ԷԼՎԻՐԱ ՈՒԶՈՒՆԵԱՆ (*)
Առանցքային բառեր՝ նոյնականութիւն, սոցիալական նոյնութիւն, հայերու էթնիկական նոյնութիւն, ներքին եւ արտաքին նոյնականացում, համշէնական ընդհանրութեան սկզբնաւորման պատմութիւն։ Նոյնականացման խնդիրը կը հանդիսանայ հոգեբանական ինքնագիտակցման առանցքային հարցերէն մէկը։ Տուեալ ֆենոմենի արդիականութեան ուսումնասիրութիւնը կը թելադրէ 21-րդ դարի առաջին կէսի իրականութեան փոփոխութիւններով։ Յօդուածին կը վերլուծուին Թուրքիոյ «Հայկական համայնքի» ներկայացուցիչներու նոյնականացման առանձնայատկութիւնները, նկատի առնուած սոցիալական նոյնութեան տարբերութիւնները, նաեւ համշէնահայերու ծագումնաբանութիւնը։
Նախքան անցնիլ համշէնահայերու նոյնականացման հարցին ժամանակակից աշխարհին, ցանկալի է անցկացնել հայկական ընդհանրութեան ծագումնաբանութիւնը ժամանակակից համշէնահայերու ազգագրական խումբերու ընդհանրութեան ֆոնի վրայ։
Համշէնի պատմամշակութային տարածքները, որտեղ ի սկզբանէ ձեւաւորուած է համշէնական ընդհանրութիւնը, կը գտնուի ներկայիս Ռիզէի մարզի տարածքին, Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելքը։ Հնագոյն ժամանակներուն այդ տարածքը կը մտնէր Պոնտական պատմամշակութային տարածքի մէջ։ Պատմական որոշ ժամանակահատուածներուն Պոնտական տարածքը ձեռք կը բերէր որոշակի քաղաքական ինքնուրոյնութիւն՝ Պոլիմոնի թագաւորութիւն, Տրապիզոնեան կայսրութիւն։ Սակայն, որպէս կանոն, այն կը մտնէր ուրիշ պետութիւններու կազմին մէջ՝ Պարսկական կայսրութիւն, Ալեքսանդր Մակեդոնացիի կայսրութիւն, Փոքր Հայքի կայսրութիւն, Հռոմէական կայսրութիւն, Բիւզանդական կայսրութիւն, Օսմանեան կայսրութիւն, ընդհուպ մինչեւ ներկայիս Թուրքիոյ հանրապետութիւն։
Հնագոյն ժամանակներէն սկսած, Պոնտական մարզի պատմական տարածքին կ՚ապրէր հայկական բնակչութեան հսկայական քանակութիւն մը։ Պատմաբան Հ. Մամիկոնեանը իր «Տարօնի պատմութիւնը» գրքի մէջ կը տեղափոխէ մեզ 7-րդ դարի առաջին կիսուն։ Այդ ժամանակաշրջանին «ապագայ» Համշէնի տարածքը հիմնականին բնակեցուած էր հայ բնակչութեամբ, ինչը կը վկայէ հայկական թեմի գոյութեան մասին Թամբուր՝ Մանկնոս եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ։ Այդ ժամանակ քաղաքը կը գտնուէր Մամիկոնեան տոհմէն Համամի գլխաւորութեան տակ։ Քաղաքական տարաձայնութիւններու պատճառով Համամ Մամիկոնեանը պատերազմի մէջ կը մտնէ վրաց իշխան Վաշդեանի հետ։ 628թ. Համամ Մամիկոնեանը այդ պատերազմին կը կրէ պարտութիւն, եւ անոր կը քառահատեն, իսկ քաղաքը Սուրբ Սիոն եկեղեցւոյ հետ միասին հիմնայատակ կը կործանեն։
Յետագային տարեգրութեան մէջ կը նշուի, որ «Այդ քաղաքը վերակառուցուած է Համամի կողմէ եւ կը կոչուի «Համամաշէն»։ Բայց, ինչպէս գիտենք, Համամը քառահատուած էր, եւ ըստ երեւոյթին, խօսքը կ՚երթայ «Համամ Ամատունի»ի մասին, որ կը յիշատակուի Ղեւոնդ Վարդապետի «Խազիֆներու պատմութիւն»ի մէջ։ Ըստ աւանդութեան ընդունուած է համարել, որ Համշէնի իշխանութեան մասին ամենաառաջին տեղեկութիւնները զետեղուած են հէնց Ղեւոնդի աշխատութեան մէջ, 8-րդ դարու 80-ական թուականներուն։ Ղեւոնդի պատմութեան մէջ կը խօսուի12 հազար հայ գաղթականներու մասին, որոնք նախարարներ Շապուհի եւ Համամի գլխաւորութեամբ գաղթած են Սեւ ծովի ափերը։ Բիւզանդական կայսեր թոյլտուութեամբ անոնք Տրապիզոնէն արեւելք գտնուող տարածքներուն հիմնած են կիսանկախ իշխանութիւն։
Այսպէսով, 8-րդ դարու երկրորդ կէսերուն իշխան Համամը հիմնովին աւերուած քաղաքի տեղը կը կառուցէ նոր քաղաք, անուանելով այն Համամաշէն՝ ի պատիւ Համամ իշխանի։ Այստեղէն ալ կու գայ մարզի անուանումը՝ «Համշէն» (ժամանակակից Թուրքիոյ Հէմշին)։
Ըստ երեւոյթի, այս ամէնը իրականին տեղի կ՚ունենան, եւ ան կ՚արտացոլէ հայկական ընդհանրութեան էթնիկ կազմաւորման հերթական փուլը տուեալ մարզի եւ կը նշէ նորակառոյց հայկական իշխանութեան վերակազմաւորման պատմութիւնը՝ Համամաշէն անունով, որ սակայն, ոչ մի դէպքին չի նշանակեր, թէ հայերը այստեղ սկսած են ապրիլ առաջին անգամ։ Ըստ երեւոյթի, այդ հայերու արտագաղթն էր 8-րդ դարին Արարատի շրջաններէն։ Յետագային անոնց կը միանան նաեւ այլ շրջաններու գաղթականները։
Հիմնուելով բարբառագիտութեան տուեալներու եւ յայտնի պատմական փաստերու վրայ, կարելի է եզրակացնել, որ Համշէնի իշխանութեան տարածքին 17-18-րդ դարերուն հայկական էթնոսի տարբեր խմբաւորումներու ներկայացուցիչներէն ձեւաւորուած է միասնական Համշէնա-Հայկական ընդհանրութիւնը՝ իր արեւմտահայերէն բարբառի տարբերակներով եւ ինքնագիտակցութեամբ՝ օգտագործելով ինքն իրաւունքի անուանման նորմերը, որպէս համշէնահայեր, կամ՝ համշէնցի հայեր։
16-րդ դարի վերջերուն թրքական կառավարութիւնը Պոնտական քրիստոնեաներու նկատմամբ սկսաւ վարել բռնի իսլամացման քաղաքականութիւն։ 1629թ. որոշ լազ իշխաններ եւ ազնուականներ իրենց առաւելութիւնները պահպանելու համար ձեւական ուրացան քրիստոնէութիւնը։ Քրիստոնէական աղբիւրներու վկայութեամբ այն ժամանակուայ Համշէնի հայ բնակչութիւնը 1630թ. դեռեւս լրիւ քրիստոնեայ էր։
Մօտաւորապէս 17-րդ դարու կէսերուն Համշէնի բնակչութեան մի մասը, զաւթիչներու ճնշման ներքոյ, ընդունեցին իսլամը։ Միւս մասը լքեց հայրենի երկիրը եւ բնակութիւն հաստատեց Պոնթական մշակութային գօտիի ամբողջ տարածքին։ Այդ Գարատերէի շրջանն էր, Տրապիզոն քաղաքը, Օրտուն, Սամսունը (Ճանիկ)։ 18-19-րդ դարերու ընթացքին ձեւաւորուեցան համշէնահայերու նոր ազգագրական խմբաւորումներ՝ որպէս գարատերէցիներ, սեւագետցիներ, տրապիզոնցիներ, օրտուցիներ, ճանիկցիներ։
Նոյնականացումը բառիս ամենալայն իմաստով կը նշանակէ հետեւեալ հարցի պատասխանը՝ «Ո՞վ եմ ես»։ Ուշադրութիւն դարձնենք հարցի վրայ՝ «Ո՞վ», ոչ թէ՝ «ինչպէ՞ս»։ Մարդու ինքնաներկայացման բաղադրիչը ճիշդ կը հանդիսանայ ինքնագնահատումը եւ իր ենթամշակութային գործունէութեան հետ անմիջական կապ չունի։
Իր հոգեբանական զարգացման ընթացքին իւրաքանչիւր մարդ ինք կը որոշէ իր առջեւ դրուած երկու կարեւոր խնդիր։ Առաջինը, ան կը ձգտի ցոյց տալ իր նման չըլլալը ուրիշներուն, տարբերութիւնը անոնցմէ։ Երկրորդը, անոր անհրաժեշտ գտած է իր տեղը հանրութեան մէջ, տարբեր մեծաքանակ սոցիալական խմբաւորումներու մէջ ընտրել այն տեղը, որ պիտի պատկանի միայն իրեն։
Սոցիալական նոյնականացման տարատեսակներէն մէկը կը հանդիսանայ էթնիկականը, որպէս որոշակի ժողովուրդի, էթնոսի գիտակից անձ։ Ինչպէս օրինակ՝ ռուս, թուրք, հայ, վրացի։ Այս բոլորը էթնիկական նոյնականացման տարբերակներ են։
Դեռեւս վաղ միջնադարին Տիարպեքիրը կը համարուէր որպէս յայտնի հայկական քաղաք, Հայքի հնագոյն մայրաքաղաք։ Հարցի էթնիկական նոյնականացման դրուածքին ան այսօր ալ կը շարունակէ գրաւել բաւականին տեսանելի տեղ։
Դեռեւս համիդեան կոտորածներու ժամանակ, 1894-96 թթ. Տիարպեքիրի մէջ բռնի կերպով իսլամացուած է մօտ 25 հազար հայ։ Ճիշդ է անոնցմէ մէկ մասը յետագային կրկին դարձած է քրիստոնեայ, բայց որոշակի մասը շարունակած է ապրիլ եւ ներկայանալ որպէս մուսլուման։
1915թ. եղեռնի ժամանակ Տիարպեքիր կրկին տեղ կը գտնէ հայերու բռնի կրօնափոխումը, ինչը կ՚աւարտուի քրդականացմամբ։ Տարբեր աղբիւրներուն կը հանդիպինք փաստերու, որոնք կը վկայեն այն մասին, որ մինչեւ այսօր մումուսուլմանական հանրութիւնը Տիարպեքիրի մէջ յստակօրէն կը տարբերուի կրօնափոխուած հայերու յետնորդներուն, անուանելով անոնց «ֆիլա» (հայ)։
Վերջին ժամանակներուն հայերը կը համարձակուին յայտարարել իրենց մասին թրքական մամուլի մէջ եւ ակտիւացնել էթնիկ նոյնականացման քննարկումները, առաջ քաշելով այդ խնդրի նոր տեսակներ։
Թրքերէնով տպագրուած էր հայի մը պատմութիւն, որ տիյարպեքիրցի էր։ Ներկայիս Իսթանպուլ ապրող մի ոմն Մարի կը պատմէ իրենց կեանքի առանձնայատկութիւններու մասին։ «Մենք յաճախ ստիպուած էինք ապրիլ եւ ներկայանալ որպէս մուսուլմաններ։ Աղօթելու եւ խաչակնքելու համար ստիպուած էինք իջնել նկուղները»։ Անոր պատմածներէն պարզ կը դառնայ, որ հայերը կը պահպանէին հայոց լեզուն եւ կը հաղորդակցուէին իրար հետ հայերէն՝ մայրենի լեզուով։ Այսօր ալ կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ վկայութիւններու, փաստերու, որոնք կ՚ապացուցեն Մեծ եղեռնէն փրկուած եւ Թուրքիոյ ապրող հայերու բռնի իսլամացուած ըլլալու փաստը, նոյնիսկ 20-րդ դարի կէսերուն։
19-րդ դարի կէսէն մինչեւ 20-րդ դար, փրկուելով թրքական իշխանութիւններու դաժանութիւններէն եւ եղեռնէն, համշէնահայերը կը գաղթեն դէպի Կովկասի հիւսիս-արեւմուտք։ Համշէնի գաղթականները, որպէս կանոն, իրենց բնակավայրերը կը հիմնեն Սեւծովեան ափամերձ գիւղերը ու քաղաքները, նաեւ նախալեռնային շրջանները։ Առաջին հերթին Սուխում քաղաքն էր՝ իր գիւղերով, Սոչին, Տուապսեն, Անապան, Մայկոպը։ Ներկայիս համշէնահայերու հիմնական մասը (մօտ 150 հազար) կ՚ապրի Կրասնոտարի մարզը։ Այդ Մեծ Սոչիի շրջաններն են (Ատլերի, Խոստայի, Կեդրոնական, Լազարեւսկի), Տուապսէի, Ապշերոնեան, Գորեաչեկլիւչեւեան, Պելորեչենսկի, Անապայի եւ Մայկոպի շրջանները։ Աբխազիայի տարածքը 1970թ. մարդահամարի տուեալներով կ՚ապրէր 75 հազար հայ։
Բնակեցութեան ամենամեծ տոկոսը կ՚ընկնէր Սուխումի, Գագրայի եւ Գուտաութայի շրջաններու վրայ։ Աբխազա-վրացական հակամարտութենէ ետք 80-հազարանոց հայկական բնակչութիւնը կրճատուեց մօտաւորապէս 50%-ով։ Գաղթականներու մեծամասնութիւնը ստիպուեցաւ բնակութիւն հաստատել Կրասնոտարի մարզ եւ Ռուսաստանի տարբեր վայրեր։ Մօտ 10 հազար համշէնահայ կ՚ապրի Հայաստան, մի փոքրաթիւ մաս ալ կ՚ապրին Մօտաւոր Արեւելք, Ֆրանսա եւ ԱՄՆ։ Այսօր համշէնահայերը կը հանդիսանան հնագոյն եւ ամենահին հայկական ազգային խմբաւորումները Կրասնոտարի մարզին, Ատիկիա ե Աբխազիա։
Մինչեւ 20-րդ դարի երկրորդ կէսը այդ ազգագրական խմբաւորումները չունէին ընդհանուր ինքնագիտակցութիւն, սակայն աստիճանաբար այս իրավիճակը սկսաւ փոխուիլ։ Վերջին մի քանի տասնամեակներուն կը նկատուի համշէնահայերու ինքնազարգացման եւ ինքնագիտակցութեան բարգաւաճում։
Համշէնահայերու պատմութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւնը ծագեցաւ 19-րդ դարի երկրորդ կէսէն եւ ուժեղացաւ 20-րդ դարուն։ Այս շրջանին ի յայտ եկան հետազօտողներու եւ լուսաւորիչներու յօդուածները (Ինճիճեան, Բժիշկեան, Թումանեան, Աճառեան, Հայկունի եւ ուրիշներ), որոնք որոշեցին տուեալ ընդհանրութեան արմատները։ Բարբառային ձեւերու եւ բանահիւսութեան ընդհանրութենէն բացի հետազօտողները նշեցին համշէնահայերու պատմական ճակատագրերու, ազգագրական խմբաւորումներու նմանութիւնները։
20-րդ դարի առաջին կէսին լոյս կը տեսնեն մանրամասնօրէն բանահիւսութիւնը ուսումնասիրող աշխատութիւններ, բանահիւսութիւն (Մուրատեան Հ.—1901թ.), բարբառ (Աճառեան Հ.-1911թ.) եւ ուրիշներ։ Այդ աշխատութիւններուն ազգագրական խմբերը կը միաւորուին մէկ ընդհանուր անուան տակ՝ համշէնահայեր։
20-րդ դարի երկրորդ կէսերէն սկսած է մեծնալ համշէնահայերու համայնքը Երեւանի մէջ։ Անոնք Աբխազիայէն եւ Կրասնոտարի մարզէն եկողներն էին։ 1947թ-էն սկսած այստեղ (Երեւան) տեղի կ՚ունենային համշէնահայերու մշակութային ժողովներ։ Օրինակ, 1967թ. Մարտի 8-ին համշէնահայերու հայրենակցական միութիւնը կը կազմակերպէ խնջոյք, որուն կը մասնակցէին 69 մարդ, հիմնական մտաւորականութեան ներկայացուցիչներ։ Ուշագրաւ էր այն հանգամանքը, որ կազմակերպիչներն ու մասնակիցները իրենց կը համարէին «հայ-համշէնցիներ», իսկ իրենց հայրենակցական միութիւնը՝ «համշէնական»։ Նշուած վկայութիւնը կը հանդիսանայ հեղինակի յայտնի առաջին գրաւոր յիշատակումներէն, որտեղ համշենցիներու տարբեր ազգագրական խումբերու ներկայացուցիչները իրար կը միաւորէին մէկ ընդհանուր ինքնագիտակցութիւն, այն է՝ համշէնցի հայեր։
Սկսած անցեալ դարի 60-ական թուականներէն համշէնցիներու պատմութեան ուսումնասիրութեամբ կը զբաղուին համշէնցի ազգագրագէտներ Բ. Թոռլաքեանը, Մ. Մինոսեանը, Պ. Զէյթունեանը, Մ. Քոչկոնեանը, Գ. Վարդանեանը եւ շատ ուրիշներ։
Տուեալ գաղափարախօսութիւնը գտաւ իր շարունակութիւնը 20-րդ դարի 90-ական թուականներուն։ Մօտաւորապէս այդ նոյն ժամանակ կազմակերպուեցաւ բարեգործական, մշակութային, լուսաւորչական «Համշէն» հանրութիւնը (Տուապսէ), հայկական երգի-պարի, երաժշտութեան «Համշէն» համոյթը (Լազարեւսկի շրջան), շրջանային հայկական թերթ «Համշէն» (Տուապսէ), Կրասնոտարի մարզի հասարակական կազմակերպութիւն АНИК-կեդրոն «Համշէն» (Կրասնոտար) եւ շատ ուրիշ կազմակերպութիւններ, որոնք կ՚ընդգծէին իրենց համշէնահայկական ծագումը։
Թարգմանութիւնը՝ Աննա Արտաշէսի Յակոբեան, Աբխազիայի վաստակաւոր ուսուցչուհի, հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի։
(*) Քուպանի պետական համալսարանի հնաբանութեան, ազգագրութեան, հին եւ միջնադարեան պատմութեան ամպիոնի ասպիրանտ։ Ռուսաստան, Կրասնոտար (uzunyan -1982 @mail.ru)։