ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Թուրքիոյ յեղափոխական շարժումի առասպելական դէմքերէն մէկն է Կարպիս Ալթընօղլու, յատկապէս իր ենթարկուած անմարդկային տանջանքներու դիմաց անդրդուելի մնալուն պատճառաւ։
Վերջերս «Ֆաւորի» հրատարակչատան մատենաշարէն լոյս տեսաւ անոր տեղեկագրի բնոյթով յօդուածներու երկհատորանի հաւաքածոն «Ներքին պատերազմի մը օրագրութիւնը» խորագրով։
Ալթընօղլու ծնած էր 1946 թուին Ամասիա։ Աւարտած էր Պողազիչի Համալսարանը եւ այդ տարիներուն ալ մասնակցած քաղաքական զանազան կազմակերպութիւններու։
Ան իր քաղաքական գործունէութեան մէջ բազում անգամներ բերման ենթարկուած, ծանր տանջանքներու մատնուած եւ երկար տարիներ բանտարկութեան դատապարտուած է։ Այդ տանջանքներու շրջանին վերաբերեալ մանրամասնութիւնները հանրութեան տեսանելի դարձան նախկին ոստիկանի մը խոստովանութիւններով։ Ոստիկան Սետաթ Ճանէր 1986-ին «Նոքթա» պարբերականի էջերէն պատմեց թէ ինչ ծանր տանջանքներ գործադրած են իր վրայ, բայց ան ոչ մէկ գաղտնիք փոխանցած է իրենց։
«Ներքին պատերազմի մը օրագրութիւնը» իր բովանդակութեամբ լուսարձակի տակ կ՚առնէ ընդյատակեայ պայքարի մը մանրամասնութիւնները, ուր լայն տեղ կը գտնեն ներկուսակցական դաւադրական բազում խնդիրներ։ Եըլտըզ Այտընի խմբագրական աշխատանքով ընթերցողի մատուցուող այս բոլորը շատ կարեւոր վկայութիւնները իմաստալից եւ ուսուցողական պիտի ըլլան մանաւանդ այդ խմբակցութեան շարքայիններուն համար։ Իրաւ ալ բազում կեանքեր անխնայ կերպով զոհուեցան անպատասխանատու եւ անգիտակից գործիչներու սխալ վարքով։ Երեւոյթ մը՝ որուն նման բնոյթի կրկնութիւնները դժբախտաբար այսօր ալ կը բեմադրուի զանազան առիթներով եւ յաճախ պատճառ կը դառնայ «ինչո՞ւ» հարցումին։
Կարպիս Ալթընօղլու բանտարկութենէ ազատելէն ետք բնակութիւն հաստատեց Պելկիոյ մէջ եւ ընդմիշտ հետաքրքիր մնաց Թուրքիոյ քաղաքական անցուդարձներուն։ Արդարեւ գիրքին մէջ տեղադրուած յօդուածներու մէկ մասն ալ կը պատկանին Անդվերբերեան տարիներուն։
Ան իր մահկանացուն կնքեց 14 Հոկտեմբեր 2019-ին, Անթվերբենի մէջ։