Սահակ Բ. Պատրիարքը կ՚ատենապետէ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստերուն

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 19 Փետրո­ւար Եր­կուշաբ­թի գի­շեր, օդա­յին ճամ­բով մեկ­նե­ցաւ Հա­յաս­տան։ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան կ’ու­ղեկցի Հոգշ. Տ. Յո­վակիմ Աբղյ. Սե­րով­բեան։

Առա­ւօտեան ժա­մը 09.00-ին, Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան հա­մար կա­տարո­ւեցաւ Հրա­շափա­ռի արա­րողու­թիւն, Մայր Աթո­ռի Ս. Յով­հաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վար­դան մկրտա­րան մատ­րան մէջ։ Մեր Հո­գեւոր Պե­տը այստեղ միաբան հայ­րե­րու, քա­հանա­ներու եւ սար­կա­ւագ­նե­րու կող­մէ առաջ­նորդո­ւեցաւ եւ Ս. Խո­րանի առաջ կա­տարեց իր ուխտի աղօթ­քը։

Այստեղ յա­նուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րեգին Բ. Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսի, Մայր Աթո­ռի Միաբա­նու­թեան, Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան բա­րի գալստեան խօսք ար­տա­սանեց Լու­սա­րարա­պետ Գերշ. Տ. Մու­շեղ Եպս. Պա­պայեան։

Ի պա­տաս­խան Լու­սա­րարա­պետին, մեր Պատ­րիար­քը շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց Սրբա­զան Հօր գլխա­ւորու­թեամբ բո­լոր ներ­կա­ներուն եւ ըսաւ թէ Մայր Աթո­ռի մէջ ինքզինք կը զգայ իր հա­րազատ տան մէջ եւ ինչպէս ծա­նօթ է, եկած է Գե­րագոյն Հո­գեւոր Խոր­հուրդի նիս­տե­րուն ատե­նապե­տելու։

Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը ապա առաջ­նորդո­ւեցաւ Վե­հարան, ուր մուտքին զինք կը սպա­սէր Վե­հափառ Հայ­րա­պետը։ Եր­կու գա­հակալ­ներ այստեղ ող­ջա­գուրուեցան։ Ապա Նո­րին Ս. Օծու­թեան գրա­սենեակին մէջ Վե­հափառ Հայ­րա­պետը ըն­դունեց Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը։

Ժա­մը 10.30-ին Վե­հարա­նի մէջ սկսան Գե­րագոյն Հո­գեւոր Խոր­հուրդի նիս­տե­րը, որ պի­տի տե­ւեն ամ­բողջ շա­բաթ։

Նոյն գի­շեր, Վե­հափառ Հայ­րա­պետը Վե­հարա­նի մէջ սի­րոյ սե­ղան սար­քեց, որուն մաս­նակցե­ցան Ամեն. Ս. Պատ­րիարք Հայ­րը, Կար­տի­նալ Կու­ճե­րոթ­թին, Գե­րագոյն Հո­գեւոր Խոր­հուրդի ան­դամներ, Կով­կա­սեան եր­կիրնե­րու մէջ Պա­պական Նո­ւիրա­կի Պաշ­տօ­նակա­տարը, Մխի­թարեան հայ­րեր եւ միաբաններ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ