Թուրքիոյ Լրագրողներու Միութիւնը 8 տարիէ ի վեր սովորութիւն դարձուցած է Հրանդ Տինքի տարելիցին յաջորդող եւ Ուղուր Մումճուի տարելիցին նախորդող 23 Յունուար թուականին յիշատակել երկրի մէջ սպաննուած լրագրողները։ Այս տարի այդ աւանդութիւնը եւս շարունակուեցաւ միութեան կեդրոնին մէջ։ Միութեան նախագահ Վահապ Մումեարի բացման ճառէն ետք ընդհանուր քարտուղար Սիպել Աթէշի ժողովավարութեամբ ելոյթ ունեցան Թուրքիոյ «ՓԵՆ» գրողներու միութեան նախագահ Զէյնեփ Օրալ, Թուրքիոյ գրողներու միութեան վարչային Քամիլ Թեքինսիւրէք եւ «Ակօս»ի հայերէն էջերու խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան։
Մունեար իր ելոյթին մէջ բացի Հրանդ Տինք եւ Ուղուր Մումճուէ, անդրադարձաւ նաեւ մի այլ Յունուար ամսու զոհուած լրագրողի՝ Մեթին Կէօքթեփէյի։
Արդարեւ զեկուցողներն ալ այս անուններու հիման վրայ խօսեցան լրագրողներու դէմ երկրէ ներս տարածուն յանցագործութիւններուն, որոնց հիմքը կը կազմէ խօսքի եւ արտայայտութեան ազատութեան բացակայումը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ վերջին տասնամեակներու ընթացքին մամուլ հասկացողութեան մատնուած հիմնական փոփոխութիւններուն։ Յայտնի է որ որոշ ընկերութիւններու այս ոլորտէ ներս թափանցումով մամուլը վերածուած է մետիայի, իր հետ կորսնցնելով նաեւ լրագրողութեան պահանջած բարոյական արժանիքները։
Էսդուգեան անդրադառնալով սրահի պատին տեղադրուած «Թրքական մամուլը ազգի միասնական ձայնն է» վերտառութեան, որ վերագրուած է երկրի հիմնադիր նախագահին, դիտել տուաւ որ կացութիւնը բաւականին փոխուած է եւ այդ վերտառութիւնը պէտք է կարդալ «Թուրքիոյ մամուլը իշխանութեան միասնական ձայնն է» ձեւով։
Երեք զեկոյցներէ ետք ներկաները առիթը ունեցան ատենախօսներու հետ խմբանկարուելու եւ ապա անհատաբար զրուցելու։