Պոլսահայ Պատրիարքական անձնակազմը ունեցաւ նոր կորուստ մը եւս Անդրէաս Աւ. Քհնյ. Յակոբեանի վախճանումով։ Այս մասին Պատրիարքարանի աղբիւրները վախճանեալ քահանայի կենսագրութեան մասին հաղորդած են հետեւեալ լրատուութիւնը։
Աւազանի անունով Անդրանիկ Յակոբ (Օրթայակոբեան), ծնած է 1948-ին, Իսթանպուլ։ Որդին է Նուպար Մելքոնի եւ Աննիկ Չէրչեանի։ Կ՚ուսանի Ֆերիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ։ Կ՚անդամակցի տեղւոյն Ս. Վարդանանց Դպրաց Դասուն, ապա Պէյօղլուի Ասողիկ Դպրաց Դասուն։ Երաժշտութեան դասեր կ՚առնէ։ 1970-1984 շրջանին կ՚անդամակցի Կոմիտաս Դպրաց Դասուն եւ մաս կը կազմէ Տնօրէն Խորհուրդին։ Երկու շրջան կ՚անդամակցի Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին։ Կ՚ամուսնանայ Վերժին Գալփաքեանի հետ, 1974ին։ Կ՚ունենան երկու աղջիկներ՝ Նայեաթ եւ Նիրվա։ 1984-ին կը վերադառնայ Ս. Վարդանանց Դպրաց Դասի անդամութեան։
Սարկաւագ կը ձեռնադրուի 9 Փետրուար 1989-ին, Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ, Շնորհք Պատրիարքի ձեռամբ։ 12 Փետրուար 1989-ին Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մէջ Շնորհք Պատրիարքի ձեռամբ քահանայ կը ձեռնադրուի, օծակից ունենալով Տիրան Քհնյ. Ռէիսեանը։
Որպէս հոգեւոր հովիւ կը ծառայէ Ֆերիգիւղի, Սամաթիոյ, Եշիլգիւղի, Պէշիկթաշի եկեղեցիներուն, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի եւ հուսկ՝ Նառլըգաբուի Եկեղեցւոյ մէջ։
Գարեգին Բ. Պատրիարքի ձեռամբ կը ստանայ քահանայական լանջախաչ կրելու արտօնութիւն։
Ազգային Պատգամաւորական Ժողովի 14 Հոկտեմբեր 1998-ի նիստի որոշումով կ՚ընտրուի Կրօնական Ժողովի անդամութեան։ Մաս կը կազմէ դիւանին՝ Բ. Ատենադպիրի պաշտօնով։
Աւագութեան պատիւ եւ ծաղկեայ փիլոն կրելու արտօնութիւն կը ստանայ 2012-ի Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնին (13 Փետրուար), Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Արքեպս. Աթէշեանէ։