե՜րը սի­րախ­տա­ւոր / Որ իրենց երա՜զ թե­ւերով ճեր­մակ / Ճեղ­քէին կար­միր ձեր կո՜ւրծքն ախ­տա­ւոր»։ Իսկ մեր­ձա­ւոր պատ­մութեան մէջ Շա­ւարշ Մի­սաքեանն էր, որ բազ­մա­թիւ գո­վեստնե­րու շա­րան մը հիւ­սեց մեծ գե­տին. «Ո՚վ չէ տե­սեր Եփ­րա­տին կա­տաղու­թիւնը, բա՚ն չէ տե­սեր։ / Ջուրդ ինձ օգ­նա­կան, Եփ­րատ։ / Հո­գիս քեզ մա­տաղ, Եփ­րատ։ / Եփ­րատ, գետ ամե­հի եւ ապե­րասան / Եփ­րատ, հան­գոյց տիեզե­րական / Եփ­րատ, գետ ար­գա­սաբեր Հա­յաս­տան աշ­խարհի, այ­լեւս ամա­յի / Եփ­րատ։ Ար­քա­յազուն ան­ժա­ռանգ / Եփ­րատ, ան­գիր պատ­մութիւն»։

Տպա­գիր վտակ­ներ

Երբ հայ հե­ղինա­կին պէտք էր նոր գիր­քի անուն՝ «Եփ­րատ» բա­ռը դար­ձաւ մշտա­հոս աղ­բիւր։ Բազ­մա­թիւ բա­նաս­տեղծնե­րու, պատ­մա­բան­նե­րու, հայ­րե­նի յու­շա­մատեան գրի առ­նողնե­րու հա­մար ան եղաւ խո­րագի­րի ար­ժա­նի բա­ղադ­րի­չը։ Ձե­զի ներ­կա­յաց­նեմ եռեակ մը. «Եփ­րա­տին զո­հերը», Կ. Պո­լիս, 1908, «Եփ­րա­տեան Հա­յաս­տան կամ Քղի եւ շրջա­կայ գա­ւառ­ներ», Փա­րիզ, 1946, «Az Eufrátesz hídján ։ Եփ­րա­տի կամրջին», Պու­տա­բէշտ, 2011։ Պոլ­սոյ մէջ «Եփ­րատ» գոր­ծա­կալու­թեան տպած հնգեակը՝ «Կի­կօի տա­րեցոյ­ցը» 1912, «Պօ­ղոս փա­շա Նու­պար» ։ (Կեն­սագրա­կան նօ­թեր), 1913, «Նա­ւասարդ։ Գրա­կան եւ գե­ղարո­ւես­տա­կան տա­րեգիրք։ Ա», 1914, «Թա­փառա­կան հա­յը։ Ազ­գա­յին վէպ», 1914, «Գրպա­նի նո­րագոյն ատ­լաս։ Գու­նա­ւոր 24 քար­տէս, 9 վի­ճակագ­րա­կան եւ 3 զա­նազան դրօ­շակ­նե­րու պատ­կերնե­րով», 1914։ Իսկ եթէ դուք կը փա­փաքիք «Եփ­րատ» գոր­ծա­կալու­թեան հրա­տարա­կած բո­լոր գիր­քե­րուն ծա­նօթա­նալ, ձե­զի կը յանձնա­րարեմ ձեռք բե­րել եւ թեր­թել հե­տեւեալը. «Գրա­ցու­ցակ Եփ­րատ գոր­ծա­կալու­թեան», 1912։ Պոս­թո­նի մէջ Եփ­րատ գօ­լէճի սա­նուց միու­թեան հրա­տարա­կածը՝ «Յի­շատա­կարան Եփ­րատ գօ­լէճի ։ 1878-1915»։ Պոլ­սոյ մէջ Եփ­րատ հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան լոյս ըն­ծա­յածը՝ «Ծրա­գիր-կա­նոնա­գիր Խար­բերդ նա­հան­գի «Եփ­րատ» հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան»։ Իսկ ամե­նէն թան­կա­գինը, եզա­կին, ըն­տի­րը, Խար­բերդի մէջ, Եփ­րա­տի ափին, «Եփ­րատ» տպա­րանի մէջ գրա­շարո­ւած, տպո­ւած եւ կազ­մո­ւածը՝ «Յայ­տա­գիր Եփ­րատ գո­լէճի եւ իւր ճիւ­ղե­րուն։ 1913-1914»։

Հա­յաս­տա­նում Եփ­րատ չկայ

Իսկ օր մը «Եփ­րատ» անու­նը դար­ձաւ շար­ժանկար՝ «Տղաս, ո՞ւր է Եփ­րա­տը», ուր սփիւռքա­հայ մեծ­հայր մը Հա­յաս­տան կը ճամ­բորդէ ու պտոյտնե­րու ըն­թացքին ու­ղե­ցոյ­ցին շա­րու­նակ կը հարցնէ. «Տղաս, սա՞ է Եփ­րա­տը»։ Իսկ Ռու­բէ­նը, ու­ղե­ցոյ­ցը, ամէն ան­գամ համ­բե­րու­թեամբ կը յի­շեց­նէ. «Պա­պիկ, Հա­յաս­տա­նում Եփ­րատ չկայ»։

Եփ­րա­տը վտան­գի տակ է

Եփ­րա­տը հո­սանք առած էր սի­րոյ կա­մուրջ ըլ­լա­լու, որ­պէսզի սի­րածը սի­րածին հաս­նէր, սա­կայն մա­մու­լը մե­զի կը հա­ղոր­դէ այնպի­սի լու­րեր, դառն ճշմար­տութիւններ, որ մենք կը սկսինք մտա­ծել, թէ ար­դեօ՞ք ամէն ինչ երազ էր, խաբ­կանք մը բարձրա­ձայն։ Ահա քա­նի մը ահա­զան­գող խո­րագիր. «Եփ­րա­տի աւա­զանը վտան­գի տակ է», «Մար­գա­րէու­թիւնը կա­տար­ւում է- Եփ­րատ գե­տը ցա­մաքում է», «Եփ­րատ գե­տը խա­ժիդով թու­նա­ւորե­լու գոր­ծով հայ­ցը Մի­ջազ­գա­յին քրէական դա­տարանն է»։

Հրաշ­քի Եփ­րա­տը

Յար­գե­լի ըն­թերցող, թող Եփ­րա­տը միանայ Տիգ­րի­սին ապա հաս­նի իր աւար­տին, մենք ալ աւար­տենք անոր գրա­կան ճա­նապար­հորդու­թիւնը՝ Վա­հագն Դաւ­թեանի «Դէ­պի Եփ­րա­տ» քեր­թո­ւածը յի­շելով, ուր բա­նաս­տեղծը կը ցան­կա­նայ մտո­վի եր­թալ Եփ­րատ ու վե­րապ­րիլ իր ման­կութիւ­նը։ Բա­նաս­տեղծի միակ ցան­կութիւնն է մտնել տուն։ Իսկ գե­տի ափին, ան­կասկած, իրեն պի­տի սպա­սէր ըն­կեր մը՝ ման­կութեան բա­րակ բար­տին*։

Թէ հրաշ­քով ճամ­բաս տա­նի

Դէ­պի Եփ­րատ ու ման­կութիւն,

Հո­տոտե­լով քեզ կը գտնեմ,

Հայ­րե­նական փոք­րիկ իմ տուն։

Հա­զարի մէջ կը ճա­նաչեմ

Իմ ման­կութեան բա­րակ բար­դին,

* Այդ բար­տին «Եփ­րա­տի բար­դի» կո­չուող ծառն է, բու­սա­բան­նե­րը լաւ կը ճանչնան զայն որ­պէս Populus Euphratica, վտանգման սպառ­նա­լիքի տակ գտնո­ւող գե­ղեց­կութիւն է, որ կը շա­րու­նա­կէ աճիլ Արաքս գե­տի հու­նի եր­կա­րու­թեամբ։