Պիւյիւքտէրէի Սանթա Մարիա Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մէջ 28 Յունուար 2024, Կիրակի առաւօտ, Ս. Պատարագի մատուցման ընթացքին պատահած ոճրագործութեան պատճառաւ, ըստ կանոնի եկեղեցին ընդունուած էր որպէս պղծեալ տաճար։ 1 Փետրուար 2024, Հինգշաբթի, ժամը 19.00-ին, եկեղեցւոյ սրբագործման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ, նախագահութեամբ Վատիկանի Լիազօր Դեսպան Մոնս. Մարէք Սոլժինսքիի։ Արարողութեան մասնակցեցան Իսթանպուլի Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Իսթանպուլի Պապական Փոխանորդ Մոնս. Մասսիմիլիանօ Ս. Եպիսկոպոսը, Իզմիրի Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Հայր Մարթին Քըմէթէք, Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան եւ Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Քորեպս. Չանլըն։
Բաց այստի իրենց ներկայութիւնը բերին Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Հրէից Խախամապետարանի ներկայացուցիչները։ Կային նաեւ դիւանագիտական անձինք, բազմաթիւ վարդապետներ ու մայրապետներ, ինչպէս նաեւ Պիւյիւքտէրէի շրջանէն ոչ-Քրիստոնեայ անձեր ու հաւատացեալներ։
Արարողութեան սկիզբը կազմուած թափորով եկեղեցականներ մուտք գործեցին տաճարէն ներս։ Կատարուած սրբագործման արարողութեան ընթացքին, Մոնս. Մարէք Սոլժինսքի օրհնուած ջուր սրսկեց եկեղեցւոյ նորակառոյց Ս. Սեղանին եւ բոլոր պատերուն վրայ։ Ապա, օրհնուած Ս. Սեղանի վրայ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, նաեւ յիշատակուեցաւ եկեղեցւոյ մէջ ոճրագործութեան զոհ գացած Ճիհան Թունճէրը։ Արարողութեան ընցացքին տեղի ունեցան արտայայտութիւններ, որոնց ընթացքին շնորհակալութիւն յայտուեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի, որ անձամբ հետաքրքրուած էր եկեղեցւոյ մէջ պատահած դէպքով ու իր ցաւակցութիւնը յայտնած՝ եկեղեցւոյ համայնքին։ Արարողութեան աւարտին նաեւ արտայայտութիւն ունեցաւ Սանթա Մարիա Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Հայր Անտոն Պուլաի Կիրակի օր պատահած դէպքի մասին վկայութիւնները բաժնեց ներկաներուն հետ ու շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք հետաքրքրուած էին իրենց հետ։
Սոյն արարողութեան յանուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր մասնակցեցաւ Աթոռոյս Միջեկեղեցական եւ Միջկրօնական Բաժանմունքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Առաջնորդներուն ու Սանթա Մարիա Եկեղեցւոյ Հովիւին փոխանցեց Պատրիարք Հօր ցաւակցութիւններն ու բարեմաղթութիւնները։
Սայաթ Նովա մասնակցեցաւ
Ս. Պատարագի
Յաջորդող Կիրակի առաւօտ կայացած Ս. Պատարագը սկսաւ Սայաթ Նովա երգչախումբի խումբ մը անդամներուն կողմէ երգուած կոմիտասեան «Տէր Ողորմեայ»ով։ Ապա պատարագիչը ներկաներուն պարզեց թէ Պոյաճըգիւղի Սուրբ Երից Մանկանց Եկեղեցւոյ Սայաթ Նովա երգչախումբի անդամները, եկած են այսօրուայ արարողութեան, իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու համար։ Արդարեւ նախքան արարողութեան մեկնարկը Սայաթ Նովացիներ գրառում մը կատարած էին եկեղեցւոյ մէջ տեղադրուած յուշամատեանին։
Ս.Պատարագի տեւողութեան Սայաթ Նովացիներէն անգամ մը եւս խնդրուեցաւ, որ իրենք մասնակցին այսօրուայ արարողութեան։ Անոնք այս անգամ երգեցին «Տէրունական Աղօթք»ը, խոր տպաւորութիւն գոյացնելով եկեղեցի յաճախող հաւատացեալներուն։