Ինչպէս որ կը կանխատեսուէր, բաւականին ծանր ապրումներով յիշուեցաւ 6 Փետրուար 2023-ի երկրաշարժի առաջին տարելիցը։ 11 քաղաքներու մէջ շատ ծանր հետեւանքներու պատճառ դարձած ահռելի երկրաշարժին զոհուածներու թիւը կը գերազանցէ 53 հազարը։ Պաշտօնապէս հրապարակուած այս թիւը առհասարակ համոզիչ չի թուիր եւ ընդհանուր համոզումով այդ թիւը պէտք է ըլլայ պաշտօնական յայտարարութեան եռապատիկը կամ քառապատիկը։
Բացի աղէտէն ուղղակիօրէն տուժած 11 քաղաքներէն, Իսթանպուլ, Անգարա եւ Իզմիրի նման մեծ քաղաքներու մէջ ալ յիշատակման հանրահաւաքներ կատարուեցան։
Հաթայ նահանգը իր բազմազգի ու բազմակրօն բնակչութեամբ կ՚առանձնանայ աղէտի գօտիի միւս քաղաքներէն։ Հետեւաբար մամուլն ալ իր լրատուութեան առանցքին կը դնէ այս քաղաքի ժողովուրդը։ Այս ընդհանուր ընթացքին մէջ յիշատակման թուականէն հազիւ քանի մը օր առաջ նախագահ Էրտողան այցելած էր Հաթայ իր գլխաւորած կռուակցութեան թեկնածուները յայտարարելու համար։ Ակնարկելով մօտակայ, շրջանային վարչութիւններու ընտրութիւններուն Էրտողան այստեղ յայտնեց թէ հազիւ իշխող կուսակցութեան թեկնածուներու քաղաքապետ ընտրուելով է որ տուեալ քաղաքները դիւրաւ կրնան օգտուիլ պետական նեցուկէն։ «Ահաւասիկ Հաթայը անտէր ու որբ մնաց» ըսաւ նախագահը ակնարկելով այս քաղաքի մէջ քաղաքապետին ընդդիմադիր կուսակցութենէն ըլլալու հանգամանքին։
Նախագահի այս խօսքերը իբրեւ սպառնալիք ընկալուեցան ընդդիմադիր շրջանակներու կողմէ եւ փուռն կերպով քննադատուեցան։
Կառավարութեան ուղղեալ քննադատութիւններու թիրախ դարձաւ նաեւ Առողջապահական Նախարար Ֆահրետտին Քոճա։ Ի վերջոյ աղէտի գօտիի մէջ բազմաթիւ հիւանդանոցներ եւս գետնին հաւասարեցան անհամար հիւանդներու մահուան պատճառ դառնալով։ Մանաւանդ որ այդ հիւանդանոցներէն մէկ մասին համար նախապէս պատրաստուած էր ճարտարագիտական տեղեկագիրեր, որոնց համաձայն ահազանգ կը հնչեցուէր այդ շէնքերու անկայունութեան մասին։ Տեղեկագիրերու մէջ կը պահանջուէր, որ անոնք շուտով դատարկուին եւ աւելի ամուր կերպով վերակառուցուին։
Նախարարութիւնը անտեսած էր այդ տեղեկագիրերը, որու հետեւանքով նախարարն ալ կը դառնար բողոքներու նշաւակ։
Այսպէս Ֆահրետտին Քոճա տեսնելով իր դէմ բարձրացող բողոքի սուլոցները, հրաժարեցաւ ելոյթ ունենալէ եւ հեռացաւ հանրահաւաքի վայրէն։
Նմանը պատահեցաւ Հաթայի քաղաքապետ Լիւթֆիւ Սավաշի դէմ, որ եւս արժանացաւ հրաժարման վերաբերեալ վանկարկումներու։
Կառավարութեան ուղղեալ քննադատութիւնները կը ձեւաւորուէին երկու հատուածներով։ Առաջինը երկրաշարժի յաջորդող ժամերու եւ օրերու համատարած անճարակութիւնն էր, իսկ երկրորդը անցնող մէկ տարուայ ընթացքին բարելաւման աշխատանքներու թերացումը։
Ըստ երեւոյթի 6 Փետրուար 2023-ի, աղէտի պատճառած կսկիծը տակաւին երկար տարիներ պիտի տանջէ երկրի հասարակութեան խիղճերը։
Հովուական այցելութիւն
Մալաթիոյ հայ համայնքին
Գաւառի մեր համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան հովուական այցելութիւն տուաւ Մալաթիոյ հայ ժողովուրդին։ Տէր Հօր կ’ընկերանար Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպ. Թապաշեան:
Տէր Հայրը 3 Փետրուար 2024, Շաբաթ, ցամաքի ճամբով հասաւ Մալաթիա։ Կիրակի առաւօտ քաղաքի հայկական գերեզմանատան մատրան մէջ կատարուեցաւ կանոնական պաշտամունք եւ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ։
Ի ժամ Սուրբ Պատարագի, նախ քան Տէրունական Աղօթքը պատարագիչ Տէր Հայրը քարոզեց։ Հովուական այս այցը կը զուգադիպէր 6 Փետրուարի աշխարհաւեր երկրաշարժի տարելիցին: Տէր Հայրը նոյն առթիւ Նորին Ամենապատուութեան հայրական օրհնութիւնները ու ցաւակցութիւնները փոխանցեց ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնի մէջ յատկապէս յիշատակուեցան Մալաթիոյ մեր համայնքէն երկրաշարժի ընթացքին իրենց կեանքերը կորուսած Սամի, Այտա, Ալեքս Թապաշները, Մարի Քէսքինը, ինչպէս նաեւ Իսթանպուլի մէջ նորոգ վախճանեալ Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանը։