ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ
Այս շաբաթ դարձեալ շատ հետաքրքրական գիրք մը ունիմ ձեռքիս տակ, որ կ՚ուզեմ ձեզի հետ կիսել։
Գիրքեր կան որոնք շուտով կ՚՚ընթերցուին, բայց կը շարունակեն տպաւորութիւն թողուլ տարիներու տեւողութեամբ։ Նոյնիսկ կարելի է ըսել թէ այդ տեսակ գիրքերը գրուելէ ետք ալ կը շարունակուին գրուելու։ Այդ տեսակի գիրք մըն է «Արեւի Մարդիկը» վէպը։ Նախքան վէպի մասին խօսելու կ՚ուզեմ հեղինակին՝ Ղասսան Քալաֆանիի մասին քանի մը տեղեկութիւն փոխանցել։ Ան արաբ քրիստոնեայ մըն է, մարդու իրաւունքներու պաշտպան, մարքսական մտաւորական մը։ Բազում յօդուածներ գրած է Պաղեստինի խնդրի մասին, որոնք լուրջ ուշադրութեան արժանացած են։ Ան խստիւ կը քննադատէր մարդիկ իրենց բնօրրանէն տեղահան ընելու իսրայէլեան քաղաքականութիւնը։ Մարդիկ կը խրախուսէր իրենց ծնած ու ապրած վայրը չլքելու համար։ Իր այդ տեսութիւնները խիստ վտանգաւոր էին Իսրայէլեան իշխանութիւններուն համար, այդ պատճառաւ ալ Մոսատին թիրախ դարձաւ։ Ինքնաշարժին տեղադրուած ռումբը պայթեցաւ եւ այս մեծ գրողը կնոջ ու երախաներուն աչքին առջեւ պատառ պատառ ըլլալով հեռացաւ այս աշխարհէն։
Արեւի Մարդիկը, երեք աքսորեալի մարդավաճառի մը գրասենեակին մէջ իրարու հանդիպիլը նկարագրող պատում մըն է։ Ապու Քայս, Մերվան եւ Էսատ ապօրէն ճամբով կ՚ուզեն Քուէյթ երթալ բարգաւաճ կեանքի մը տիրանալու երազանքով։ Զիրենք այդ նպատակին հասցնելու խոստումը կու գայ Ապուլ Հայզուրա անուն քոնտրապանտիթի մը կողմէ։ Ան այս երեքը ճամբայ կը հանէ ջրատար ինքնաշարժով մը։ Գիտէ որ ջրատար մեքենաները չեն խուզարկուիր։
Այս ճամբորդութեան համար օրուայ ժամերը նշանակութիւն ունին։ Գիշերուայ զով ժամերուն շրջիկ սահմանապահները աշխոյժ կ՚ըլլան։ Ուրեմն ստիպուած են անապատը ցերեկուայ ամենակիզիչ ժամերուն անցնելու։ Քալաֆանի պաղեստինցիներու դժբախտութիւնը այնքան պարզունակ տողերով կը նկարագրէ որ ընթերցողը ակամայ կը տարուի զգալու թէ ինքն ալ այդ ջրատար ինքնաշարժին մէջ կը ճամբորդէ։ Մեքենան արեւու ճառագայթներուն ամենակիզիչ այդ պահուն սպիտակացած կմախքները չճզմելու համար յաճախ աջ ու ձախ թեքուելով կը յառաջանայ։ Անապատի տօթին դիմաց մահացած մարդոց կմախքներն են անոնք։ Ապուլ Հայզուրան, երբ կը մօտենան անցակէտին երեք փախստականները կը դնէ ջրամբարին մէջ, խոստանալով որ քանի մը վայրկեան ետք պիտի հատեն սահմանի անցակէտը եւ զիրենք դուրս պիտի բերէ ինքնաշարժի ջրամբարէն։ Սակայն չստացուիր։ Անցակէտը հատելէ ետք, երբ կը բանայ ջրամբարի կաբարիչը կը տեսնէ որ արեւուն տակ տաքցած ջուրին մէջ երեքն ալ խեղդամահ եղած են։
Այժմ Հայզուրանի բեռնատարը երեք դիակներով կը ճամբորդէ։ Ան կ՚ափսոսայ այս մահուան դէս «Ինչու համար ջրամբարին պատերուն չզարկիք, ինչո՞ւ համար ձայն չտուի՞ք» ըսելով։ Իրականութեան մէջ այդ ջրամբարի պատերը այսօր շրջափակման մէջ մնացած Պաղեստինը կը նկարագրէ։ Խոր լռութեան մէջ մահացողները պաղեստինցիներն են։
Վերջապէս Հայզուրան երեք դիակները կը լքէ աղբակոյտի մը մօտ։ Իսրայէլի կառավարութիւնն ալ բացի հաւաքական գերեզմաններ թաղուածներէ բազմահազար պաղեստինցիներու անշունչ մարմինը լքած է փլատակներու տակ։ Այսօրուայ հաշուարկումով աւելի քան 27 հազարի հասնող կազացի անմեղ զոհերու թիւը թերեւս ալ պիտի կրկնապատկուի, եթէ հաշուի դնենք փլատակներու տակ մնացածները։