Միսաք Մանուշեանի պանթէոնականացումը

Ֆրան­սա­յի նա­խագահ Էմա­նուէլ Մաք­րո­նի որո­շու­մով, Բ. աշ­խարհա­մար­տի Ֆրան­սա­կան Դի­մադ­րութեան շարժման հե­րոս­նե­րէն Մի­սաք Մա­նու­շեանի աճիւ­նը 21 Փետ­րո­ւար 2024 -ին d’Ivry-sur-Seine-ի գե­րեզ­մա­նատու­նէն տե­ղափո­խուե­ցաւ ու վե­րամ­փո­փուե­ցաւ Փա­րիզի պան­թէոնը։ Ֆրան­սա­ցիք այս արար­քը կը կո­չեն «պան­թէոնա­կանա­ցում», որուն կ’ար­ժա­նանան ֆրան­սա­ցի մե­ծերը։ Փա­րիզի պան­թէոնին մէջ ար­դէն կը հանգչին Պոտ­լէ­րի, Վիք­թոր Հիւ­կո­յի, Ժան-Ժաք Ռու­սո­յի, Էմիլ Զո­լայի եւ Մա­րի Քիւ­րիի նման մե­ծեր։ «Պան­թէոնա­կանա­ցում» շնոր­հե­լու իրա­ւունք ու­նին միայն Ֆրան­սա­յի նա­խագահ­նե­րը։

Մի­սաք Մա­նու­շեան առա­ջին գաղ­թա­կան, առա­ջին հայ եւ առա­ջին հա­մայ­նա­վար ֆրան­սա­ցին է, որ կ’ար­ժա­նանայ նման պա­տիւի։

Նոյն պան­թէոնին մէջ կը վե­րամ­փո­փուին նաեւ աճիւննե­րը Մա­նու­շեանի կնոջ՝ Մե­լինէի (առանց «պան­թէոնա­կանա­ցուե­լու» սա­կայն), որ նոյնպէս մաս կազ­մած է գեր­մա­նացի­ներու դէմ ֆրան­սա­կան ընդյա­տակեայ դի­մադ­րութեան։ Նա­խագահ Մաք­րո­նի այս որո­շու­մը պաշ­տօ­նապէս յայ­տա­րարո­ւեցաւ 18 Յու­նիս 2023-ին։ Արա­րողու­թիւնը տե­ղի ու­նե­ցաւ 21 Փետ­րո­ւար 2024-ին՝ Մա­նու­շեանի եւ ըն­կերնե­րուն գնդա­կահա­րու­թե­նէն 80 տա­րի ետք, ճիշդ նոյն օրը։

Հայ բա­նաս­տեղծ, ֆրան­սա­կան դի­մադ­րութեան շարժման մար­տիկ, հա­մայ­նա­վար կու­սակցու­թեան ան­դամ եւ Ֆրան­սա­յի ազ­գա­յին հե­րոս Մի­սաք Գէորգ Մա­նու­շեան ծնած է 1 Սեպ­տեմբեր 1906-ին, Ատըեաման, արեւմտեան Հա­յաս­տան։ Մա­նու­շեանի հայ­րը կը սպան­նո­ւի 1915-ի ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մանակ, իսկ մայ­րը կը մա­հանայ գաղ­թի ճամ­բուն վրայ։ Մի­սաք եւ եր­կու եղ­բայրնե­րը կը վե­րապ­րին։ Մի­սաքը նախ կը գտնո­ւի Ճի­պէյ­լի որ­բա­նոցը (Լի­բանան), ապա կը միանայ եղ­բօ­րը՝ Կա­րապե­տին Ժիւ­նիի Հայ Ազ­գա­յին որ­բա­նոցը (Լի­բանան), որ կ’ըլ­լայ եր­կու եղ­բայրնե­րուն կրթու­թեան առա­ջին օթե­ւանը։ 1925-ին կը տե­ղափո­խուի Ֆրան­սա, սկիզ­բը Մար­սէյ, ապա՝ Փա­րիզ։ 1930-ին Սե­մայի հետ կը հրա­տարա­կէ «Ջանք» գրա­կան ամ­սա­գիրը։ Կ’աշ­խա­տի Սիթ­րոէն գոր­ծա­րանին մէջ։ 1937-ին, կը հրա­պարա­կէ «Զան­գու» շա­բաթա­թեր­թը, ուր կը գրէ բա­նաս­տեղծու­թիւններ։ Կնո­ջը՝ Մե­լինէ Մա­նու­շեանի հետ կը մաս­նակցի գեր­մա­նացի­ներու դէմ ֆրան­սա­կան ընդյա­տակեայ դի­մադ­րութեան շար­ժումին։ 1943-ին Մա­նու­շեանի գլխա­ւորած խումբը յար­ձա­կումներ կը գոր­ծէ գեր­մա­նական բռնագ­րա­ւող ու­ժե­րուն դէմ։ 1943 Նո­յեմ­բե­րին, Մա­նու­շեան կը ձեր­բա­կալո­ւի եւ տան­ջանքնե­րու կ’են­թարկուի, ապա իր խումբին 21 ան­դամնե­րուն հետ մա­հապա­տիժի կ’են­թարկո­ւի։ Յետ մա­հու, Մա­նու­շեան կը պար­գե­ւատ­րո­ւի Պա­տուոյ Լե­գէոն շքան­շա­նով։ Մա­նու­շեանի եւ իր խումբին անու­նով անո­ւանո­ւած են փո­ղոց­ներ եւ հրա­պարակ­ներ Փա­րիզի, Մար­սէ­յի, Վա­լան­սի եւ Երե­ւանի մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ