Յունուարի 24-ին հայ գրականութեան գագաթներէն մէկը՝ Պարոյր Սեւակը կը դառնար 100 տարեկան։ Ծնած է 1924 թուականի Յունուարի 24-ին Արարատի շրջանի Չանախչի (ներկայիս Զանգակատուն, Արարատի մարզ) գիւղին մէջ։ Գրել ու կարդալ սկսած է հինգ տարեկանէն։ Նոյն տարիքին ալ յաճախած է դպրոց։ 1940 թուականին դպրոցը գերազանց առաջադիմութեամբ աւարտելով՝ ընդունուած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական ֆակուլտետի հայերէնի բաժինը։ Եղած է ամենալաւ ուսանողներէն մէկը։ «Սովետական գրականութիւն» ամսագրին տպագրուած են անոր երեք բանաստեղծութիւնները, Պարոյր Սեւակ ստորագրութիւնով։ 1955 թուականին Սեւակը աւարտած է Մոսկուայի Մ. Կորքիի անուան գրականութեան ինստիտուտը, որտեղ եւ դասախօսած է կեանքի յետագայ չորս տարիներու ընթացքին։ 1970-ին Պարոյրը ստացած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր գիտական կոչումը։ 1963-էն մինչեւ 1971 թթ. աշխատած է որպէս աւագ գիտաշխատող Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադէմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան ինստիտուտի մէջ։ 1966-ին կը հանդիսանայ Հայաստանի գրողներու միութեան վարչութեան քարտուղար։ Սեւակը զոհուած է 1971 թուականին Յունիս 17-ին՝ավտովթարէն։ Թաղուած է հայրենի գիւղը։
Այս առթիւ Մարի Յովհաննիսեանը զրուցած է Սեւակի թոռան՝ Սեւակ Ղազարեանի հետ։
Մ.Յ.- Տարին յոբելեանական է. Յունուարի 24-ին կը նշուի հայ հանճարներէն մէկուն՝ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100 ամեակը։ Ի՞նչ իրադարձութիւններ նախատեսուած են այդ օր եւ ողջ տարուայ ընթացքին։
Յունուարի 24-ին 3 մասէ բաղկացած միջոցառում կ՚ունենանք Սեւակի ծննդավայրին՝ Զանգակատուն գիւղին՝ իր անունը կրող տուն-թանգարանի մէջ։ Միջոցառման շրջանակներուն ելոյթ կ՚ունենայ «Կադանս» անսամբլը, սեւակեան բառերով գրուած երգեր կը կատարէ Գոռ Սուճեանը, իսկ Սոս Սարգսեանի անուան Համազգային թատրոնի երիտասարդ դերասանները հանդէս կու գան բեմական փոքրիկ ներկայացումով։ Նոյն օրը երեկոյեան արդէն Երեւանի՝ Համազգային թատրոնին մէջ կը բեմադրուի «Մարդը ափի մէջ» ներկայացումը, որու ռեժիսորը Նարինէ Գրիգորեանն է։ Իսկ տարուայ ծրագրերու մասին, ցաւօք, դեռ շատ բան չեմ կրնար ըսել, որովհետեւ թանգարանը կազմած է իր ծրագիր-տեսլականը, թէ ինչպիսին պէտք է ըլլայ 2024-ը։ Այս ծրագիրը ներկայացուցած ենք ԿԳՄՍ նախարարութիւն, ինչպէս նաեւ հանդէս եկած ենք առաջարկով, որպէսզի ստեղծուի յանձնաժողով՝ յոբելեանական տարուայ միջոցառումներու ծրագիրը քննելու համար։ Սակայն դեռ անցեալ տարուայ Սեպտեմբերէն որեւէ պատասխան չենք ստացած նախարարութենէն։ Հետեւապէս տարուայ մասին որեւէ յստակ բան չեմ կրնար ըսել. Թանգարանի ռեսուրսները սահմանափակ են, եւ եթէ չըլլայ պետական աջակցութիւն, մենք շատ մեծ միջոցառումներ չենք կրնար ընել։ Կը ցանկանանք մի քանի կարեւոր գիրքեր հրատարակել, որոնցմէ մէկը լուսանկարներու ալպոմն է, որ չկայ, իսկ պահանջարկը շատ մեծ է։ Կը ցանկանանք նաեւ Յունիսի 17-ը՝ Սեւակի յիշատակի օրը, մեծ շուքով նշել։ Այդ առթիւ լաւ կ՚ըլլար, օրինակ, դասական երաժշտութիւն հնչէր հէնց Պարոյր Սեւակի այգիի մէջ՝ ՀՀ պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի կատարումով։ Կը ծրագրենք Սեւակի 100 ամեակը նշել ոչ միայն Արարատի մարզին կամ Երեւան, այլեւ ամբողջ Հայաստան՝ կազմակերպել փառատօներ, գիտաժողովներ, բացօթեայ մեծ միջոցառումներ, պուրակ ունենալ Երեւանի մէջ Սեւակի անունով։ Ծրագրերը բազմաթիւ են. տեսնենք, թէ որոնք կ՚իրականացուին։
Մ.Յ.- Պարոյր Սեւակի թոռնիկ ըլլալը որքանով կ՚ազդէ ձեր՝ որպէս անձի, հայի, մասնագէտի ձեւաւորման վրայ։
Դժուար հարց է. քանի որ ես իրեն անձամբ չեմ տեսած, անձամբ հետը չեմ շփուած, իր կողմէն անմիջապէս չեմ դաստիարակուած։ Բայց ինձ դաստիարակած է իր որդին, ուրեմն Սեւակի դաստիարակութիւնը այդպէս ինձ անցած է։ Մասնագիտական կողմնորոշման հարցին միանշանակ պաստասխան եւս չկայ, որովհետեւ ես գրականութիւն սկսեցի սիրել այն տարիքին, երբ դեռ ողջ խորութեամբ չէի հասկնար՝ ով է Պարոյր Սեւակը։ Բացի այդ՝ արձակ աւելի շատ կը սիրեմ, քան պոեզիա։ Գրականութիւնը ուղղակի իմ կեանքն է, իմ տարերքը։ Սեւակը 7 թոռ ունի, բայց միայն ես եմ գրականութեան գծով գացեր։ Մեր ընտանիքի մէջ պարտադրանք չէ եղած երբեք, քոյր-եղբայրներս բժիշկներ են, իրաւաբաներ, տնտեսագէտներ։ Իսկ ինձ մօտ այսպէս ստացուեց ոչ թէ յատկապէս Սեւակի պատճառով, այլ որովհետեւ ինքս կը սիրէի գրականութիւնը։ Բայց այն փաստը, որ մեծացել եմ այն տանը, որտեղ 3000 կտոր գիրք կայ, այդ ալ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ, ի հարկէ։
Մ.Յ.- «Պարոյր Սեւակի անտիպ ժառանգութիւնը. գեղարուեստական արձակ եւ գրականագիտութիւն» թեմայով ատենախօսած էք։ Ձեր կատարած ուսումնասիրութիւնները ի՞նչ տուած են հայ գրականագիտական մտքին, սեւակագիտութեանը առհասարակ, որ մինչ այդ չէ եղած։
Քանի որ անտիպ գործերը կը քննէի, իմ ըսելիքը լիովին նոր բան էր։ Խօսքը Սեւակի «Ամանէջ» անաւարտ եւ անտիպ վէպի մասին է, որու մասին մինչ այդ ընդամէնը մի յիշատակում կար Ալպերտ Արիստակեսեանի մենագրութեան մէջ։ Ըստ որուն՝ վերնագիրը թիւրիմացաբար «Ամանամէջ» նշուած է, այլ ոչ թէ «Ամանէջ»։ Իսկ իմ ատենախօսութիւնը առաջին անգամ կը վերլուծէր այդ անաւարտ վէպը, որը շատ հետաքրքիր է եւ բոլորովին նոր։ Սեւակ կը բացայայտէ եւ՚ գրականագէտներու, եւ՚ ընթերցողներու լայն շրջանակներու համար։ Իմացուեց՝ Պարոյր Սեւակը նաեւ արձակ գրած է՝ շատ հետաքրքիր կերպարներ ստեղծելով։ Վէպին շեշտը կը դրուի հերոսներու հոգեբանութեան վրայ. սէր, ամուսնութիւն, ընկերութիւն, դաւաճանութիւն, հաւատարմութիւն եւ այլ հետաքրքիր թեմաներ։ Ճիշդ է՝ գործը անաւարտ մնացած է, բայց ինչ ալ որ կայ, շատ հետաքրքիր կ՚ընթերցուի։ Գիրքը առաջին անգամ հրատարակուած է 2014 թուականին։ Եւ 10 տարուայ մէջ արդէն 4 վերահրատարակութիւն ունեցած է։ Ատենախօսութեան երկրորդ բաժինը նուիրուած էր Սեւակի գիտական անտիպ ժառանգութեան։ Եւ այստեղ երկու գործ քննած եմ՝ Սեւակի առաջին թեկնածուական ատենախօսութիւնը՝ «Կարծեցեալ Շապուհ Բագրատունին եւ վաղ վերածննդի հարցերը Հայաստան», որ կրկին անաւարտ ու չպաշտպանուած մնացած է քաղաքական պատճառներով, եւ վերջին մեծ գիտական աշխատութիւնը, որ կը կոչուի «Սայաթ-Նովան եւ հայ միջնադարը»։
Մ.Յ.- «Անլռելի սիրահարը», «Հայ պոեզիայի քուռկիկ ճալալին», ահա այսպիսի բնութագրումներ ըրուած են տարբեր ոուսումնասիրողներու կողմէ։ Իսկ ինչպէս այլ կերպ դուք կ՚անուանէք։
Մտածողը. Սեւակը ինձ համար ամենէն առաջ մեծագոյն մտածող է։
Մ.Յ.- Սեւակի մասին կամ անոր ստեղծագործութիւններու մասին կա՞յ նոր ըսելիք կամ այնպիսին, որ նեղ շրջանակի մէջ հնչած եւ այս զրոյցի միջոցով կը հանրայնացուի աւելի։
Ուղղակի երկու շատ հետաքրքիր փաստ կրնամ ըսել, որ գուցէ «Ակօս»ի ընթերցողին այնքան ալ ծանօթ չըլլայ։ Անոնցմէ մէկը հէնց Սեւակի ծննդեան օրուայ հետ կապուած է։ Հանգամանքներու բերումով այնպէս ստացուած է՝ մինչեւ հիմա մեզ այնքան ալ ոչ յայտնի պատճառներով, գիւղի գրանցամատեանի մէջ Սեւակի ծնունդը երկու օր անց գրանցուած է՝ Յունուարի 26-ին։ Այս երկար ժամանակ կը կապէին Լենինի մահուան հետ (Յունուարի 21, 1924թ.)։ Ողջ Խորհրդային Միութեան մէջ սուգ յայտարարած են, եւ հաւանաբար այդ պատճառը եղած է։ Հետաքրքիր է՝ Սեւակը ամբողջ կեանքին իր ծննդեան օրը նշած է Յունուարի 26-ին՝ իմանալով, որ ծնած է հէնց 24-ին։ Հայրս կը յիշէ՝ բարեկամներն ու հիւրերը Յունուարի 26-ին հաւաքուած են իրենց տանը՝ նշելու Սեւակի տարեդարձը։ Բայց իր ձեռագրերին յաճախ սովորութիւն ունէր գրուածքներու վերջը ամսաթիւը ու վայրը նշել։ 24-ի դէպքում երբեմն փակագծերով կը գրէ. «Ծննդեանս օրը»։
Եւ երկրորդ փաստը կապուած է 100 տարի առաջ հայ գիւղական ընտանիքներուն տիրող աւանդոյթներու հետ։ Սեւակենց տանը ապրած են երկու եղբայրներ՝ Վահանն ու Ռաֆայէլը, որը Պարոյր Սեւակի հայրն է ու եղբայրներէն կրտսերը։ Վահանը, ըլլալով աւագ եղբայրը, զաւակ չէ ունեցած, ու երբ ծնած է Պարոյրը, իր կնոջ հետ որոշած են վերցնել երախային։ Մօտ հինգ տարի Սեւակը կարծած է՝ հօրեղբայրը ու անոր կինը իր ծնողներն են։ Անոր համար իր իսկական ծնողներուն անուանած է Ռաֆայէլ ամի (հօրեղբայր) եւ Անահիտ ազի (հօրեղբօր կին)։
(Շարունակելի)