ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Ճարտարապետութիւնը կը զատորոշուի գեղարուեստական այլ ճիւղերէն իր գործնական նշանակութիւնով։ Այդ իսկ պատճառաւ գեղարուեստի այս ճիւղը միանալով ճարտարագիտութեան, ինքնին կը վերածուի գիտութեան եւ գեղարուեստի համադրութեան։ Այս ոլորտէ ներս աշխատող կարեւոր ընկերութիւն մըն է «Քուարկ» ճարտարապետական աշխատանոցը, որ հիմնուած է Այգ Չաւուշեանի կողմէ եւ արդէն աչքի կ՚իյնայ իր արձանագրած յաջողութիւններով։
Անցեալին «Ակօս»ի էջերէն արձագանգած էինք «Քուարկ» ընկերութեան նուաճած մրցանակին, յատուկ բնակարանի մի շինութեան ոլորտի մէջ։
Այս անգամ «Քուարկ» եւ Ճիհատ Էլմասի ճարտարապետական գրասենեակը միասնաբար նուաճած են «A' Design Award & Competition» մրցանակը, յատուկ հիւանդանոցի մը ձեւաւորման ծրագրով։
Հիւանդանոցի համալիրը կը ներկայանայ իբրեւ Մարաշ քաղաքի մեծագոյն ու արդի սեփական հիւանդանոցը ըլլալով։ Ճարտարապետները հիւանդանոցը ծրագրաւորելու ժամանակ նկատի ունեցած են կառոյցի աշխարհագրական դիրքը, լուսաւորութեան կարողութիւնները, հիւանդներու եւ այցելուներու, ինչպէս նաեւ անձնակազմի հոգեբանական անդորրը։
300 հիւանդներ ընդունելու կարողութիւնով հիւանդանոցը օժտուած է 150 հիւանդասենեակներով, գործողութիւններու համար պատրաստուած ութը սրահներով եւ բժշկագիտութեան պահանջած բոլոր գիտական ու թեխնիքական սարքաւորումներով։
Մրցանակին դիմում կատարած էին 20 տարաբնոյթ նախագիծեր եւ Այգ Չաւուշեանի ու գործընկերներու եւ պաշտօնակիցներու համատեղ ծրագրաւորումը հիւանդանոցներու բաժնին մէջ առաջինը հանդիսացաւ։
Այս առթիւ կու գանք շնորհաւորելու մեր արդէն այս յաղթանակներով իրենց կարողութիւնը փաստած ճարտարապետները, յուսալով ու մաղթելով նորանոր նուաճումներ իրենց որդեգրած ուղիին մէջ։