«Պիտի մաղթեմ սէր, խաղաղութիւն եւ ողիմպիական յաղթանակներ»

2024 թ. Փարիզի ամառնային ողիմպիական խաղերուն ընդառաջ եւ ջաւախքեան յուշերու, մասնագիտական կողմնորոշման, յիշարժան սպորտային դէպքերու ու յառաջիկայ ընելիքների շուրջ Մարի Յովհաննիսեանը զրուցած է ՀՀ ԼԳՄՍ նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեանի հետ։

Մ.Յ.- Սկսինք Ջա­­­ւախ­­­քէն։ Ի՞նչ կը յի­­­շէք ձեր ծննդա­­­վայ­­­րէն։

Ջա­­­ւախ­­­քէն ամէն ինչ շատ վառ կը յի­­­շեմ, որով­­­հե­­­­­­­տեւ հրա­­­շալի ման­­­կութիւն ու պա­­­տանե­­­կու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­ցած եմ։ Ե՛ւ այն մար­­­զա­­­­­­­դաշ­­­տը, որ­­­տեղ ֆութպոլ կը խա­­­ղայինք, եւ՛ այն գե­­­տը, որ­­­տեղ ձուկ կը որ­­­սա­­­­­­­յինք ու կը լո­­­ղայինք, եւ՚ այն վայ­­­րե­­­­­­­րը, որ­­­տեղ կը գնէինք սունկ, հա­­­տապ­­­տուղ հա­­­ւաքելս լաւ կը յի­­­շեմ։ Նաեւ իմ ըն­­­կերնե­­­րուն ու հա­­­րազատ­­­նե­­­­­­­րուն կը յի­­­շեմ, առանց որոնց չէր կա­­­րենար իրա­­­կանա­­­նալ այս ամէ­­­նը, նաեւ քա­­­ղաքի (Ախալ­­­քա­­­­­­­լաք) հա­­­զարա­­­մեայ բեր­­­դի աւե­­­րակ­­­նե­­­­­­­րը, ուր կ՚եր­­­թա­­­­­­­յինք խա­­­ղալու։ Կարճ ըսած՝ ամէն բան հրա­­­շալի էր։

Մ.Յ.- Ին­­­չո՞ւ լրագ­­­րո­­­­­­­ղի մաս­­­նա­­­­­­­գիտու­­­թիւնն։

Սկզբին ընտրե­­­ցի ին­­­ժե­­­­­­­ներ-տնտե­­­սագէ­­­տի մաս­­­նա­­­­­­­գիտու­­­թիւնը՝ աւար­­­տե­­­­­­­լով ԵՊԻ մե­­­քենա­­­շինա­­­կան ար­­­դիւնա­­­բերու­­­թեան էկո­­­նոմի­­­կայ-կա­­­ռավա­­­րում ֆա­­­կուլտե­­­տը գե­­­րազան­­­ցութեամբ։ Ապա՝ մէկ տա­­­րի Ռու­­­սիոյ մէջ բիզ­­­նես ձիր­­­քը փոր­­­ձե­­­­­­­լէ ետք վե­­­րադար­­­ձայ Հա­­­յաս­­­տան՝ որո­­­շելով ընել այն, ինչն ինձ հա­­­մար եւ՛ հա­­­ճոյք է, եւ՛ աշ­­­խա­­­­­­­տանք՝ զբա­­­ղուիլ մար­­­զա­­­­­­­կան լրա­­­տուու­­­թեամբ։ Որ­­­պէս երկրորդ մաս­­­նա­­­­­­­գիտու­­­թիւն՝ ընտրե­­­ցի լրագ­­­րութիւ­­­նը՝ աւար­­­տե­­­­­­­լով ԵՊՀ Ժուռնա­­­լիս­­­տի­­­­­­­կայի ֆա­­­կուլտե­­­տը՝ դար­­­ձեալ գե­­­րազան­­­ցութեամբ։ Ամե­­­նասկզբին «Նորք» հե­­­ռուստա­­­տեսու­­­թեան «Լու­­­րեր»էն սկսայ աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քը՝ Նի­­­կոլա Գրի­­­գորեանի գլխա­­­ւորու­­­թեամբ, որ տե­­­ւեց 7-8 ամիս։ Յե­­­տոյ կա­­­մաց-կա­­­մաց տե­­­ղափո­­­խուե­­­ցայ սպոր­­­տի դաշտ, որով­­­հե­­­­­­­տեւ սպոր­­­տը շատ կը սի­­­րեմ միշտ։ Չնա­­­յած անոր՝ դեռ կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէի ոչ միայն սպոր­­­տա­­­­­­­յին նիւ­­­թեր պատ­­­րաստել, այ­­­լեւ զա­­­նազան ռէօփոր­­­թաժներ բե­­­րել ար­­­տա­­­­­­­սահ­­­մա­­­­­­­նեան այ­­­ցե­­­­­­­րէն։ Յե­­­տագա­­­յին՝ նեղ մաս­­­նա­­­­­­­գիտաց­­­մամբ ընտրե­­­ցի սպոր­­­տը, որով­­­հե­­­­­­­տեւ այդքա­­­նը անհնար էր հասցնել։

Մ.Յ.- 1998 թո­­­ւակա­­­նէն սկսած կը լու­­­սա­­­­­­­բանէք սպոր­­­տա­­­­­­­յին մի շարք առաջ­­­նութիւններ։ Մաս­­­նա­­­­­­­ւորա­­­պէս՝ ողիմ­­­պիական ամա­­­ռային եւ ձմե­­­ռային խա­­­ղերը։ Մրցա­­­վայ­­­րէն լու­­­սա­­­­­­­բանած էք աւե­­­լի քան աշ­­­խարհի 22 եւ Եւ­­­րո­­­­­­­պայի 31 առաջ­­­նութիւն։ Հե­­­տաքրքիր ի՞նչ դէպք կը յի­­­շէք այդ ժա­­­մանակ­­­նե­­­­­­­րէն։

Բնա­­­կանա­­­բար՝ Ար­­­թուր Ալեք­­­սա­­­­­­­նեանի Ողիմ­­­պիական չեմ­­­պիոն դառ­­­նա­­­­­­­լը, ու ան­­­կէ ետք այդ ամէ­­­նուն հե­­­տեւած «մա­­­զերը սափ­­­րե­­­­­­­լու գոր­­­ծընթա­­­ցը»։ Եր­­­կար ժա­­­մանակ՝ 1996-2016 թթ., մենք ողիմ­­­պիական չեմ­­­պիոն չենք ու­­­նե­­­­­­­ցած ու 2008 թ. Փե­­­քին մեկ­­­նե­­­­­­­լուս յայ­­­տա­­­­­­­րարե­­­ցի, որ եթէ չեմ­­­պիոն ու­­­նե­­­­­­­նանք՝ գլուխս կը սափ­­­րեմ։ Ցա­­­ւօք չու­­­նե­­­­­­­ցանք։ Յե­­­տոյ նոյն բա­­­նը յայ­­­տա­­­­­­­րարե­­­ցի Լոն­­­տոն՝ էլի չու­­­նե­­­­­­­ցանք։ Ես շատ վստահ էի՝ Ռիօ դէ Ժա­­­նէյ­­­րո­­­­­­­յի մէջ կ՚ու­­­նե­­­­­­­նանք, եւ նո­­­րէն նոյն յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւնը ըրի։ Հէնց որ Ար­­­թուրը դար­­­ձաւ ողիմ­­­պիական չեմ­­­պիոն, մօ­­­տեցայ ըսի Ար­­­թուրին, որ գայ ու գլուխս սափ­­­րէ։ Ըսաւ. «Ըն­­­կեր Գի­­­լոյեան, բայց ես ո՞նց սափ­­­րեմ»։ Ես ալ թէ՝ այդ պա­­­տիժ չէ, իրա­­­կանա­­­ցուած երա­­­զան­­­քի նշում է։ Այդպէս կը ցան­­­կա­­­­­­­նայի նշել այդ եր­­­ջա­­­­­­­նիկ, երա­­­նելի պա­­­հը։ «Հա՞, որ էդ­­­պէս է՝ նստիր»,- հա­­­մաձայ­­­նեց Ար­­­թուրը։ Մար­­­դիկ կ՚անցնէին ու մտա­­­ծէին՝ թէ վար­­­սա­­­­­­­յար­­­դա­­­­­­­րը ողիմ­­­պիական չեմ­­­պիոնն է, տես­­­նես՝ այդ որո՞ւ մա­­­զերը կը կտրէ։

Բայց, իհար­­­կէ, բո­­­լոր մրցումնե­­­րու ժա­­­մանակ ալ հե­­­տաքրքիր պա­­­հեր եղած են։

Մ.Յ.- Յատ­­­կա­­­­­­­պէս հայ մար­­­զիկնե­­­րու մաս­­­նակցու­­­թեամբ առաջ­­­նութիւննե­­­րուն ձեր մեկ­­­նա­­­­­­­բանու­­­թիւննե­­­րը, օրի­­­նակ՝ Նա­­­զիկ Աւ­­­դա­­­­­­­լեանը երբ հռչա­­­կուեց չեմ­­­պիոն, շատ ոգե­­­ւորող են՝ թէ՚ մար­­­զիկնե­­­րուն, թէ՛ էկ­­­րա­­­­­­­նէն այն կողմ գտնո­­­ւող­­­նե­­­­­­­րուն։ Ի՞նչ զգա­­­ցողու­­­թիւններ կ՚ու­­­նե­­­­­­­նաք այդ ժա­­­մանակ դուք։

Իրա­­­կանին, ես այդ ամէ­­­նը կ՚անո­­­ւանէի ոչ թէ մեկ­­­նա­­­­­­­բանու­­­թիւն, այլ բարձրա­­­ձայն երկրպա­­­գու­­­թիւն, որով­­­հե­­­­­­­տեւ ես իրա­­­կանին երկրպա­­­գած եմ, ես ապ­­­րած եմ այդ յաղ­­­թա­­­­­­­նակ­­­նե­­­­­­­րով։ Վեր­­­ջին տա­­­րինե­­­րուն ար­­­դէն նեար­­­դերս բա­­­րակել էին, ու շատ կ՚յու­­­զո­­­­­­­ւէի՝ մի կերպ զսպե­­­լով իմ այդ յու­­­զա­­­­­­­կան վի­­­ճակը։ Սա­­­կայն չէի ամա­­­չեր ար­­­տա­­­­­­­սուե­­­լէն, որով­­­հե­­­­­­­տեւ եր­­­ջանկու­­­թեան ար­­­ցունքնե­­­րը պէտք է հո­­­սին։ Չէ՞ որ եր­­­ջանկու­­­թիւնն ալ յու­­­զա­­­­­­­կան զգա­­­ցողու­­­թիւն է, որ պէտք է բաց թող­­­նել, որ­­­պէսզի վնաս չտայ։

Նա­­­զիկ Աւ­­­դա­­­­­­­լեանի դէպ­­­քը, իհար­­­կէ, ու­­­րիշ էր։ Ան ողիմ­­­պիական ծրագ­­­րին ընդգրկո­­­ւած մար­­­զա­­­­­­­ձեւե­­­րէն ան­­­կախ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի առա­­­ջին կին չեմ­­­պիոնն էր։ Յե­­­տոյ՝ Նա­­­զիկին շատ կը սի­­­րեմ։ Հե­­­տաքրքիր է, որ այդ մեկ­­­նա­­­­­­­բանու­­­թիւնս այնքան ոգե­­­ւորած է մարդկանց, որ հի­­­մա՝ 15 տա­­­րի անց, մեր ռե­­­ժիսոր­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կը ֆիլմ կը նկա­­­րէ «Մե­­­դալի հա­­­կառակ կող­­­մը» վեր­­­նագրով, որու նշա­­­նաբա­­­նը հէնց իմ մեկ­­­նա­­­­­­­բանու­­­թիւնն է ընտրո­­­ւած՝ «Կը տես­­­նէ՞ք, որ նոյ­­­նիսկ տրա­­­ման կա­­­րող է եր­­­ջա­­­­­­­նիկ աւարտ ու­­­նե­­­­­­­նալ»։

Մ.Յ.- Հայ ազ­­­գը Տիգ­­­րան Պետ­­­րո­­­­­­­սեան, Եու­­­րի Վար­­­դա­­­­­­­նեան, Ալ­­­պերտ Ազա­­­րեան ծնող ազգ է։ Ի՞նչ կը կար­­­ծէք անոնց փա­­­ռահեղ բար­­­ձունքնե­­­րը տա­­­նող ճա­­­նապարհնե­­­րով քայ­­­լողներ այ­­­սօր ու­­­նի՞նք։

Ըսեմ, որ այ­­­սօր Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի հա­­­ւաքա­­­կան­­­նե­­­­­­­րը հա­­­մալ­­­րո­­­­­­­ւած են բարձրա­­­կարգ, փրո­­­ֆէսիոնալ մար­­­զիկնե­­­րով, որոնց յաղ­­­թա­­­­­­­նակը անակնկալ չի դի­­­տուիր, այլ օրի­­­նաչա­­­փու­­­թիւն, որոնց կը հա­­­ւատաս, ու կը վստա­­­հիս։ Եր­­­կու ձեռ­­­քե­­­­­­­րուս մատ­­­նե­­­­­­­րը չեն բա­­­ւակա­­­նաց­­­ներ այդ մար­­­զիկնե­­­րուն թո­­­ւար­­­կե­­­­­­­լու հա­­­մար, եւ այդ շատ լաւ է։ Ուղղա­­­կի, հի­­­մա պէտք է կեդ­­­րո­­­­­­­նանանք ճիշդ ճա­­­նապարհ ընտրե­­­լու դէ­­­պի Փա­­­րիզ 2024-ի ողիմ­­­պիական խա­­­ղեր, որ­­­պէսզի այնտե­­­ղէն ան­­­պայման չեմ­­­պիոն­­­ներ բե­­­րենք։

Մ.Յ.- Իսկ ի՞նչ կը կար­­­ծէք՝ մաս­­­նա­­­­­­­ւորա­­­պէս ո՞ր մար­­­զա­­­­­­­ձեւե­­­րուն կրնանք ու­­­նե­­­­­­­նալ չեմ­­­պիոն­­­ներ այս տա­­­րի Փա­­­րիզ կա­­­յանա­­­լիք ողիմ­­­պիական խա­­­ղերուն։

Սպոր­­­տա­­­­­­­յին մարմնա­­­մար­­­զութիւն, ըմբշա­­­մարտ, ծան­­­րա­­­­­­­մարտ, հրաձ­­­գութիւն, բռնցքա­­­մարտ։ Եւ ասոնք այն մար­­­զա­­­­­­­ձեւերն են, որոնց ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչնե­­­րը շատ մօտ են յա­­­ջողու­­­թեան։ Տես­­­նենք՝ յա­­­ռաջի­­­կայ ամիս­­­նե­­­­­­­րուն ինչպէս կ՚անցկաց­­­նենք ու ինչ կար­­­գա­­­­­­­վիճա­­­կով կ՚եր­­­թանք Փա­­­րիզ։

Մ.Յ.- Ձեր ֆա­­­ւորի­­­տը երեկ եւ այ­­­սօր թէ՛ հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին, թէ՛ հայ­­­կա­­­­­­­կան սպոր­­­տի մէջ։

Իհար­­­կէ՝ Ար­­­թուր Ալեք­­­սա­­­­­­­նեան… Մենք 2002-2009 թթ. աշ­­­խարհի չեմ­­­պիոն չենք ու­­­նե­­­­­­­ցած։ Ես որ կը նա­­­յէի աշ­­­խարհի գոր­­­ծող մար­­­զիկնե­­­րուն, կ՚ըսէի «Աս­­­տուած ճան, մի Մայքլ Ֆելփս ու­­­նե­­­­­­­նայինք՝ ու­­­րիշ ոչինչ չու­­­նե­­­­­­­նայինք»։ Յե­­­տոյ, երբ սկսաւ Ար­­­թուրի դա­­­րաշրջա­­­նը, վստահ եմ, որ ար­­­տա­­­­­­­սահ­­­մա­­­­­­­նին շա­­­տեր նոյն բա­­­նը մտա­­­ծած են՝ «Ար­­­թուրի պէս մար­­­զիկ ու­­­նե­­­­­­­նայինք, ու­­­րիշ ոչինչ չու­­­նե­­­­­­­նայինք»։ Հեշտ չէ 2011-2023 թթ. ըլ­­­լալ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի լա­­­ւագոյն մար­­­զիկնե­­­րու տաս­­­նեակին մէջ, ամէն տա­­­րի մե­­­տալ բե­­­րել տար­­­բեր մրցումնե­­­րէն՝ ողիմ­­­պիական խա­­­ղերի չեմ­­­պիոն, մրցա­­­նակա­­­կիր, աշ­­­խարհի՝ քա­­­ռակի, Եւ­­­րո­­­­­­­պայի վե­­­ցեակի չեմ­­­պիոն (Ար­­­դէն՝ եօթ­­­նա­­­­­­­կի։ Օրերս՝ Եւ­­­րո­­­­­­­պայի ըմբշա­­­մար­­­տի առաջ­­­նութեանը Ար­­­թուր Ալեք­­­սա­­­­­­­նեանը կրկին յաղ­­­թա­­­­­­­նակ տա­­­րաւ՝ դառ­­­նա­­­­­­­լով Եւ­­­րո­­­­­­­պայի չեմ­­­պիոն)։ Այո, Ար­­­թուրը ֆան­­­թասթիկ մար­­­զիկ է հի­­­մա ալ, եւ կը թո­­­ւի՝ երեք ողիմ­­­պիական խա­­­ղերու մաս­­­նակցած, բո­­­լոր հնա­­­րաւոր տիտ­­­ղոսնե­­­րը նո­­­ւաճած մար­­­զի­­­­­­­կին որ­­­տե­­­­­­­ղէ՞ն այդքան ձգտում դէ­­­պի նոր յաղ­­­թա­­­­­­­նակ­­­ներ, բայց ին­­­քը կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կէ նոյն խան­­­դա­­­­­­­վառու­­­թեամբ ու փրո­­­ֆէսիոնալ մար­­­զի­­­­­­­կի պա­­­հուած­­­քով։

Մ.Յ.- Եթէ ու­­­նե­­­­­­­նայիք հնա­­­րաւո­­­րու­­­թիւն, ապա աշ­­­խարհահռչակ ո՞ր մար­­­զի­­­­­­­կի հետ կը ցան­­­կա­­­­­­­նայիք հան­­­դի­­­­­­­պիլ եւ զրու­­­ցել։

Գի­­­տէ՞ք, ես այնքան աշ­­­խարհահռչակ մար­­­զիկնե­­­րու հետ հան­­­դի­­­­­­­պած եմ ու զրու­­­ցած, որ կը դժո­­­ւարա­­­նամ ըսել։ Թե­­­րեւս, չեմ զրու­­­ցած Մայքլ Ֆելփսի հետ։ Բայց մե­­­րոնք ալ շատ լաւն են։ Ես շատ-շատ աշ­­­խարհահռչակ մար­­­զիկնե­­­րու, ողիմ­­­պիական բազ­­­մա­­­­­­­կի չեմ­­­պիոն­­­նե­­­­­­­րու հետ ոչ միայն զրու­­­ցած եմ, այլ նաեւ մտե­­­րիմ յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւններ ու­­­նե­­­­­­­ցած մինչ օրս ու այդ կը հա­­­մարեմ մեծ ձեռքբե­­­րում։ Նաեւ շատ եր­­­ջա­­­­­­­նիկ եմ, որ բախտ ու­­­նե­­­­­­­ցած եմ այդպի­­­սի կեանք ապ­­­րիլ ու նման մարդկանց հետ հա­­­ճելի պա­­­հեր ու­­­նե­­­­­­­նալ։

Մ.Յ.- Ան­­­ցեալ տա­­­րի բա­­­ւակա­­­նին յա­­­գեցած էր սպոր­­­տա­­­­­­­յին աշ­­­խարհը եւ մաս­­­նա­­­­­­­ւորա­­­պէս մեր երկրի մէջ։ Ի՞նչը յատ­­­կա­­­­­­­պէս կ՚առանձնաց­­­նէիք՝ գրան­­­ցո­­­­­­­ւած ար­­­դիւնքնե­­­րով հան­­­դերձ։

Ամե­­­նան­­­շա­­­­­­­նակա­­­լի իրա­­­դար­­­ձութիւ­­­նը Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի հա­­­մար, ըստ իս, ծան­­­րա­­­­­­­մար­­­տի Եւ­­­րո­­­­­­­պայի առաջ­­­նութիւնն էր։ Մենք փայ­­­լուն հան­­­դէս եկանք՝ տղա­­­մարդկանց թի­­­մային պայ­­­քա­­­­­­­րին բա­­­ցայայտ առա­­­ւելու­­­թեամբ գրա­­­ւելով առա­­­ջին տե­­­ղը եւ ու­­­նե­­­­­­­նալով Եւ­­­րո­­­­­­­պայի չորս չեմ­­­պիոն։ Սա գե­­­րազանց ար­­­դիւնք էր, եւ յե­­­տոյ՝ այդ նոյն հա­­­ւաքա­­­կանը աշ­­­խարհի առաջ­­­նութեան ժա­­­մանակ ապա­­­ցու­­­ցեց, որ այդ յա­­­ջողու­­­թիւնը պա­­­տահա­­­կան չէր։ Իհար­­­կէ, նշա­­­նակա­­­լից իրա­­­դար­­­ձութիւն էր նաեւ սամ­­­բո­­­­­­­յի մե­­­ծահա­­­սակ­­­նե­­­­­­­րու աշ­­­խարհի առաջ­­­նութիւ­­­նը, որու ար­­­դիւնքով ու­­­նե­­­­­­­ցանք 10 մե­­­տալ, սա­­­կայն չեմ­­­պիոն չու­­­նե­­­­­­­ցանք՝ ցա­­­ւօք։ Իսկ ինձ հա­­­մար չեմ­­­պիոն ըլ­­­լա­­­­­­­լը կա­­­րեւոր է։ Ճիշդ է՝ ու­­­նինք մար­­­զա­­­­­­­ձեւեր, որոնց պա­­­րագա­­­յին մաս­­­նակցու­­­թիւնն ալ քիչ չէ, բայց յե­­­նակէ­­­տային մար­­­զա­­­­­­­ձեւե­­­րուն՝ միայն յաղ­­­թա­­­­­­­նակ, ու հնա­­­րաւո­­­րինս՝ շատ։ Փրո­­­ֆէսիոնալ մար­­­զի­­­­­­­կը պէտք է եր­­­թայ յաղ­­­թե­­­­­­­լու պայ­­­մա­­­­­­­նով։

Մ.Յ.- 2024-ին ի՞նչ կը սպա­­­սուի հայ­­­կա­­­­­­­կան սպոր­­­տէն։

Մեզ հա­­­մար այս պա­­­հուն ամե­­­նակա­­­րեւո­­­րը Փա­­­րիզ 2024-ն է՝ ան­­­կասկած։ Չնա­­­յած՝ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ սպոր­­­տա­­­­­­­յին այլ իրա­­­դար­­­ձութիւններ ալ ու­­­նինք այս տա­­­րի՝ մաս­­­սա­­­­­­­յական սպոր­­­տի դաշ­­­տին «Վար­­­չա­­­­­­­պետի գա­­­ւաթ» հինգ մրցա­­­շար, ԱՊՀ երկրնե­­­րու սպոր­­­տի ղե­­­կավար­­­նե­­­­­­­րու հա­­­մաժո­­­ղով։ Ի դէպ՝ այս տա­­­րի ԱՊՀ երկրնե­­­րու սպոր­­­տա­­­­­­­յին մայ­­­րա­­­­­­­քաղա­­­քը Կիւմրին է։ Ու­­­նինք զա­­­նազան մրցա­­­շարե­­­րու ու առաջ­­­նութիւննե­­­րու յայ­­­տեր, բայց խո­­­շոր մրցու­­­թիւննե­­­րու հա­­­մար աւե­­­լի կու գանք դէ­­­պի 2025 թ-ը, որու հա­­­մար ար­­­դէն մի քա­­­նի յայ­­­տեր ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցած ենք։ 2027 թ-ը բա­­­ւակա­­­նին ծան­­­րա­­­­­­­բեռ­­­նո­­­­­­­ւած է, որով­­­հե­­­­­­­տեւ մարմնա­­­մար­­­զութեան Եւ­­­րո­­­­­­­պայի առաջ­­­նութիւ­­­նը անցկաց­­­նե­­­­­­­լու, Ֆրան­­­կո­­­­­­­ֆոնիայի խա­­­ղերը ու հա­­­մահայ­­­կա­­­­­­­կան հեր­­­թա­­­­­­­կան խա­­­ղերը կ՚անցկա­­­ցուին, եւ իհար­­­կէ՝ շատ խո­­­շոր մրցման յոյս ու­­­նինք՝ աշ­­­խարհի մե­­­ծահա­­­սակ­­­նե­­­­­­­րու առաջ­­­նութիւն։Իսկ թէ ո՞ր մար­­­զա­­­­­­­ձեւով՝ կի­­­մանաք մօտ ապա­­­գայում։

Մ.Յ.- Մար­­­զե­­­­­­­րուն սպոր­­­տա­­­­­­­յին կեան­­­քը ի՞նչ կար­­­գա­­­­­­­վիճա­­­կին է։ Ար­­­դեօք կա՞ն մար­­­զա­­­­­­­ձեւեր, որոնք դեռ չեն հա­­­սած մար­­­զեր։

Հի­­­մա ՀՀ կա­­­ռավա­­­րու­­­թիւնը խո­­­շոր ծրա­­­գիր կ՚իրա­­­կանաց­­­նէ։ Շի­­­րակի եւ Լո­­­ռու, մի քիչ ալ Կո­­­տայ­­­քի մար­­­զե­­­­­­­րէն բա­­­ցի, միւս մար­­­զե­­­­­­­րուն այդքան ալ գո­­­հաց­­­նող չէ սպոր­­­տի վի­­­ճակը, որով­­­հե­­­­­­­տեւ են­­­թա­­­­­­­կառու­­­ցո­­­­­­­ւածքներ չկան, բայց ՀՀ վար­­­չա­­­­­­­պետի ան­­­մի­­­­­­­ջական հրա­­­հան­­­գով ու հսկո­­­ղու­­­թեամբ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ ծրագ­­­րեր կ՚իրա­­­կանա­­­ցուին ար­­­դէն։ Ար­­­թուր Ալեք­­­սա­­­­­­­նեանի անու­­­նը կրող մար­­­զա­­­­­­­համա­­­լիր կը կա­­­ռու­­­ցո­­­­­­­ւի Կիւմրի, որ կ՚ու­­­նե­­­­­­­նայ ան­­­գամ Եւ­­­րո­­­­­­­պայի առաջ­­­նութիւն անցկաց­­­նե­­­­­­­լու հնա­­­րաւո­­­րու­­­թիւն, Սի­­­մոն Մար­­­տի­­­­­­­րոսեանի անու­­­նը կրող մար­­­զա­­­­­­­համա­­­լիրի կա­­­ռուցման աշ­­­խա­­­­­­­տանքներն կ՚աւար­­­տո­­­­­­­ւի ար­­­դէն Ար­­­մա­­­­­­­ւիրի մէջ, նաեւ շատ այլ մար­­­զադպրոց­­­ներ, մար­­­զա­­­­­­­դահ­­­լիճներ, լո­­­ղաւա­­­զանի կեդ­­­րոններ, խա­­­ղային դահ­­­լիճներ կը կա­­­ռու­­­ցո­­­­­­­ւին։ Կարճ ըսած՝ հսկա­­­յածա­­­ւալ աշ­­­խա­­­­­­­տանքներ կը սպա­­­սուի։ Եւ կը յու­­­սամ՝ մի քա­­­նի տա­­­րի ետք մար­­­զե­­­­­­­րուն այ­­­լեւս որե­­­ւէ մէ­­­կը բո­­­ղոքե­­­լու պատ­­­ճառ չու­­­նե­­­­­­­նար։

Մ.Յ.- Ի՞նչ կը բա­­­րեմաղ­­­թէք «Ակօս»ի ըն­­­թերցո­­­ղին

«Ակօս»ի ըն­­­թերցո­­­ղին ու բո­­­լոր մեր աշ­­­խարհաս­­­փիւռ հայ­­­րե­­­­­­­նակից­­­նե­­­­­­­րուն պի­­­տի մաղ­­­թեմ սէր, խա­­­ղաղու­­­թիւն եւ ողիմ­­­պիական յաղ­­­թա­­­­­­­նակ­­ներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ