Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 13 Փետրուար 2024, Երեքշաբթի երեկոյեան Տեառնընդառաջի նախատօնակին նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ։
Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, կատարուեցաւ տարւոյն առաջին անդաստանը եւ օրհնուեցան աշխարհի չորս ծագերը։ Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը Ս. Սեղանի մշտավառ կանթեղէն առաւ ճրագը եւ վառեց եկեղեցւոյ կեդրոնը դրուած մեծ մոմը։
Նոյն առթիւ, Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեան Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցիներու մէջ արարողութեան հանդիսապետեցին։