Թուրքիոյ Կրթութեան Նախարար Եուսուֆ Թեքին ներկայ կառավարութեան մէջ իր յետադիմական ելոյթներով յաճախակի քննադատուած անուն մըն է։
Ան կը քաջալերէ աղանդներու ներթափանցումը եւ միջամտութիւնը պետական դպրոցներուն։ Այսպէսով նախակրթարանի տարիքի տղոց աղանդաւորներու առաջնորդութեամբ մզկիթներ այցելելը եւ այնտեղ կրօնական խրատներ լսելը սովորական երեւոյթ դարձած է։
Այժմ Եուսուֆ Թեքին ներ շրջաբերականով մը կ՚ուզէ միջամտել յատուկ վարժարաններու ուսման ծրագրին։ Պաշտօնաթերթի մէջ հրատարակուած կանոնագրով մը նախարարութիւնը կ՚արգիլէ յատուկ դպրոցներու մէջ Սուրբ Ծննդեան, Սուրբ Զատկի նման հոգեւոր եւ «Վհուկներու տօն»ի նման աւանդականացած օրերու նշումը։
ՏԵՄ կուսակցութեան պատգամաւոր Ճորճ Ասլան այս որոշումին ակնարկելով Խորհրդարանի ամպիոնէն հարցում ուղղեց Կրթութեան եւ Ներքին Գործոց նախարարութիւններուն, այս արգելքներուն քրիստոնեայ կամ այլ դաւանանքի աշակերտներու համար գործածութեան մասին։
Այս առթիւ մենք ալ նման հարցումներ ուղղեցինք համայնքային վարժարաններու հիմնադիրի ներկայացուցիչներուն եւ տնօրէններուն։ Անոնց հաւաստիացումով նիւթը կը վերաբերի թրքական դպրոցներուն եւ մեր վարժարաններէ ներս խնդրոյ առարկայ չէ հայկական տօներու յիշատակման արգիլումը։
Միւս կողմէ ուսուցիչներու «Էյիթիմ Սեն» արհմիութեան կրթութեան քարտուղար Էվրիմ Կիւլէզ ալ «Ակօս»ի հարցումներուն պատասխանելով մտահոգութիւն յայտնեց այս որոշումին գործադրութեան մասին։
Կիւլէզի համաձայն այս որոշումին հիմք կը հանդիսանայ 1739 համար կրթութեան օրէնքի երկրորդ յօդուածի մէջ նշուած «Թուրք ազգային կրթութեան ընդհանուր նպատակները» եւ «Թուրք ազգային կրթութեան հիմնական սկզբունքները» խորագրեալ յօդուածները։ «Նկատի ունենալով որ դպրոցներու մէջ տարբեր հաւատքներու դաւանող աշակերտներ կան, այս կարգադրութիւնը կրնայ խտրականութեան պատճառ դառնալ» ըսաւ Էվրիմ Կիւլէզ։