Արփիի առաջին փայլերը Գրախօսական դեռ լոյս չտեսած գիրքերու համար

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

norayrdaduryan@gmail.com

Լոս Ան­­ճե­­­լըս քա­­ղաքի մէջ հիմ­­նո­­­ւած Ար­­փի հրա­­տարակ­­չա­­­տու­­նը փայլ մը կը խոս­­տա­­­նայ սփռել հայ­­կա­­­կան պա­­տանե­­կան գրա­­կանու­­թեան վրայ, ճիւղ մը, որ սփիւռքի մէջ նօսր է, եթէ հա­­մեմա­­տուի ման­­կա­­­կան եւ արո­­ւես­­տա­­­կան գրա­­կանու­­թեան հետ։ Հայ­­կա­­­կան գրա­­խանութնե­­րու մէջ սա­­կաւա­­թիւ են արեւմտա­­հայե­­րէն, ար­­կա­­­ծախնդրա­­կան, պատ­­մա­­­կան կամ սի­­րային այն վի­­պակ­­նե­­­րը, որոնք 12-18 տա­­րեկան­­նե­­­րու հա­­մար գրի առ­­նո­­­ւած են։ Իսկ Ար­­փի հրա­­տարակ­­չա­­­տան հիմ­­նադրու­­թիւնը այժմ պատ­­ճառ կը դառ­­նայ, որ սփիւռքի հաս­­տա­­­տուած հե­­ղինակ­­ներ, ինչպէս նաեւ սկսնակ­­ներ, նոր ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րու ձեռ­­նարկեն այս նպա­­տակով։ Ու­­րա­­­խու­­թեամբ տե­­ղեկաց­­նեմ, թէ առ այժմ երեք գիրք ար­­դէն հե­­ղինա­­կու­­թեան ըն­­թացքի մէջ է։ Այդ գոր­­ծե­­­րուն անձնա­­պէս ծա­­նօթ ըլ­­լա­­­լով եւ գի­­տակ­­ցե­­­լով, թէ երկրոր­­դա­­­կան վար­­ժա­­­րան յա­­ճախող աշա­­կերտներս մօտ ապա­­քային զա­­նոնք հա­­ճոյ­­քով պի­­տի ըն­­թերցեն, այ­­սօր փո­­խանակ բա­­ռի մը պատ­­մութիւ­­նը գրի առ­­նե­­­լու, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, որո­­շեցի ձե­­զի հետ այդ գիր­­քե­­­րու մա­­սին զրու­­ցել։

«Վա­­ղը ուշ չէ»

Սի­­րավէպ

Լեռ­­նա Գա­­րագիւ­­թիւք, Պո­­լիս

Պոլ­­սա­­­հայ ու­­սուցչու­­հի Լեռ­­նան փոքր տա­­րիքէն սկսած է գրել։ Ան Տա­­տեան եւ Սա­­հակեան-Նու­­նեան վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու սան է։ Պոլ­­սոյ Հա­­մալ­­սա­­­րանի մէջ ու­­սա­­­նած է դա­­սական բա­­նաս­­ի­­­րու­­թեան լա­­տինա­­կան գրա­­կանու­­թեան մաս­­նա­­­ճիւ­­ղը։ Լեռ­­նան ու­­նի գրա­­կան բազ­­մա­­­թիւ ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւններ. բա­­նաս­­տեղծու­­թիւններ, պատ­­մո­­­ւածքներ, հե­­քիաթ­­ներ։ Լեռ­­նա­­­յի գոր­­ծե­­­րը լոյս տե­­սած են Պոլ­­սոյ հայ­­կա­­­կան մա­­մու­­լին մէջ։ Ու­­նի առան­­ձին հա­­տորով հրա­­տարա­­կուած գոր­­ծեր։

Ար­­փի հրա­­տարակ­­չա­­­տան հա­­մար Լեռ­­նան փա­­փաքած է գրի առ­­նել վի­­պակ մը, Լեռ­­նա­­­յի խօս­­քով, «Նո­­րահաս երի­­տասար­­դութեան հար­­ցե­­­րուն եւ ան­­շուշտ աւե­­լի յե­­տոյ լու­­ծումնե­­րուն վրայ»։

Լեռ­­նա­­­յի գիր­­քին անունն է «Վա­­ղը ուշ չէ»։ Սի­­րավէպ մըն է ան։ Պատ­­մութիու­­նը տե­­ղի կ’ու­­նե­­­նայ Պոլ­­սոյ մէջ։ Մայր կեր­­պա­­­րը Սանտրան է, 16-17 տա­­րեկան աղջնակ մը։ Երի­­տասար­­դուհին կը տա­­ռապի ըն­­տա­­­նեկան պա­­ռակ­­տումէ. «Մայրս, խեղճ կի­­նը, ստի­­պուե­­ցաւ ամուսնա­­նալ այդ մար­­դուն հետ։ Խորթ հայրս է ան։ Բնաւ չեմ սի­­րեր զին­­քը, ան ալ՝ զիս»։ Աղջնա­­կը խա­­ղաղ եւ բա­­րեկե­­ցիկ կեան­­քի մը ցան­­կութիւ­­նը ու­­նի. «Գե­­ղեցիկ տուն մը ու­­նե­­­նայի... Որ­­քա՜ն լաւ կ՚ըլ­­լար։ Դրամ պէտք է որ շա­­հիմ։ Ինֆլո­­ւէն­­սը՞ր ըլ­­լամ։ Ին­­չո՞ւ չէ։ Եթէ ես ալ աշ­­խա­­­տիմ ու դրամ շա­­հիմ, կը ճամ­­բորդէմ, սի­­րելիիս հետ ժա­­մանակ կ՚ան­­ցը­­­նեմ... Բայց սի­­րելի մը չու­­նիմ»։ Սանտրան կը տա­­ռապի նաեւ իր հան­­գուցեալ հօր ան­­հանգստաց­­նող յի­­շատակ­­նե­­­րէ. «Երեք տա­­րի առաջ մե­­ռաւ հայրս։ Նոյ­­նիսկ եթէ ապ­­րէր, օգուտ մը չու­­նէր։ Հայ­­րիկս խման մըն էր եւ ընդհան­­րա­­­պէս գի­­նով տուն կը վե­­րադառ­­նար։ Տան պոռչտուքնե­­րը բնաւ չէին դադ­­րեր։ Ամ­­բողջ շէն­­քը կը լսէր մօրս, հօրս աղա­­ղակ­­նե­­­րը։ Ես այն մի­­ջոցին կ՚առանձնա­­նայի սե­­նեակիս մէջ ու ականջներս կը փա­­կէի։ Բար­­ձին մէջ կը թա­­ղուէի, որ­­պէսզի բան մը չի­­մանա­­յի»։ Սանտրան ու­­նի զօ­­րաւոր կամք, իր կեան­­քը կա­­նոնա­­ւորե­­լու ոյժ. «Առան­­ձին պի­­տի պայ­­քա­­­րիմ եւ ան­­պայման ելք մը պի­­տի գտնեմ»։ Պատ­­մութեան մէջ կը տես­­նենք նաեւ դա­­սըն­­կեր Մայ­­քը, բա­­րեկե­­ցիկ ըն­­տա­­­նիքի մը զա­­ւակը։ Ըն­­տա­­­նեկան հո­­գատա­­րու­­թեան մէջ մեծ­­ցած է այդ պա­­տանին։ Մայ­­քը եւ Սանտրան իրա­­րու հան­­դէպ սի­­րոյ զգա­­ցումներ կը փայ­­փա­­­յեն։ Օր մը Սանտրան կը հաս­­նի ծո­­վեզերք, նշա­­նակո­­ւած ժա­­մադ­­րա­­­վայ­­րը։ Մայ­­քը դէ­­պի հո­­րիզոն մե­­նախօ­­սելով բա­­նաւոր խոս­­տո­­­վանան­­քի փորձ կը կա­­տարէ, առանց նկա­­տելու, թէ Սանտրան իր ետեւն է. «Սանտրա՛, սի­­րելի ըլ­­լա՞նք… Սանտրա՚, հո­­գի՜ս, կ՚ու­­զեմ, որ սի­­րելի ըլ­­լանք… Սանտրա՚, եր­­կար ատե­­նէ ի վեր շա՜տ կը հաւ­­նիմ քեզ, կը փա­­փաքիմ, որ սի­­րելիս ըլ­­լաս…»։ Եր­­կուքը կ’որո­­շեն յա­­ջորդ օր շո­­գեկառք նստիլ, հե­­ռանալ եւ կեր­­տել ապա­­գայ մը.

- Շո­­գեկառք մը կը ցատ­­կենք եւ ու­­րիշ տեղ մը կ՚եր­­թանք, ու­­րիշ քա­­ղաք մը, ու­­րիշ եր­­կիր մը։

- Ե՞րբ։

- Վա­­ղը։

- Սի­­րելիդ եմ։

- Սի­­րելիս ես։

Բայց, կեան­­քը ու­­նի անակնկալ­­ներ։ պատ­­մո­­­ւած­­քի աւար­­տին անոնց կեան­­քը պի­­տի առ­­նէ բո­­լորո­­վին տար­­բեր ուղղու­­թիւն մը։

«Վե­­նետի­­կի նա­­ւարա­­նին երեք գե­­րինե­­րը»

Ար­­կա­­­ծախնդրա­­կան վէպ

Աւե­­տիս Հա­­ճեան, Վե­­նետիկ

Հա­­լէպա­­հայ Աւե­­տիսը այժմ կը բնա­­կի Վե­­նետիկ։ Լրագ­­րող է ան։ Աշ­­խա­­­տակ­­ցած է Պո­­ւէնոս Այ­­րէ­­­սի La Prensa օրա­­թեր­­թին, Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու մէջ CNN-ին, Bloomberg News-ին, The Wall Street Journal-ին, Los Angeles Times-ին եւ Le Monde Diplomatique-ին։ Հե­­ղինակն է «Secret Nation»։ The Hidden Armenians of Turkey-է («Գաղտնի ազգ. Թուրքիոյ թա­­քուն հա­­յերը») գիր­­քին։ Մխի­­թարեան Միաբա­­նու­­թեան Սուրբ Ղա­­զար մայ­­րա­­­վան­­քի մէջ լե­­զու եւ պատ­­մութիւն կը դա­­սաւան­­դէ։

Հա­­ճեանի գիր­­քը ար­­կա­­­ծախնդրա­­կան վէպ է, ուր միջ­­նա­­­դարու երեք հա­­յեր կը յայտնո­­ւին մե­­րօրեայ Վե­­նետի­­կի մէջ ցու­­ցադրո­­ւող պատ­­մա­­­կան առա­­գաս­­տա­­­նաւու մը մէջ։

Պատ­­մութիւ­­նը տե­­ղի կ՚ու­­նե­­­նայ 2015 թո­­ւակա­­նին։ Փետ­­րո­­­ւար է։ Վե­­նետիկ քա­­ղաքը հան­­դի­­­սապէս տօ­­նած է բա­­րեկեն­­դա­­­նը ու հի­­մա կը պատ­­րաստո­­ւի նա­­ւային պատ­­մութեան մե­­ծաշուք ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սի մը։ Լի­­զան, ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սէն պա­­տաս­­խանատու հնա­­գէտը, սրահ եկած է վեր­­ջին ստու­­գումնե­­րը կա­­տարե­­լու։ Այդ պա­­հուն, յան­­կարծ, առա­­գաս­­տա­­­նաւու յա­­տակէն, ժպտա­­դէմ, ցնցոտիներ հա­­գած երեք հո­­գի կը յայտնո­­ւի։ Գի­­նով են։ Անոնք օտար լե­­զու մը կը խօ­­սին, հա­­գած են հնա­­դարեան տա­­րազ­­ներ։ Թան­­գա­­­րանի ապա­­հովու­­թիւնը կը հաս­­նի։ Ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը կը կար­­ծեն, թէ բա­­րեկեն­­դա­­­նի կա­­տակ մըն է ասի­­կա. «Պա­­հակ­­նե­­­րը սկսան խնդալ։ Անոնք են­­թադրե­­ցին, որ Վե­­նետի­­կեան Բա­­րեկեն­­դա­­­նի խնճոյ­­քի գի­­նով­­ցածներ էին, որոնք, հնա­­րամիտ ըն­­կերներ, ձե­­ւը գտած՝ նա­­ւուն մէջ գի­­շերած էին։ “Evviva il Carnevale!”, եւ դար­­ձեալ խնդա­­ցին. «Կեց­­ցէ՛ Բա­­րեկեն­­դա­­­նը»։ Լի­­զան այլ կար­­ծիք ու­­նի. Անոր հնա­­գէտի աչ­­քե­­­րը նշմա­­րած էին ման­­րա­­­մաս­­նութիւններ, որոնք միւսնե­­րուն ու­­շադրու­­թե­­­նէն վրի­­պած էին։ Sono armeni! Sono armeni! Հա՜յ են։ Հա՜յ են։ Երեք ըն­­կերե­­րը դեռ սար­­սա­­­փով կը դի­­տէին տե­­սարա­­նը։ Անոնք զար­­մա­­­ցած նա­­յեցան աղջկան։ Յո­­վոյին աչ­­քե­­­րը Լի­­զային յա­­րած էին, ո՚չ միայն անոր գե­­ղեց­­կութեան, այլ նաեւ դի­­մայար­­դա­­­րու­­մի, հա­­գուստնե­­րու, խո­­շոր, փայ­­լուն ոլո­­րապ­­տոյտ օղե­­րու հա­­մար… Սկիզ­­բը Լի­­զային ըսած­­նե­­­րը չէին հասկցած, բայց վեր­­ջը անդրա­­դար­­ձան, որ Լի­­զան հա­­յերէն կը խօ­­սէր։ Աշո­­տը, որ իր գիւ­­ղի եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ մո­­մակալ եղած էր եւ երե­­քին մէջ լա­­ւագոյն հա­­յերէ­­նը կը խօ­­սէր, սկսաւ դան­­դա­­­ղօրէն բա­­ռեր ար­­տա­­­սանե­­լե։ Դժբախ­­տա­­­բար Լի­­զան հա­­յոց լե­­զուի քաջ տի­­րող մը չէ, բայց կ՚ըմբռնէ, թէ ար­­տա­­­կարգ վի­­ճակի մը առ­­ջեւ կը գտնո­­ւին. Սուրբ Ղա­­զարէն Հայր Խա­­չատու­­րին կը հե­­ռաձայ­­նեն, կը խնդրեն, որ գայ. Ան շատ դժուարու­­թեամբ կը յա­­ջողի հաս­­տա­­­տել. այդ երե­­քը Մշոյ եւ Սաս­­նոյ բար­­բառ կը խօ­­սին։ Սա­­կայն առեղ­­ծո­­­ւածը կը խո­­րանայ, երբ երե­­քէն մէ­­կը, Աշո­­տը, կ՚ըսէ, որ Սի­­սի Կա­­թողի­­կոսէն նա­­մակ բե­­րած են։ Հայր Խա­­չատու­­րը, Լի­­զան եւ ոս­­տի­­­կանու­­թիւնը շու­­տով կ՚անդրա­­դառ­­նան, թէ ան­­հասկնա­­լի հա­­նելու­­կի մը առ­­ջեւ կը գտնո­­ւին»։

«12-րդ սա­­լիկը»

Վի­­պակ

Նո­­րայր Տա­­տու­­րեան,
Լոս Ան­­ճե­­­լըս

Պոլ­­սա­­­հայ Նո­­րայ­­րը այժմ կը բնա­­կի Լոս Ան­­ճե­­­լըս։ Հա­­յոց լե­­զուի եւ գրա­­կանու­­թեան ու­­սուցիչ է։ Պոլ­­սոյ մէջ յա­­ճախած է Մխի­­թարեան վար­­ժա­­­րան։ Պո­­ղազի­­չի հա­­մալ­­սա­­­րանի մէջ ու­­սա­­­նած է իմաս­­տա­­­սիրու­­թիւն։ Ան խմբագ­­րա­­­կան կազ­­մի ան­­դամ եղած է Մխի­­թարեան Սա­­նուց Միու­­թեան «Նոր Սան» գրա­­կան-գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան հան­­դէ­­­սին։ Նո­­րայ­­րը գրի կ՚առ­­նէ հայ­­կա­­­կան բա­­ռերու պատ­­մութեան նո­­ւիրո­­ւած շա­­բաթա­­կան յօ­­դուած­­ներ՝ «Բա­­ռերու խորհրդա­­ւոր աշ­­խարհը»։

Ար­­փի հրա­­տարակ­­չա­­­տան հա­­մար Նո­­րայր առա­­ջին ան­­գամ կը ձեռ­­նարկէ վի­­պակի մը հե­­ղինա­­կու­­թիւնը։ Գիր­­քին անունն է «12-րդ սա­­լիկը»։ Գիլ­­գա­­­մեշի դիւ­­ցազնա­­վէպին մե­­րօրեայ տե­­ղայ­­նա­­­ցումն է ան։ Գիր­­քի գլխա­­ւոր հե­­րոսը, 13 տա­­րեկան, ըն­­թերցա­­սէր, հեզ եւ նա­­զը սի­­րող Տե­­րեւն է. «Ես շատ դժուար կ’արթննամ։ Դպրո­­ցական օրե­­րը նկա­­տի ու­­նիմ։ Նախ մօրս ձայ­­նը կը լսեմ. Տե­­րե՜ւ, Տե­­րե՜ւ… Յե­­տոյ անունս տան մէջ կը հնչէ աւե­­լի յա­­ճախ, աւե­­լի սաս­­տիկ եւ աւե­­լի բարձրա­­ձայն։ Անօ­­գուտ։ Հա­­կառակ մօրս բո­­լոր ջան­­քե­­­րուն՝ կը մնամ ան­­կո­­­ղնիս մէջ։ Կը փոր­­ձեմ վեր­­ջին երազս շա­­րու­­նա­­­կել։ Յե­­տոյ հօրս ձայ­­նը կը թնդաց­­նէ սե­­նեակս. Տե՚րե՚ւ։ Ծանր շար­­ժումնե­­րով կ’ել­­լեմ։ Այնքան ու­­շա­­­ցած կ’ըլ­­լամ, որ հայրս ար­­դէն ինքնա­­շար­­ժը աշ­­խատցու­­ցած, զիս կը սպա­­սէ փո­­ղոցի մէջ։ Բան մը մոռ­­ցած կ’ըլ­­լամ։ Ետ կ’եթամ, ետ կու գամ։ Հայրս, «Բա­­րի կէ­­սօր», կ’ըսէ։ Դպրոց հաս­­նող վեր­­ջին ինքնա­­շար­­ժը մենք կ’ըլ­­լանք։ Ու ես, դպրոց կը մտնեմ, հան­­դի­­­սապէս, ինչպէս հա­­մեր­­գի մը աստղը որ բեմ կ’ել­­լէ միւս բո­­լոր եր­­գիչնե­­րէն յե­­տոյ»։

Տե­­րեւը ըն­­թերցա­­սէր է, ու­­նի վառ երե­­ւակա­­յու­­թիւն, յա­­ճախ կը կար­­դայ դի­­ցաբա­­նական վի­­պակ­­ներ. «Ես կ’ու­­զեմ հնդիկ Շի­­վային նմա­­նիլ։ Ու­­նե­­­նալ չորս թեւ եւ չորս տա­­ղանդ։ Եր­­բեմն ինքզինքս կը նկա­­րեմ չորս ձեռ­­քե­­­րով։ Ամէն մէ­­կուն մէջ բռնած կ’ըլ­­լամ սի­­րած զբա­­ղու­­միս առար­­կան. գիրք՝ ըն­­թերցա­­նու­­թեան հա­­մար, շե­­րեփ՝ խո­­հարա­­րու­­թեան, վրձին՝ նկար­­չութեան, հաւ­­կիթ՝…, մոռ­­ցայ ձե­­զի ըսե­­լու, թէ ես երեք հատ ալ հաւ ու­­նիմ»։

Կը ծա­­նօթա­­նանք նաեւ Շան­­թին, դա­­սըն­­կեր, յաղ­­թանդամ տղայ մը, որուն հա­­մար մեծ հա­­ճոյք է Տե­­րեւին ահա­­բեկել, ինչպէս կա­­ւէ 12 սա­­լիկ­­նե­­­րու վրայ գրուած յայտնի պատ­­մութեան մէջ ամե­­հի Գիլ­­գա­­­մեշը, Մի­­ջագետ­­քի Ու­­րուք քա­­ղաքի թա­­գաւո­­րը, կը սար­­սա­­­փեց­­նէ իր հպա­­տակ­­նե­­­րը, կ՚ար­­հա­­­մար­­հէ նոյ­­նիսկ աս­­տո­­­ւած­­նե­­­րու հրա­­հանգնե­­րը։

Օր մը Տե­­րեւը սնա­­րի գիր­­քը կը դառ­­նայ Գիլ­­գա­­­մեշի դիւ­­ցազնա­­վէպը՝ բաժ­­նո­­­ւած 12 սա­­լիկ­­նե­­­րու։ Աղջնա­­կը ամէն գի­­շեր սա­­լիկ մը կը կար­­դայ, ապա լու­­սամփո­­փը կը մա­­րէ ու կը քնա­­նայ, առանց կաս­­կա­­­ծելու, թէ պատ­­մութեան դէպ­­քե­­­րը յա­­ջորդ օր դպրո­­ցի մէջ նոյ­­նութեամբ պի­­տի կրկնո­­ւին. «Կիլ­­կա­­­մեշի դիւ­­ցազնա­­վէպը» հե­­տաքրքրա­­կան կ’երե­­ւի։ Վա­­խազ­­դու է Գիլ­­գա­­­մեշը։ Գան­­գուր եր­­կար մազ։ Գան­­գուր եր­­կար մօ­­րուք։ Հաստ բա­­զուկներ։ Հաստ զոյգ մը սրունք։ Վի­­զէն բռնած է առիւծ մը։ Խեղ­­ճը կար­­ծեմ խեղ­­դա­­­մահ եղած է, կամ յանձնուած է Կիլ­­կա­­­մեշին։ Ո՞վ է այս մար­­դը, մա՞րդ, թէ աս­­տո­­­ւած։ Յու­­սամ ես այս գի­­շեր երա­­զիս մէջ ո՚չ Կիլ­­կա­­­մեշին, ո՚չ ալ Շան­­թին կը տես­­նեմ։ Շատ չար են… Ես այս գի­­շեր լու­­սամփոփս պի­­տի չմա­­րեմ»։ 11-րդ սա­­լիկի աւար­­տին Տե­­րեւը կ՚անդրա­­դառ­­նայ այդ երե­­ւոյ­­թին։ Իսկ 12-րդ սա­­լիկի աւար­­տին կը մա­­րէ լու­­սամփո­­փը ու հան­­գիստ կը քնա­­նայ։ Ան պատ­­րաստ է յա­­ջորդ օր հա­­մար­­ձա­­­կօրէն դպրոց եր­­թա­­­լու, որով­­հե­­­տեւ սո­­րուած է, թէ ինչպէս Շան­­թին պի­­տի վե­­րածէ բա­­րի ըն­­կե­­­րոջ մը, ինչպէս Գիլ­­գա­­­մէշը դար­­ձաւ բա­­րեսիրտ ար­­քայ իր պատ­­մութեան աւար­­տին։

Յա­­ջողու­­թիւն կը մաղ­­թենք հե­­ղինակ­­նե­­­րուն եւ կը յու­­սանք, թէ այս յօ­­դուա­­ծը կար­­դա­­­լով նոր գրիչ­­ներ կը յայտնուին, որոնք իրենց վի­­պակ­­նե­­­րով պի­­տի հարստաց­­նեն հայ­­կա­­­կան պա­­տանե­­կան գրա­­կանու­­թեան գան­ձա­րանը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ