ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Մ.Յ.- Ձեր գործունէութիւնը սկսած էք ԳԱԹ-էն՝ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանէն, ապա՝ Տիկնիկային թատրոն, ԵՊՀ, ԳԱԱ Արուեստի ինստիտուտ, Թատրոնի ու կինոյի ինստիտուտ։ Ի՞նչը բերաւ ձեզ Մատենադարան։ Ի՞նչու ձեր ընտրութիւնը ի վերջոյ եղաւ Մատենադարանը։
Իմ մասնագիտական գործունէութեան ընթացքը կը դժուարանամ պատասխանել՝ ինչ չափով է իմ կամքով պայմանաւորուած, ինչ չափով՝ հանգամանքներու բերումով։ ԳԱԹ աշխատած եմ 2001 թուականէն։ 2009 թուականին, երբ տնօրէնը կ՚ուզէր ինձ նշանակել բաժնի վարիչ, այդ նոյն պահուն հրաւէր ստացայ Հրաչեա Թամրազեանէն Մատենադարան դառնալու որպէս արխիւային բաժնի վարիչ։ Բնականաբար ընդունեցի այդ առաջարկը՝ հասկնալով, թէ ինչ կառոյց է Մատենադարանը, եւ ինչքան բան կարելի է սովորել այնտեղ։ Արխիւային բաժնէն սկսուած է իմ գործունէութիւնը Մատենադարան։ Պէտք է նշեմ՝ քիչ բան չէ, որ յաջողուեց այդ ընթացքին ընել։ Նախ անձնակազմի համալրումները. նոյն բաժին ընդունուեցին շատ կարող մասնագիտական կրթութիւն ստացած, համապատասխան կողմնորոշում ունեցող, ազնիւ երիտասարդներ։ Անհրաժեշտ վերանայումներ իրականացուեցան, արխիւային փաստաթղթերու գիտատեխնիկական մշակման նոր համակարգ ներդրուեց, ձեւաթղթերը մշակուեցին, կարեւորագոյն համալրումներ եղան։ Նոր թափ ստացան մշակման, արխիւային փաստաթղթերու գրանցման աշխատանքները։
Չափազանց ուրախ եմ, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համագործակցութեամբ, աջակցութեամբ արխիւային բաժնի աշխատակիցները սկսեցին կաթողիկոսական դիւանի գիտական նկարագրութիւնը ու ցուցակագրումը։ Առաջին հատորն արդէն հրատարակուած է։ Հիմա կ՚աշխատին երկրորդ հատորի վրայ։ Հրաչեա Թամրազեանի մահէն ետք իմ ճանապարհները ինձ տարին դէպի ուրիշ ոլորտներ՝ եղայ Հայաստանի Զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամի տնօրէն, այնուհետեւ ԿԳՄՍ նախարարի տեղակալ։ Եւ հիմա, երբ ետ կը նայիմ՝ տպաւորութիւն ունիմ, որ բոլոր այդ փուլերը ինձ նախապատրաստած են Մատենադարան վերադառնալու։ Կառավարման եւ մասնագիտական այն ահռելի փորձառութիւնը, որ ձեռք բերեցի՝ ամէն օր կը համոզուիմ, թէ ինչքան կարեւոր է Մատենադարան կիրառելու համար։ Որովհետեւ, Մատենադարանը, ըլլալով խոշոր հայագիտական կեդրոն, միեւնոյն ժամանակ խոշոր ենթակառուցուածք է՝ գործունէութեան բազմաթիւ տարատեսակներով։ Եւ այնքան բազմաշերտ տարողունակ ու բարդ համակարգ է այն, որու նման երկրորդը չկայ ՀՀ.։
Մ.Յ.- Ո՞վ կը համարէք ձեր ուսուցիչը մասնագիտական կայացման գործին։
Զարմանալի բան մը պիտի ըսեմ՝ վերջերս սկսած եմ խուսափիլ «ուսուցիչ» բառը գործածելէ, որովհետեւ կը պարզուի, որ ամենամեծ ուսուցիչը կեանքն է, բնութիւնը։ Ի վերջոյ՝ այդ կը սորվիս այնքան, ինչքան կրնաս։ Ես ունիմ լաւ ընկերներ, եւ իմ հայեացքները կեանքի, մարդկային յարաբերութիւններու հանդէպ մշակած եմ՝ շատ առումներով, Ռուբէն Պապայեանի հետ ընկերութիւն ընելով եւ կը համարեմ անոր մեր ժամանակներու ամենաարժանաւոր մարդոցմէ մէկը, որ շատ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է ոչ միայն թատրոնի մէջ, տիկնիկային արուեստին, այլ ընդհանրապէս, հասարակութեան, հանրային շփումներու մշակոյթը փոխելու առումով։ Նաեւ բազմաթիւ լաւ գործընկերներ ունիմ, որոնցմէ ինչ-որ բան մը սորված եմ։ Ամէն դէպքին՝ կը խուսափիմ այլեւս խօսիլ ուսուցիչներու մասին, որովհետեւ կեանքը ցոյց կու տայ՝ անոր, ով համարած ես ուսուցիչ, կարող է պարզուիլ՝ այդքան ալ այդպէս չէ եղած։ Եւ հիասթափութիւններ չունենալու համար՝ պէտք չէ կարգել ուսուցիչներ, այլ պէտք է պարզապէս յարգանք ունենալ այն մարդկանց հանդէպ, որոնցմէ որեւէ բան սորված ու իւրացուցած ես։ Իմ ուսուցիչները աւելի շատ գրականութեան ու փիլիսոփայութեան մէջ են։
Մ.Յ.- Ձեր կապը Մատենադարանի հետ բաւականին խորն է. բազմաբովանդակ գործունէութիւն ծաւալած էք այստեղ տարիներ շարունակ։ Այսօր ի՞նչն է Արա Խզմալեանի գրանցած ամենագոհացնող արդիւնքը ըստ ձեզ։
Գիտէ՞ք՝ այն գաղափարները, որ մենք ունինք Մատենադարանի ապագայի հանդէպ, ինձ թոյլ չեն տար շտապ խօսիլ ձեռքբերումներու մասին։ Ես կրնամ ըսել, որ այո վերջին՝ ընդամէնը մի քանի ամիսներու ընթացքին մենք աննախադէպ արդիւնքներ գրանցած ենք եւ ասոնք խօսքեր չեն։ Ցանկացած մէկը կրնայ վերցնել եւ համադրել վերջին գրեթէ մէկ տասնեակ շրջանի ու վերջին կէս տարուայ արդիւնքային ցուցանիշները։ Կարող ենք տեսնել, թէ ինչ ֆինանսական ներհոսք է եղել Մատենադարան, կտեսնենք նաեւ՝ ինչպէս է ակտիվացել կապը մասնաւոր հատուածի հետ՝ հովանաւորներ, մասնաւոր կազմակերպութիւններ, պետական պիւտճէէն ինչ յատկացումներ եղած են, ինչ ծրագիրեր մշակուած են ու կը մշակուին, ձեռագրական եւ արխիւային համալրումներու առումով ինչ ինտենսիվութիւն կայ։ Կը տեսնենք այցելուներու քանակը՝ 25 հազարով աւելի 2023-ին 2022 թուականի համեմատ, կրթական ծրագրերու առատութիւնն ու ընդլայնումը, գիտացուցադրական ոլորտի բարեփոխումները (ընդամէնը քանի մը ամիսներու ընթացքին 4 նոր ու կարեւոր ցուցադրութիւն)։ Օրինակ՝ այս տարի մենք ունինք մի շատ ռազմավարական ծրագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը հաստատեն գրեթէ երկու տասնեակ միջազգային ճանաչում ունեցող հայագէտներ։ Ես չեմ ուզեր ասոր մասին շատ խօսիլ, բայց եւ կը կարծեմ, որ Մատենադարանը այն կառոյցն է, որու հեղինակութիւնը կը բաւարարէ այս հարցերը շատ աւելի արդիւնաւէտ կարգաւորելու տեսակէտէն։ Եւ ոչ թէ խօսքային տիրոյթում պիտի Մատենադարանը ըլլայ որպէս համակարգող, գիտական մթնոլորտ ու միջավայր ձեւաւորող կառոյց, այլ շատ գործնական տիրոյթ։ Որեւէ բան չի մնալու պաթոսի, մերկ հայրենասիրութեան ու գաղափարախօսութեան մակարդակին. մենք գիտենք՝ ինչ է Մատենադարանը, մենք կը գիտակցինք մեր ստանձնած պատասխանատուութիւնը այդ կառոյցի հանդէպ։
Մ.Յ.- Յաջողութիւնը բարեբախտութի՞ւն է, թէ՞ աշխատանք սեփական անձի նկատամամբ։
Շատ բարդ հարց է։ Գիտէ՞ք «Քաջ Նազար»ով կը սնուցուի ու կը տարածուի այն գաղափարը, որ կարեւոր չէ՝ դու ինչ գիտելիք ունիս, ինչ աշխատանք կը տանիս՝ բախտի բան է։ Ես իմ ամբողջ ողնուծուծով դէմ եմ այս մօտեցմանը եւ հանճարեղ այս հեքիաթը որպէս գրականութիւն ընդունելով հանդերձ՝ կը համարեմ, որ շատ վտանգաւոր է՝ այս գաղափարախօսութիւնը սնուցուի մեր երիտասարդներու ու պատանիներու մէջ։ Մենք հակառակը պիտի ըսենք, որ աշխարհը մրցակցութեան, գիտելիքի, իմացութեան, ջանքի իրականութիւն է։ Այսինքն մենք յաջողութիւնը չպէտք է տարանջատենք գիտելիքէն, ինքնակատարելագործման ձգտումէն եւ պատասխանատուութենէն։ Չեմ ուզեր մտնել նաեւ ճակատագրապաշտութեան դաշտ։ Յաջողութեան կը հասնի աշխատողը, հետեւողականը եւ փրոֆէսիոնալը։ Եւ ես ունիմ հայրենասիրութեան իմ բանաձեւը. հայրենասիրութիւնը փրոֆէսիոնալիզմն է։
Եւ եթէ սա չներարկենք մեր երախաներուն, ապա այստեղէն կը սկսի հայրենասիրութեան անկումը։
Մ.Յ.- Ի՞նչ տուին ձեզ ԿԳՄՍՆ աշխատելու 4 տարիները։
Անոնք մեր պատմութեան ամենադժուարին ժամանակներն էին։ Ես չեմ յիշեր գոնէ մէկ հանգիստ օր այդ չորս տարիներու ընթացքին, որովհետեւ մենք բախւում էինք հանրային ալեկոծումներուն, որտեղ ճշմարտութիւնը խառնուած էր կեղծիքի հետ։ Ամէն ինչ քաղաքականացուած էր՝ ամենամեծ ճշմարտութիւնը անգամ կարող էր ընկնիլ քաղաքական կօշիկի տակ։ Մենք անցանք համավարակի միջով, աղետալի պատերազմի միջով, եւ պէտք էր կարողանալ ընել այնպէս, որ այս յեղաբեկումներու համատեքստին մասնագիտական ոլորտը շարունակէ աշխատիլ եւ հասարակութեանը սնել ուժով, լաւատեսութեամբ, հաւատով։ Որովհետեւ մշակոյթը այս առաքելութիւնը ունի։ Եւ միշտ տնօրէններուն, այս ոլորտի մարդկանց կ՚ըսէի բան մը՝ մեզմէ կը պահանջէին չհաւատալ ապագային, մեր թշնամու բոլոր քայլերն ուղղուած են անոր, որ հանրային կեանքը մխրճուի յոռետեսութեան ու սգի մէջ, որու պայմանները կային։ Բայց հէնց մտաւորականի, արուեստագէտի, մշակութային գործչի դերն էր պահել հանրութիւնը այդ գահավիժումէն։ Եւ կը ցանկանամ շնորհակալութիւն յայտնել բոլորին, որ կարողացան այդ դաժան ժամանակները անցկացնել այնպէս, ինչպէս մաքսիմալ հնարաւոր էր։ Այս չորս տարիներու ընթացքին վերը նշուածը տուաւ մեծ հոգեբանական կոփուածք, մարդկային շփումներու ահռելի փորձառութիւն, մարդկանց լսելու կարողութիւն։ Որքան աւելի բարձր է քու դիրքը, այնքան աւելի շատ պէտք է լսել մարդկանց։ Ինձ այլեւս հնարաւոր չէ սիրողական չարախօսութեամբ հունէն հանել, ինձ հնարաւոր չէ շեղել իմ հաւատէն ու գաղափարէն, ես ունիմ ճշմարտութիւն եւ կ՚երթամ դէպի իմ ճշմարտութիւնը։ Ես ամենայաճախ մամուլի հետ առնչուող պաշտօնեաներէն եղած եմ, եւ չորս տարիներէն ետք, յատկապէս հիմա՝ որպէս Մատենադարանի տնօրէն, հարցազրոյցներ կու տամ միայն այն մարդկանց, որոնց կը համարեմ փրոֆէսիոնալ լրագրող։ Կը կարծեմ՝ ես անոր իրաւունքը ունիմ։
Մերօրեայ երիտասարդները գրաւուած են այլ՝ ժամանակակից մասնագիտութիւններով. հասկնալի է պատճառը։ Այս ոլորտին աշխատող մարդկանց վարձատրութիւնը համեմատաբար ցածր է։ Այսօրուայ մասնագէտներուն ապագայ փոխարինողներու պակասի վախը չկա՞յ արդեօք։ Այն, ինչ կ՚ընէ կառավարութիւնը գիտութեան ոլորտին մերկ թուեր չեն։ Կարելի է բանալ ու տեսնել՝ ինչ չափով աւելցած են գիտնականներու աշխատավարձերը եւ մինչեւ 2025-26 թթ. շարունակաբար աճած են այդ թիւերը։ Նման աշխատավարձ պատմութեան մէջ մեր գիտաշխատողները չեն ունեցած։ Անցնելով համապատասխան որակաւորման փուլերով՝ հնարաւորութիւն կայ էապէս բարելաւել վարձատրութեան վիճակը։ Մենք օրակարգին միշտ ունինք վարչական աշխատակիցներու աշխատավարձերու վերանայման հարցը։ Եւ իմ առաջնային խնդիրներէն մէկն է, որ մարդիկ իրենց սոցիալապէս ու ֆինանսապէս կարեւորուած, գնահատուած զգան։
Մ.Յ.- Յատկութիւն մը, որով օժտուած պէտք է ըլլայ Մատենադարանի ցանկացած աշխատակից
Բարեկրթութիւն, համեստութիւն, զսպուածութիւն, չափի զգացում, աշխատասիրութիւն եւ նուիրում, բայց առաջին հերթին համեստութիւն, որովհետեւ Մատենադարանը եւ՚ համեստութեան կոչ է, եւ՛ զսպուածութեան կոչ է, եւ՛ նուիրումի կոչ է։ Եւ եթէ մենք այդ կը հասկնանք, մենք չենք կրնար մեզ այլ կերպ պահել։ Մատենադարանը «ես»ը շատ զգոյշ պիտի ըսուի, Մատենադարանը «մենք» ենք՝ ինչպէս ճգնաւորները։
Մ.Յ.- Հայագիտութիւնը ի՞նչ կարգավիճակ ունի այսօր աշխարհի վրայ։ Ի՞նչ աշխատանք կը տանի այդ առումով Մատենադարանը։
Տեսէք՝ ռիսկերու մասին պիտի խօսիմ։ Ցաւօք սրտի լուրջ ռիսկեր կան միջազգային համալսարաններուն հայագիտական ամբիոններու առջեւ, որովհետեւ ղեկավարները մեծամասամբ արդէն կը մօտենան կենսաթոշակառութեան տարիքին, եւ խնդիր է՝ իրենցմէ ետք ովքեր կու գան։ Փորձը ցոյց կու տայ՝ անոնցմէ ետք ամբիոնները կը փակուին կամ կը տարրալուծուին կովկասագիտական ամբիոններու։ Այստեղ մենք չենք կրնար անտարբեր ըլլալ, որովհետեւ մեր հարեւան պետութիւնները միլիոնաւոր տոլարներ կը ներդրեն այս կամ այն միջազգային համալսարաններուն ամբիոն բանալու, մինչդեռ մենք այդ ամբիոնները ունինք եւ պէտք է արտաքին քաղաքական օրակարգին ընդգրկուած ունենանք այս աշխատանքը, կադրային ֆինանսական հարցերը։ Ի վերջոյ՝ հաւաքել բոլոր միջազգային հայագէտներուն եւ ամենաբարձր մակարդակով ցոյց տալ, թէ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի ոլորտին ինչ ռազմավարութիւն ունինք, որովհետեւ մենք իրազեկման լուրջ խնդիր ունինք այսօր։
Մ.Յ.- Անցեալ տարի բաւականին ուշագրաւ միջոցառումներ եղան Մատենադարանին մէջ։ Որո՞նք յատկապէս կ՚առանձնացնէք։
Նախ ինձ համար շատ կարեւոր էր գրեթէ 120 գիտաշխատողի հետ անհատապէս հանդիպելու հնարաւորութիւնը։ Մեր ամփոփած հաշուետուութեան հիման վրայ ես կազմեցի գիտական խորհրդի տարեկան իմ հաշուետուութիւնը եւ շատ բան ի յայտ եկաւ, ինչպէս չօգտագործուած հզօր ներուժը, այնպէս ալ բացթողումներն ու վրիպումները։ Գրահրատարակչական ոլորտին ունեցանք լաւ հրատարակութիւններ, այս տարի եւս կ՚ունենաք։ Գիտացուցադրական համակարգին աննախադէպ ծաւալի ցուցադրութիւններ եղան՝ թիւով 7-ը, որոնցմէ 4-ը միայն վերջին մի քանի ամիսներու ընթացքին։ Այդ փոխեց Մատենադարանի եւ՚ հանրային ընկալումը, եւ՛ ցուցադրութիւններու տրամաբանութիւնը։ Կը պարզուի Մատենադարնը ունի լուսանկարներու փառահեղ հաւաքածոյ, որու հիման վրայ բացինք «Լուսանկարչական գանձարանի յայտնութիւնը» ցուցադրութիւնը։ Առաջին անգամ ցուցադրեցինք մէկ տասնեակն անցնող ձեռագրեր «Սուրբ Ծնունդ. մանրանկարչական ներշնչումէն» խորագիրով։ Կարեւոր էր նաեւ Մատենադարանի հետ անմիջական առնչութիւն ունեցող մեծատաղանդ արուեստագէտ Չուբարեանի 100-ամեակին նուիրուած ցուցադրութիւնը, որտեղ ցուցադրուեցին անոր աշխատանքները։ Այս շարքը կ՚ըլլայ շարունակական, եւ պատահական չեմ համարեր 16 հազարէ աւելի այցելուներու մուտքը Մատենադարան։ Այս առումով էական դեր կատարեցին գովազդատեղեկատուական արշաւները. առաջին անգամ արտաքին գովազդին յայտնուեցան Մատենադարանին վերաբերուող նիւթեր։ Մեզ համար հոգեւոր իրադարձութիւն էր 15-րդ դարի աւետարանի մուտքը Մատենադարան՝ ՀՀ կառավարութեան ֆինանսական աջակցութեամբ։ Ամսէն աւելի ժամանակին կարողացանք սեփականատիրոջը համոզել, որ աճուրդից հանէ Վասպուրականի Առբերդի Սուրբ Աստուածածին վանքին գրուած աւետարանը։ Եւ 600 տարի անց այն եկաւ հանգրուանել նոյն գրչի մէկ այլ ձեռագրի կողքին։ Հերթին են տունդարձի մի շարք արժէքներ։ Առիթէն օգտուելով՝ նշեմ, որ մեզ համար այս ձեռքբերումներն այնքան կարեւոր են, որ ընդհանրապէս միեւնոյն են քաղաքականացուած որոշ օղակներու կեղծ ապատեղեկատուութիւնը։
Մ.Յ.- Համագործակցութիւնը աշխարհի տարբեր երկրներու մատենադարաններու հետ ինչպիսի՞ տեսք ունի ձեր ղեկավարման ժամանակներուն։
Մենք հիմա շատ լաւ յարաբերութիւններ հաստատած ենք նախ մեր գրչութեան կեդրոններու հետ՝ Զմմառ, Մխիթարեան Միաբանութիւն։ Յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին այցելութիւններ ունենալու ենք կարեւորագոյն կեդրոններ, որտեղ կը նախատեսուին յուշագրերու ստորագրման արարողութիւններ։ Նաեւ միջազգային տարբեր կեդրոններու հետ 2024 թուականին դուք կը լսէք՝ ինչ կը նախատեսենք ընել՝ թէ՛ վերականգնման, թէ՛ թուայնացման, թէ՛ կրթութեան ոլորտներուն։ Այնպէս որ՝ միջազգային համագործակցութիւնը կ՚ըլլայ շատ աւելի մեծ, քան երեկ էր։
Մ.Յ.- Եթէ ունենայիք հնարաւորութիւն հանդիպելու միջնադարեան հայ մտածողներուն որեւէ մէկուն՝ ո՞վ կը նախընտրէիք՝ ըլլար եւ ի՞նչ կ՚ըսէիք անոր։
Մեր նախնիները միջնադարը ապրած եւ գործած այնքան հանճարներ են, որ կը դժուարանամ ըսել, թէ որու հետ կ՚ուզենայի զրոյցի բռնուիլ։ Եթէ ըսեմ Նարեկացիի հետ, շատ հաւակնոտ կ՚ըլլայ, որովհետեւ Նարեկացիի հետ խօսիլը շատ բարդ բան է։ Գոշի հետ գուցէ, Յովհան Որոտնեցու հետ, Քուչակի հետ… շատ բարդ է ըսել։ Կը Դժուարանամ ըսելու, բայց ամէն դէպքում անոնք չեն զրկեր մեզ այդ հնարաւորութենէն, եթէ մենք հասանելիութիւն ունինք անոնց թողած ժառանգութեան։ Մեծը մեծ է նրանով, որ իր ֆիզիկական չգոյութեամբ թոյլ չէ տուած դադարեցնել իր հետ հոգեւոր զրոյցը։ Սակայն իմ առաջ դրուած է այլ պատասխանատուութիւնը՝ ապահովել պայմաններ, որ ամենօրեայ հոգեւոր զրոյց ունեցող մարդիկ կարողանան անխոչընդոտ կերպով իրականացնել իրենց աշխատանքը։
Մ.Յ.- Ինչպիսին պէտք է ըլլայ Արա Խզմալեանի պատկերացմամբ ապագայ Մատենադարանը հայոց։
Լաւատեսութեան, արժանապատուութեան եւ շիտակ գոյութեան կեդրոն։ Բացի այն, որ իր գիտական կշիռը պէտք է վաւերացուի միջազգայնօրէն՝ որպէս պետական քաղաքականութիւն, երկրի ներսն ալ պէտք ըլլայ առօրեայ աղմուկէն ու պատահական լրատուական յարաբերութիւններէն հեռու մի կեդրոն, որը անշեղօրէն կը հարուցէ լաւատեսութիւն, հաւատք ապագայի հանդէպ եւ արժանապատուութեան զգացում ու գիտակցում։
Մ.Յ.- Եթէ երբեւէ գրելու ըլլաք ստեղծագործութիւն Մատենադարանի մասին, ի՞նչ վերնագիր կ՚ընտրէիք։
«Սխրագործութիւն»՝ կ՚երեւի։ Որովհետեւ Մատենադարանը հայութեան սխրագործական մտքի արդիւնքն է։
Մ.Յ.- Արա Խզմալեանի ղեկավարած Մատենադարանը ունի՞ երազանք։
Իհարկէ։ Իմ ամենամեծ երջանկութիւնը այսօր այն է, որ այդ երազանքը հաւաքական երազանք է։ Ան միայն իմ երազանքը չէ. այդ երազանքին մասնակից են երիտասարդները, գիտաշխատողները։ Այն սկիզբ կ՚առնէ յարաբերութիւններու որակէն, իսկ Մատենադարանի մէջ իմ համոզմամբ այսօր կ՚իշխէ փոխադարձ յարգանքի եւ զսպուածութեան մթնոլորտ։ Այդ երազանքը, որու մասին ես յաճախ կը խօսիմ, իր արձագանգը կը գտնէ բազմաթիւ մարդկանց աչքերուն ու գործերուն։
Մ.Յ.- Ի՞նչ կը բարեմաղթէք «Ակօս»ի ընթերցողին։
Միայն լաւ ու յուսադրող տեղեկութիւն ստանալու հնարաւորութիւն եւ միշտ ժամանակի մէջ ըլլալու կարողութիւն, որը չափազանց բարդ է իւրաքանչիւրի համար։ Եւ ճշմարիտ խօսքը թող ըլլայ «Ակօս»ի մշտական ուղեկիցն ու ամենամեծ նպատակը։