Երկար ժամանակէ ի վեր զանազան մեղադրանքներու եւ բամբասանքներու առարկայ դարձած «Իթիմաթ Պիւրօսու» ընկերութեան գործունէութիւնը վերջապէս լուսարձակի տակ կը դրուի։ Այս մասին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. դիմած է ԷՐՎԱՊ-ի նախագահութեան, այս ընկերութեան հաշիւները քննելու պահանջով։
«Իթիմաթ Պիւրօսու» ընկերութիւնը հիմնուած էր Շնորհք Պատրիարքի գահակալութեան շրջանին եւ ստանձնած էր յուղարկաւորութիւններու ընթացքին հայ համայնքի հաստատութիւններուն կատարուած նուիրատուութիւնները գանձելու եւ ապա որոշ տոկոսի մը փոխարէն սոյն հաստատութիւններուն փոխանցելու պաշտօնը։
Սակայն յաճախ պնդումներ կը լսուէին ստացուած եւ ապա փոխանցուած գումարի միջեւ առկայ տարբերութիւններու մասին։
Վերջերս այդ պնդումները աւելի յաճախակի դարձած են, որոնց հիման վրայ Պատրիարքարանը պահանջած է հաշուեքննութիւն։