Ծանօթ իրողութիւն է թէ ամէն տարի զանազան հասարակական կազմակերպութիւններ 19 Յունուարի նախորդող կամ յաջորդող օրերուն զանազան միջոցառումներով կը յիշատակեն «Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինքի մահուան տարելիցը։ Այդ միջոցառումներուն համար մեզ՝ Ակօսի աշխատողներուն կը վիճակի ընդառաջել կատարուած հրաւէրներուն եւ զանազան վայրերու մէջ խօսիլ Հրանդի, որպէս լրագրող որդեգրած առաքելութեան մասին։
Այս տեսակի հրաւէրները շատ անգամ կու գան ոչ հայ միջավայրերէ, ուր մարդիկ կ՚ուզեն իմանալ Հրանդի մասին։ Այս ընթացքը առաջին անգամ ունեցաւ բացառութիւն մը, երբ քաղաքիս հայ վարժարաններէն մէկը համարձակեցաւ իր աշակերտները իրազեկել հայ անուանի մտաւորականի մը աշխարհահայեացքը իր սաներուն ծանօթացնելու։
Այսպէս նախորդ հինգշաբթի այցելեցինք Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի երկրորդական վարժարանի սաներուն, Հրանդը եւ իր որդեգրած առաքելութիւնը պատմելու համար։ Դպրոցէ ներս մտնելով առաջին հերթին դիմաւորուեցանք դպրոցի տնօրէն Սերքան Քըյըճըի հետ։ Սա մեր առաջին դէմ առ դէմ հանդիպումն էր, որ բաւարար եղաւ երիտասարդ տնօրէնի հանդէպ շատ դրական տպաւորութիւններ սնուցելու համար։
Այդ կարճ զրոյցով զգացինք թէ մեր դիմաց կայ ստանձնած պարտականութեան ամբողջովին գիտակցող երիտասարդ կրթական մշակ մը։ Ափսոս եւ շատ անգամ բնական ըլլալով համարուելիք այս երեւոյթը վերջին տարիներուն բաւականին նահանջ արձանագրած է եւ մենք շատ անգամ հանդիպած ենք ուսուցչութեան ասպարէզի հանդէպ անհրաժեշտ գիտակցութենէ հեռու ընդհանրապէս սովորական պաշտօնեայի մը սահմանումով օրը աւարտին հասցնող պաշտօնակատարներու։ Այդպիսիներու ամբողջ հոգը սահմանուած է սովորականը անսայթաք շարունակելով։ Աւելին փորձանքաբեր կրնայ ըլլալ խորհելով անոնք մեծ զգուշութեամբ հեռու կը մնան ամէն տեսակ նորարարութենէ եւ զգուշօրէն ապահով կը պահեն իրենց բազմած աթոռը։
Թերեւս այս խորհուրդներէ տարուած մենք ալ աշակերտութեան հետ սկսանք «քաղաքականութիւն» կոչուած հասկացողութեան մասին։ Յիշեցուցինք թէ ընդունուած կարծրատիպ մըն է «Դպրոցը հեռու պահել քաղաքականութենէ» ինչպէս նաեւ «սրբավայրերը զերծ պահել քաղաքականութենէ» կամ նոյն մերձեցումով «զօրամասերը զերծ պահել քաղաքականութենէ»։ Անշուշտ որ այդ հաստատումներու ետին ալ կայ քաղաքական միտք մը։ Պէտք է գիտնանք որ քաղաքականութիւնը ինքը կեանք է։
Ճիշդ է որ քաղաքականութիւնը կուսակցական մրցակցութեան վերածելով դպրոցէն, սրբավայրէն կամ զօրամասէն ներս կրնայ գոյանալ անբաղձալի պառակտում մը, բայց միւս կողմէ քաղաքականութիւնը նաեւ գաղափարախօսութիւն է, որը շատ յստակ նշանակութիւն ունի անհատի զարգացման առումով։
Վերջապէս պէտք չէ մոռնալ թէ փիլիսոփայութիւնը իբրեւ դասանիւթ ուսման ծրագրի կարեւոր բաղադրիչներէն է։ Այդ մէկը ահաւասիկ կարելի չէ քաղաքականութենէն բոլորովին արտաքսել եւ անտեսել։ Նկատեցինք որ այդ մերձեցումը բաւական հետաքրքրական ընկալուեցաւ աշակերտութեան կողմէ, քանի որ անոնք ալ իրենց սեփական փորձառութեամբ յաճախ լսած էին այս զգուշացման մասին, բայց նիւթը բնականաբար կ՚արժանանար իրենց ալ ուշադրութեան։
Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւող զրոյցի վերջին բաժինը վերապահուած է լսարանի հարցումներուն։ Այստեղ Դպրեվանքի սաները սրամիտ հարցումներ ուղղեցին մեզ, առիթ տալով զրոյցի ընդլայնման։
Մեր հաշուով տպաւորիչ հանդիպում մըն էր այս, որ իր մէջ կը պահէր նաեւ մտահոգութեան բաժին մըն ալ, քանի որ տնօրէնութիւնը իրազեկած եւ հրաւէր ուղղած էր մեր միւս երկրորդական վարժարաններուն իրենց սաներով մասնակցելու համար, բայց այդ հրաւէրը մնացած էր անպատասխան։
Հետեւաբար մեզի կը մնայ շնորհաւորել Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի տնօրէնութիւնը, ուսուցչաց կազմը եւ խնամակալութիւնը նման կարգադրութեան մը գետին պատրաստելուն համար։