30Յունուար թուականը կը խոստանայ պատմական նշանակութիւն ունենալ եւ ընդմիշտ յիշուիլ յառաջիկայ տարիներուն եւս։ Այդ օր Թուրքիոյ Խորհրդարանը ձայներու մեծամասնութեամբ ջնջեց Թուրքիոյ Բանուորական կուսակցութեան Հաթայ նահանգի պատգամաւոր Ճան Աթալայի երեսփոխանի կոչումը։
Գործընթացը մեկնարկած էր նախորդ տարուայ խորհրդարանի ընտրութիւններով։
Ընտրութեան վեհագոյն խորհուրդը անպատեհութիւն չէր տեսած Աթալայի թեկնածութեան հանդէպ։ Ան այսպէսով տիրացաւ Հաթայի ընտրողներու զօրակցութեան։ Այդ պահուն կը սպասուէր թէ իսկոյն վերջ գտնէ Աթալայի բանտարկութիւնը։ Բայց իշխանութիւնները ուրիշ կերպ վարուեցան։ Աթալայի փաստաբանները իսկոյն դիմեցին Սահմանադրական Ատեան։ Այս վերջինը արդար գտաւ ներկայացուած բողոքը եւ պահանջեց որ իսկոյն վերջ տրուի Աթալայի բանտարկութեան եւ ան կատարելով երթման արարողութիւնը սկսի իր պատգամաւորի պաշտօնին։ Սակայն Սահմանադրական Ատեանի այս որոշումը մերժուեցաւ նախ 13-րդ Եղեռնադատ Ատեանի եւ ապա Վճռաբեկ Ատեանի կողմէ։ Այս մերժումը կատարեալ ոտնձգութիւն մըն էր Սահմանադրական Ատեանի դէմ, քանի որ անոր վճիռները անվիճելի են ըստ գործող սահմանադրութեան։
Իսկ նախորդ երկուշաբթի օր Վճռաբեկ Ատեանի վճիռը Խորհրդարանի նիստին ընթերցուելով դատական գայթակղութիւնը վերածուեցաւ խորհրդարանական անօրինութեան։
Իշխող արդարութիւն եւ Զարգացում ու անոր կրտսեր գործընկեր Ազգային Շարժում կուսակցութիւններու կազմած մեծամասնութեան ձայներով վերջ տրուեցաւ երեսփոխան Ճան Աթալայի պատգամաւորի կոչումին։
Ընդդիմադիր շրջանակներ խստօրէն բողոքեցին կատարուածին դէմ յայտնելով թէ այսպիսով Խորհրդարանը իր օրինականութիւնն ալ վիճելի դարձուցած է։