ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Կենդանական աշխարհի միակ ասուն արարածն է մարդը, ինչպէս նաեւ ամենէն քիչ ճանչցուածը։ Սխալ չէ ըսուած, թէ «Աւելի դիւրին է արածեցնել կենդանիներու մի ամբողջ նախիր, քան մի մարդ կառավարել», որուն համահունչ է՝ «Աւելի հեշտ է ճանչնալ որեւէ կենդանին, քան մօտ մի բարեկամին»։ Հեռաւոր ժամանակներէն դեռ մարդ արարածը հաղորդակցուելու կարիք զգացած է եւ տարբեր տեսակի շփումներ ունեցած իր ցեղակիցներէն բացի՝ նաեւ այլոց հետ, մինչեւ իսկ շահադիտական նպատակով։ Մարդիկ ընտանիքով իրար այցելելու վարժուած էին։ Այդ շփում-հանդիպումներու առիթով աւելի հաճելի ժամանց ունենալու միտումով ստեղծուած են տարբեր տեսակի ու բովանդակութեան խաղեր թէ՚ մեծերու եւ թէ՚ անչափահասներու համար, ինչպէս թղթախաղերը, տաման, նարդին, որ ազգային բնոյթի դարձած են։ Պարզ ըսած, հանդիպիլը եւ անցեալը յիշել-պատմելը անհրաժեշտութիւն դարձած էր, մանաւանդ խարբերդցի, վանեցի, մշեցի կամ եղեռնէն ճողոպրած այլ համագիւղացիներու համար՝ աքսորի սարսափը պատմելով վերապրիլը։ Այդպէս է, որ ստեղծուեցան՝ լրաբերները, նամակագրութիւնը, սուրհանդակները, լրագրերը, ռատիօն եւ հեռատեսիլը՝ վերջապէս այսօրուայ բջջային հեռախօսը, որ դարձած է մարդկային կատարեալ չարիք, պատուհաս։ Այլեւս առաջացած է բազմութեան մի տեսակ, որու ուղեղը այլեւս չի գործեր, ամենուրէք անոր կը փոխարինէ հեռախօսը, առանց որու՝ ոմանք այլեւս չեն ապրիր։
Ի դէպ տեսայ մի զաւեշտալի, սրամիտ պատկեր, ուր յայտնի երեք կապիկներու նկարը, որ մինչ այսօր կը ցուցադրուէր անոնց բերանը, աչքը եւ ականջը ծածկուած եւ կը նշանակէր՝ բան չեն տեսած, չեն լսած եւ ըսելիք չունին, անոնց կողքին աւելացած էր չորրորդ կապիկը՝ ձեռքին հեռախօս, որ կատարեալ արդի համատարած պատկեր է՝ փողոցին տանը եւ ամենուր։
Համաշխարհային հանրութիւնը շշմած-մոլորուած է, անոր թմրեցուցած են եւ կը փորձեն դարձնել արհեստական իմացականութեան (Intelligence arti…cielle) ստորադաս, այն սկզբունքով, թէ պարտադիր չէ որ ամէն ինչ մտածելու, որոշելու ունակ ըլլան եւ անոր կարիքը եւս չկայ։ Ընտրեալներու՝ բնակչութեան մօտ տասը տոկոսի պարտականութիւնն է այդ եւ այն կ՚ընեն նորագոյն ռոպոթ մեքենաներու՝ արհեստական խելացիութեան (բանականութեան) օգնութեամբ, իսկ ամբոխի բոլոր քայլերը կը վերահսկուին հեռախօսի միջոցաւ, քանզի ոմանց պարագային այն կը փոխարինէ ուղեղին։ Նախկին «Բաժանի՚ր, որ տիրեսէ»ին կցուուած է «Թմրեցո՚ւր, շշմեցո՚ւր որ տիրեսէ»ը։ Այլ նպատակ չկայ։ Նայիր չորս կողմդ, սիրելի ընթերցող, եւ կը նկատես, որ ամէն կողմէն քեզ կը պարտադրեն քու ուտեստը, գնումները, հագուստը, հետեւաբար գովազդի զանզան միջոցներով շատերը կ՚ենթարկեն։
Ոմանք կը կարծեն, թերեւս նաեւ վստահ են, թէ հեռախօսի եւ նման այլ սարքերու բուռն տարածումը ու զարգացումը բարեկեցութեան, առաջընթացի, նպատակով եղած են։ Այդ կարծիքը ունեցողները չարաչար կը սխալուին, նախ որ մեր բարօրութեան համար մատ շարժող չկայ, եթէ մեծ շահաբերութիւն չըլլայ ձեռնարկած որեւէ քայլի դիմաց, իսկ գործարար անձը՝ միայն շահ կը ճանչնայ եւ այլ տեսիլք ու նպատակ չունի։
Ամէն տարի հայրենիք կատարած մեր այցելութիւններուն, փողոցի երթեւեկութեան խտութիւնը աննկատ չի մնար, որ անընդհատ աճելու հակում ունի, եւ ըստ էութեան բարեկեցութեան նշան է։ Աննկատելի չեն նաեւ երթեւեկութեան անկարգ բնոյթը, անհաշիւ խճողումները՝ բազում վթարներով ու զոհերով։
Փաստօրէն ճակատագրական եւ ազգային չարիք է, մինչեւ իսկ պատուհաս ըլլալու աստիճան, փողոցին երթեւեկող ինքնաշարժներու քանակը։ Նկատի չունինք միայն ռետինէ անիւներով մետաղեայ զանգուածը, որ մեր հայրենաբնակներու թիւ մէկ կուռքն դարձած է տարիներէ ի վեր, այլ նաեւ այն վարելու իրաւունք ունեցող մեծաքանակ տխմարները, որ հեռու են բանականութեան տարրական մակարդակէն եւ կը գտնուին ղեկին՝ հեռախօսը ձեռքին։ Իրականին Երեւանի գործող փողոցներու անհրաժեշտ ընդհանուր մակերեսը անբաւարար է շրջանառութեան մէջ եղած մեքենաներու քանակի համեմատ։ Կը կարծեմ արդէն ժամանակն է, որ Երեւանի քաղաքապետարանը հիմնական փոփոխութիւններ ընելու կարիք ունենայ մայրաքաղաքի յատակագծի առումով եւ աւելի լուրջ ուշադրութեան արժանացնէ քաղաքը շրջանցելու նոր ճանապարհի իրականացման, անոր հետ նաեւ առնուազն չորս եւ աւելի նոր կամուրջներու կառուցմանը Հրազդան գետի վրայ։ Այդ եղած է խառնաշփոթի միակ լուծման միջոցը։ Այդպիսին էր Թամանեանի յատակագիծը, որ կը մնայ մինչ այսօր։
Ի՞նչ ըսել անիմաստ այն երեւոյթին, որ մեր աւետեաց երկրի ճանապարհային երթեւեկութեան անհամար ողբալի վթարներու զգալի մաս կը կազմեն ճակատային բախումները, որ կը նշանակեն թէ՝ երեւի վարորդները իրար չեն տեսած, քանզի զբաղուած եղած են հեռախօսով կամ բարձր արագութեամբ սուրալով՝ անբաժան ծխախոտը ձեռքին, վրիպած են։ Բացառուած չէ նաեւ, որ տխմար յամառութեան պատճառով չեն ցանկացած իրար զիջել։ Անտեսելի չէ նոյնպէս թմրամիջոցի առկայութեան վարկածը։
Լուրջ խնդիրներու առջեւ ենք եւ թշնամու դիպուկահարներու կրակոցներէն ողբալի զոհերու թիւը մեր տգիտութեամբ աւելացնելը աղէտ է։ Ենթադրելի է, որ նախքան մեքենայ գնելը շատերը կ՚անտեսեն վարորդական դասընթացին հետեւիլ։ Այդպիսիները առանց վարելու տարրական գիտելիքներու կը մտնեն երթեւեկութեան ոլորտ՝ անգիտակցաբար դառնալով հասարակութեան վտանգ եւ բազում վթարներու հեղինակ։ Անյայտ է, թէ ինչպէս է բուժուելու այդ արատը։
Սեն Ռաֆայէլ