ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ
Հրանդ Տինքի նահատակման առիթով, Պոլսահայ միութեան կողմէ հայազգի գործչի յիշատակի առիթով կազմակերպուող ձեռնարկը աւանդոյթ դարձած է։ Յունուարի 21-ին, Պոլսահայ միութեան Լոս Անճելըսի կեդրոնին հաւաքուած էին կրթական, հոգեւոր, իրաւական, մշակութային ոլորտի գործիչներ, մտաւորականներ`յիշելու համար Հրանդ Տինքի գործունէութեան առանցքային դրուագները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ անոր գաղափարներուն ու անոնց արդիականութեան։ Ձեռնարկի բացման խօսքին, Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախմբի ատենապետ տոքթոր Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան ամփոփեց Հրանդ Տինքի առաքելութիւնն ու ընդգծեց անոր գործի նշանակութիւնը։
Այնուհետեւ, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմէն Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանն ու Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն Գէորգ քհնյ. Աբեանը աղօթեցին եւ հոգեհանգստեան կարգ մատուցեցին։ «17 տարի առաջ, հայ հասարակութիւնը ի դէմս Հրանդ Տինքի կորսնցուց իր լուսաւոր զաւակը։ Բոլորը մեծ խոնարհութեամբ եւ հպարտութեամբ կը յիշեն մեծ հայը, որովհետեւ մարդն իր կեանքը տուաւ յանուն գաղափարի, միայնակ դէմ յանդիման կանգնելով պետութեան, կայսրութեան առաջ եւ բարձրաձայնելով հայ ժողովրդի արդարացի խօսքն ու պահանջը։ Արդիւնքին ան իր կեանքով հատուցեց, ինչ որ մեծ հերոսութիւն է», իր խօսքին նշեց Գէորգ քհնյ. Աբեանը, ընդգծելով որ տխրութեան հետ մէկտեղ նաեւ հպարտութեան զգացումով եղած են ու կան նման հայեր, ինչպէս Հայաստան, այնպէս ալ սփիւռքի տարածքին։
Ձեռնարկի հանդիսավար Ռոզալին Մատոյեանն իր խօսքին նշեց, որ 2007-ի Յունուարի 19-ին Տինքի սպանութեան դժոխային օրէն ետք. «ապրում ենք գիտակցութեամբ, որ հայ ազգը, մասնաւորապէս պոլսահայ համայնքը, յաւէտ կորցրել է արժէքաւոր եւ վստահելի թիկունք»։ Ան ներկայացուց օրուայ բանախօսներէն իրաւաբան Կարօ Ղազարեանը, զինք կոչելով պոլսահայ համայնքի պատուաւոր անդամ, քանզի ընկերոջ՝ Պոլսահայ միութեան նախկին ատենապետ, վաղամեռիկ Էտուին Մինասեանի յորդորով մշտապէս պոլսահայ համայնքի կողքին է։
Կարօ Ղազարեանը կիսուեց Հրանդ Տինքի մասին իր տպաւորութիւններով` նշելով, որ ան երախտապարտ մարդ էր, ով կ՚ապրէր մի երկիր, որտեղ իր նախնիները սպաննուած էին մէկ դար առաջ, սակայն անոնց սերունդները շարունակած են բնակուիլ ու զարգանալ չնայած դժուարութիւններու, պահանջած արդարութիւն, եւ անոնցմէ մէկն ալ Տինքն էր։
«Այնուամենայնիւ, թրքական հայատեաց ուժերը որոշեցին, որ պէտք է ցոյց տան Հրանդ Տինքին, որ իր գաղափարներով ու գործունէութեամբ «ան չափն անցած է»։ Որոշեցին, որ վերջ տալու են Հրանդի կեանքին, եւ իրականացուցին։ Իսկ ի՞նչ կը նշանակէր «չափը անցնիլ»։ Այդ այն էր, որ Տինքն իր հիմնած «Ակօս» թերթով կը բարձրաձայնէր հայ համայնքի իրաւունքներու մասին եւ հանդէս կու գար անոնցմէ բխող պահանջներով, կ՚արտայայտէր իր տեսակէտը պատմութեան մասին, եւ այս ամէնը, իհարկէ, կը հակասէին թրքական պաշտօնական, պետական հայեցակարգին», նշեց Կարօ Ղազարեանը։ Տինքը, ըստ բանախօսի, «անցաւ բոլոր սահմանները», երբ հրապարակեց «Սապիհա Հաթունի Գաղտնիքը» խորագրով Աթաթիւրքի որդեգրած Սապիհա Կէօքչենի մասին իր յօդուածը, որ կը ներկայացնէր աղջկայ հայ ազգականներու փաստացի վկայութիւններ առ այն, որ Աթաթիւրքը անոր վերցուցած էր հայկական որբանոցէն։`Խաթուն Սեպիլճեան ծննդեան անունով Թուրքիայի առաջին կին ռազմական օդաչուն, որու անունով անուանակոչուած է նաեւ Թուրքիոյ միջազգային օդանաւակայանը, ազգային խորհրդանիշ կը համարուի եւ յօդուածէն ետք, Թուրքիոյ մէջ անոր շուրջ սկիզբ առած համերկրային բանավէճը, այդ պետութեան կողմէ համարուեցաւ վիրաւորանք ազգային ամբողջականութեանը։
«Տինքի յօդուածը համարուեց թրքական ինքնութեան նկատմամբ յարձակում, եւ հայազգի գործիչը դարձաւ թիրախ։ «Թէեւ Տինքը ֆիզիկապէս մեր հետ չէ, սակայն անոր կեանքը օրինակ է անոնց համար, որոնք կը ցանկանան շարունակել մեր ազգային պայքարը, որ այսօր բազմաթիւ ուղղութիւններով կ՚ընդանայ» ըսաւ Ղազարեան։
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական միութեան վարչութեան գործադիր տնօրէն, հասարակական գործիչ Զաւէն Խանճեանը «50-ական թուականներու վերջերուն, մէկ ուրիշ Հրանդ, որը մեր պատմաբաններէն Խաչիկ Մուրատեանը կը կոչէ Հրանդէն առաջ Հրանդը։ Հրանդ Կիւզէլեան անունով մէկ այլ հերոս, ականատես ըլլալով իր հայրենակիցներու նկատմամբ իրականացուած ոճիրներուն, ուղիներ կը փնտռէ ինչ-որ կերպով աջակցելու վերապրած հայրենակիցներուն։ 1962 թուականին, ան կը որոշէ հաւաքել եւ կրթել հայ որբ երախաները, որոնք կտրուելով արմատներէն`ձուլման սպառնալիքի առաջ էին։ Աւելի քան 1500 մանուկ ու պատանի կը յաճախեն անոր հիմնած «Քամփ Արմէն» կոչուող ամառային ճամբարը, ազգային եւ հոգեւոր կրթութիւն ստանալով այնտեղ։ Այդ պատանիներէն մէկն ալ Հրանդ Տինքն էր», պատմեց ատենախօսը։
Ձեռնարկի յաջորդ բանախօսը Նորայր Տատուրեանն էր, կրթական մշակ, հասարակական գործիչ, Բլէր աւագ դպրոցի հայկական ակադեմիայի տնօրէն ու ուսուցիչը, ով միաժամանակ Տինքի հիմնած «Ակօս» թերթի սիւնակագիր է, եւ եղած է Հրանդ Տինքի համահիմնադրած «Արաս» հրատարակչատան աշխատակիցը։ Տատուրեան հանդէս եկաւ «Հայ տպագիր գրքի ոդիսականը» խորագրով բանախօսութեամբ սկսելով 1512 թուականէն Վենետիկ տպագրուած հայալեզու առաջին «Ուրբաթագիրք»ի պատմութենէն մինչեւ Եւրոպական տարբեր քաղաքներ, Շուշի, Վան ու Երեւան տպագրուած գրքերէն ու հրատարակչատներու գործունէութենէն։ Տպագրութեան եւ թարգմանութեան հայկական աւանդոյթները շարունակելու տեսլականով ալ 1993 թուականէն Պոլսոյ մէջ կը հիմնուի «Արաս» հրատարակչատունը, դառնալով սփիւռք գործող բնոյթով բացառիկ կեդրոն։
Պոլսահայ միութիւնը իր ամենամեայ «Հրանդ Տինքի հոգու ազատութեան եւ արդարութեան շքանշան»ը այս տարի յանձնեց «Արաս» հրատարակչատանն ու տեսակապով միացաւ համահիմնադիր Էդուարդ Թովմասեանին։ Երախտագիտութիւն յայտնելով պարգեւի համար, Թովմասեանը ներկայացուց «Արաս»ի հիմնադրման պատմութիւնը ու գործունէութիւնը։ «Արաս» հրատարակչատունը ստեղծուեցաւ չորս դպրեվանքցիներու կողմէ հայոց պատմութիւնը, գիրն ու գրականութիւնը, մշակոյթը թարգմանաբար թուրք ժողովրդին իրական գոյներով ներկայացնելու եւ այդպիսով իրար ճանչնալու, երկխօսութիւնը հնարաւոր դարձնելու նպատակով», նշեց Թովմասեանը։ Գործունէութեան երեսուն տարիներու ընթացքին, հրատարակչատունը իրականացուցած է հայերէնէ թրքերէն մեծաքանակ թարգմանութիւններ, հրատարակած է շուրջ 300 գիրք հայ գրականութեան, պատմութեան մասին, ինչպէս նաեւ օտար հեղինակներու, որոնք ներկայացուցած են հայ մշակոյթը։
Պոլսահայ միութիւնը շքանշանը յանձնեց Նորայր Տատուրեանին, որպէս կառոյցի առաջին աշխատակից, ով խոստացաւ այն փոխանցել։ Ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագրին հանդէս եկաւ դուդուկահար Ալպերտ Վարդանեանը։