Մանկութեան յիշարժան յուշերէն մինչեւ մասնագիտական կողմնորոշում, ամենատպաւորիչ այցերէն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակութային անցուդարձէն մինչեւ կատարուած, կատարուող եւ կատարուելիք կարեւորագոյն իրադարձութիւններ։ Այս եւ այլ ուշագրաւ թեմաներու շուրջ Մարի Յովհաննիսեանը զրուցած է ՀՀ Կրթութեան Գիտութեան Մշակոյթի եւ Սպորտի Նախարարի Տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեանի հետ։
ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Մ.Յ.-Սկսինք սկզբէն։ Երեւանեան մանկութենէն ամենատպաւորիչ յուշը։
Յուշերը շատ են։ Ամենատպաւորիչը, թերեւս, երբ ինձ բերին «Անուշ» օփերան դիտելու։ Տակաւին մանուկ էի եւ այնքան տպաւորուած էի, որ վերջը ոտքի կանգնեցի եւ գոռացի. «պռաւօ՜», չնայած՝ չգիտէի՝ օփերան ինչ է, «պռաւօ»ն ինչ է։ Ու այդ օրը կարծես ուղղութիւն տուաւ ինձ, որ պիտի ընտրեմ երաժշտական արուեստը որպէս արտայայտուելու միջոց։ Օրինակ օփերան շատ հարուստ երեւոյթ է, ինձ համար բոլոր արուեստներու խաչաձեւումն է։ Եւ այսօր ալ ես դրան եմ գնում, որ բոլոր արուեստները խաչաձեւուին, չառանձնանան, չմեկուսացուին։
Մ.Յ.- Երաժշտութիւնը ծի՞ն է, թէ՞…
Չէ, իհարկէ։ Ծին չէ։ Բայց այն մթնոլորտը, որտեղ ես մեծցած եմ՝ շատ երաժշտասէր եղած է մշտապէս։ Եւ այդ ալ օգնած է մասնագիտութեան կողմնորոշման հարցին։ Այսօր ալ ես ինքս այդ կ՚ընեմ՝ իմ հայրենիքի մէջ կը փորձեմ ստեղծել այնպիսի բարեկեցիկ մթնոլորտ, որ կ՚օգնէ մասնագիտական ընտրութեան հարցին կողմնորոշուելու։
Մ.Յ.- Հրաժեշտ Հայաստանին…. Ինչո՞ւ Ֆրանսա, եւ ի՞նչ տուաւ Եւրոպան։
Ինչո՞ւ Ֆրանսա։ Որովհետեւ մի կողմս Ֆրանսայէն է։ Իսկ Ֆրանսան այն երկիրն է, որտեղ մշակութային արժէքները կը գնահատուին եւ կը պահպանուին։ Ես ծնած եմ Խորհրդային երկրի մէջ, որտեղ շատ սահմանափակումներ կար ամէն ինչի նկատմամբ, յատկապէս՝ մտքի ու արուեստի։ Իսկ Եւրոպան, այս տեսանկիւնէն, յատկապէս, ինձ տուաւ անսահմանափակ հնարաւորութիւններ։ Ազատութեան զգացողութիւնը օգնեց հասկնալ, որ հնարաւոր է ստեղծել ինստիտուտներ, որտեղ ոչ թէ անձն կը որոշէ, այլ պետութիւնը ունի գերակշիռ դիրք։ Այն ինչ տուին ինձ այդ տարիները, թերեւս գիտելիքներու մեծ պաշարն է, նաեւ փորձառութիւնը, որ այսօր կը վերադարձնեմ հայրենիքիս։
Մ.Յ.- Դուք ձեզ աւելի շատ մանկավարժ կը համարէք, օփերայի թատրոնի արթիսթ, թէ՞ հասարակական-քաղաքական գործիչ։
Երեքն ալ միասին։ Տեսէք, այժմ ես հասարակական-քաղաքական գործունէութիւն կը ծաւալեմ եւ այս հարցին ինձ շատ կ՚օգնէ մանկավարժը։ Որովհետեւ մանկավարժութիւնը նաեւ մարդասիրութիւն է, մանկավարժութիւնը հասարակութեան կրթման կարեւորագոյն գործընթացը կ՚ապահովէ։ Մանուկ մը, պատանի մը կրթելը հասարակութեան ստեղծման պատասխանատու գործընթացը կ՚ապահովէ։ Այնպէս որ եւ՛ մանակավարժ կայ իմ մէջ, եւ՛ հասարակական-քաղաքական գործիչ, եւ՛ օփերայի արթիսթ։
Մ.Յ.- Բաւականին երկար ժամանակ դասաւանդած էք ֆրանսական շարք մը ուսումնական հաստատութիւններուն։ Ի՞նչպիսին է Դանիէլ Դանիէլեան մանկավարժը։
Մարդասէր։
Մ.Յ.- Ֆիլմարտադրութեան, ֆիլմերու մասին օրէնքի փոփոխութեան հետ կապուած բաւականին իրադարձային էր անցած տարին։ Ի՞նչ կրնաք ըսել այս մասին, եւ յառաջիկայ ընելիքները որո՞նք պիտի ըլլան ֆիլմարտադրութեան ոլորտին։
Այս ամիսները շատ կարճ էին լուրջ արդիւնքներ արձանագրելու համար։ Սակայն եղած են էական աշխատանքներ, որոնցմէ կ՚առանձնացնեմ յատկապէս հայկական 10 ֆիլմերու 28 մրցանակներ, որ բերուած է Հայաստան։ Յաջորդն այն է, որ լրացումներ ու փոփոխութիւններ կատարուած են «Կինեմատոգրաֆիայի մասին ՀՀ օրէնք»ի, որու արդիւնքին ներդրուած է ներդրումներու մասնակի վերադարձի համակարգը։ Ըստ այնմ՝ ոլորտը կը դառնայ ընթեռնելի այն կազմակերպութիւններու համար, որոնք կը համագործակցին Հայաստանի հետ, այսինքն՝ օրէնքի փոփոխութեան համընթաց ամէն բան առաւել հասկանալի եւ յուսալի կը դառնայ։ Իմ խորին համոզմամբ՝ վերը արձանագրածը կարող է ոլորտի զարգացման համար որակապէս նոր ու արդիւնաւէտ պայմաններ ստեղծել։ Ֆիլմարտադրութեան հետ կապուած՝ կարեւոր կը համարեմ նաեւ Վրաստանի Մշակոյթի Նախարարութեան հետ 2024-ին թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ Վրաստան հայ-վրացական ֆիլմերու մարզային կինօփառատօն անցկացնելու համաձայնութեան ձեռք բերումը։ Եւ քանի որ մարզերը մեր ուշադրութեան կեդրոնին եղած են մշտապէս, ապա այս առումով կը կարեւորեմ մարզերուն կինօփառատօներու ու կինօդիտումներու անցկացումը։
Մ.Յ.- Յաճախակի կ՚այցելէք Հայաստանի տարբեր կրթամշակութային հաստատութիւններ… Ամենատպաւորիչ այցը՝ որպէս փոխնախարար։
Շատ քիչ են հաստատութիւնները մեր հանրապետութեան մէջ, որ չեմ այցելած։ Մշտապէս այցելութիւններս են յատկապէս մարզեր, նաեւ մեր քննարկումները մշակութային հաստատութիւններու աշխատակիցներու հետ։ Գրեթէ բոլորն ալ տպաւորիչ են, սակայն կ՚առանձնացնեմ անցեալ տարի Արարատի մարզ կատարած այցը, որու ընթացքին այցելեցի Արտաշատի գեղարուեստի դպրոցը։ Ներկայ գտնուեցայ կարպետագործութեան դասին։ Երախաներէն մէկը շատ գեղեցիկ թեւնոց գործած էր, եւ ես բարձրաձայն արտայայտեցի իմ հիացումը։ Ան առանց վարանելու թեւնոցը, որ Հայաստանի դրօշի գոյները կը կրէր իր մէջ, նուիրեց ինձ։ Այդ օրուընէ ձեռքս է այդ թեւնոցը։ Ամէն նայելուս չեմ մոռնար, որ ես այդ երախաներու համար կ՚աշխատիմ։ Թերեւս, ամենատպաւորիչ այցը այս էր։
Մ.Յ.- Անցեալ տարին բաւականին իրադարձային էր հայ մշակութային կեանքի առումով։ Գրանցուած արդիւնքները, ընելիքները ու հայկական կրթամշակութային ապագայի ձեր տեսլականը։
Իսկապէս, 2023 թուականը յագեցած էր մշակութային կարեւոր իրադարձութիւններով, որոնցմէ պիտի առանձնացնեմ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետի մահուան 850-րդ տարելիցը եւ Հայ կինոյի 100-ամեակը, որոնք ներառուած էին ՈՒՆԵՍԿՕ-ի յոբելեանական տարեթիւերու ցանկին։ Ապա «Արամ Խաչատրեան 120» յոբելեանական միջոցառումներու շրջանակին աշխարհի 12 երկրին կայացած 65 համերգները, այդ թուին՝ Օփերային թատրոնի հիւրախաղերը Փարիզի եւ Ստրասպուրկի մէջ։ Կը ցանկանամ կարեւոր երեւոյթի մը մասին նշել։ Խօսքս կը վերաբերի անոր, որ մշակութային ոլորտի բոլոր գործիչները իրենց զգան մշակութային այս մեծ ընտանիքի լիակատար անդամը։ Շատ են ընելիքները այս ոլորտին։ Տեսէք, ինչպէս հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու մանկավարժները, այնպէս ալ երաժշտական եւ արուեստի այլ դպրոցներու ուսուցիչները կարող են կամաւոր ատեստաւորման շնորհիւ ստանալ բարձր աշխատավարձ։ Սա շատ կարեւոր է։ Եղած աշխատանքներու մէջ առանձնացնել կ՚ուզեմ նաեւ պետութեան կողմէ թատերահամերգասրահներուն ֆինանսաւորելու նոր մոտելը, որու արդիւնքին տարուած աշխատանքները կը դառնան աւելի որակեալ, իսկ հաստատութիւններու մրցունակութեան մակարդակը տեսանելիօրէն կը բարձրանան։
Հարկ է նկատել տարբեր փառատօներու իրականացումը, որոնց թուին են «Գրքի երեւանեան միջազգային փառատօն»ը, «Երեւանի միջազգային թատերական փառատօն»ը, «ՌեԱնիմանի» անիմացիոն ֆիլմերի եւ պատկերապատման արուեստի միջազգային փառատօնը, «ՖեստիՎառ» երաժշտական մեծ փառատօնը եւ այլն։
Ինչպէս նշեցի՝ մեզ համար առաջնային է մարզերուն մշակութային կեանքի զարգացումն ու բարելաւումը։ Այս առումով ուշագրաւ է ամէն մարզին մէկական մշակութային կեդրոններու ստեղծումը, որ կը նպաստէ արուեստի եւ մշակոյթի տարբեր ճիւղերու իրականացումն ապահովող միջավայրի ձեւաւորումը։ ԿԳՄՍ նախարարութեան գերակայ ուղղութիւններէն են նաեւ ներառական ծրագրերն ու ներառականութեան ապահովումը։ Ներառականութեան ապահովման նպատակով տարուայ ընթացքին իրականացուած է 5 ծրագիր՝ «Կողք կողքի», «Խօսող կտաւներ», «Ֆրեսկօ», «Շրջիկ արուեստանոց», «Երաժշտական եւ արուեստի դպրոցներուն ներառականութեան ապահովման ուղղուած դասընթացներ»։
Ի վերջոյ՝ այսօր աշխարհը անընդմէջ փոփոխութիւններու կ՚ենթարկուի, եւ մենք պէտք է մեր ստեղծած մշակութային մթնոլորտով քալենք զարգացող աշխարհին զուգընթաց՝ չմոռնալով պահել ազգայինը՝ պարտադիր։
Մ.Յ.- 2024-ը յոբելեանական տարի է։ Արդէն իսկ նշուած են Փարաճանովի 100 ամեակը ու Սեւակի 100 ամեակը։ Առջեւնիս Շարլ Ազնաւուրի 100 ամեայ յոբելեանն է։ Այս եւ այլ յոբելեաններու առթիւ տարուայ ընելիքները։
Ունինք 21 յոբելեաններ, որոնցմէ երկուքը՝ Փարաճանովի ու Ազնաւուրի 100 ամեայ յոբելեանները ընդգրկուած են ՈՒՆԵՍԿՕ-ի՝ Հռչակաւոր մարդկանց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններու 2024-2025 թթ օրացոյցին։ Եւ իհարկէ այդ առթիւ նախատեսուած է միջոցառումներ։ Տարին յագեցած կ՚ըլլայ՝ համերգներ, գիտաժողովներ, ներկայացումներ, գիրքերու շնորհանդէսներ, ցուցադրութիւններ, կինօդիտումներ, որոնք կը վերաբերին մնացեալ յոբելեաններուն եւս։ 2024 թուականի յոբելեանական ծրագրերու շրջանակին աւուր պատշաճի կը նշուի նաեւ 19 յոբելեան, որոնց թուին են՝ Երուանդ Քոչարի 125, Պարոյր Սեւակի 100, Պարարուեստի պետական ուսումնարանի 100, Վալենթին Պոդպոմոգովի 100, Կոմիտաս քառեակի 100, Տիգրան Մանսուրեանի եւ Ռոբերտ Ամիրխանեանի 85 ամեակները։ Ազնաւուրի 100 ամեակի միջոցառումները մեր երկրին կը սկսին ընթացիկ տարուայ գարնան սկզբին։ Նախարարութիւնը կը հրապարակէ միջոցառումներու ժամանակացոյցը։ Այստեղ մէկ կարեւոր բան պէտք է նկատել, որ յոբելեաններու առթիւ յայտարարուած մրցոյթներուն առաջնութիւնը կը տրուի նորարարութիւններուն։ Տարին իսկապէս յագեցած է. ընելիքները թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ երկրէ դուրս շատ են։
Մ.Յ.- Ի՞նչ կը բարեմաղթէք «Ակօս»ի ընթերցողներուն։
Ես շատ լաւ գիտեմ, թէ ինչ է հայրենիքէն հեռու ապրիլը, Սփիւռքի մէջ հայ մնալը, հայրենիքէն դուրս գտնուելով՝ ազգութեան մասին հարցին պատասխանելը։ Հայ մնալը դժուար բան է։ Առհասարակ, Հայաստանը հզօր պէտք է ըլլայ։ Եւ կը ցանկանամ՝ երկրէ դուրս գտնուող մեր հայրենակիցները գան Հայաստան եւ միասին հզօրացնենք ու շէնացնենք բոլորիս հայրենիքը։