«Որոտի ձայները սարսափեցնում
են երեխաներին եւ դողդողացնում
թոյլ ուղեղները»։
Դեմոֆիլ
ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Իսկզբանէ փաստեմ, որ երբեւէ որեւէ խմբի կամ կուսակցութեան չեմ անդամագրուած, իմ գրութիւնները որեւէ առումով առնչուած չեն քաղաքական ինչ-որ գաղափարախօսութեան շահերու հետ, այլ բացառապէս միայն իմ երկրի բարեկեցութեան, որ «հաւատամք» է եւ համոզուած եմ՝ եզակի չեմ իմ անհատական այլախոհ կարծիքն ունենալու եւ արտայայտելու հաճոյքը վայելող։
Պատահական չէր զայրոյթի այն հրաբուխը, որ ժայթքեց եւ քանքարաւոր խմբագիրները հուր ու կրակ սփռեցին աշխարհով մէկ հեռատեսիլի ալիքով կաթողիկոսի ուղերձի հեռարձակումը ճիշդ կէս գիշերի փոխարէն այլ ժամին ծրագրելու առիթով, որոնց մէջ նշմարելի է Պոլսոյ «Ժամանակ»ի նրբազգաց խմբագրի աղի արցունքով գրառուած ողբը, որ բնոյթով անիմաստ ցեխախառն բառակոյտ է, իսկ դիպուածը՝ գայթակղութիւն՝ դիտումնաւոր տագնապի գնահատում։ Ան կը շփոթէ խօսքի ազատութիւն եւ արդարամտութիւն հանգամանքները, որ լայնօրէն արմատացած է սփիւռքի մամուլի մեծամասնութեան գործունէութեան մէջ։
Հ-1-ի հաղորդման հարցը սուտ եւ կեղծ սադրանք է, քանզի ժամերու տեղաշարժ եղած է, այլ ոչ թէ մերժում, իսկ էութեամբ այն որեւէ կենսական արժէք եւ նշանակութիւն չունի առկայ բիւրաւոր լուծելի եւ անլուծելի խնդիրներու դիմաց։ Ե՞րբ աղօթքով եւ պատարագով կամ դրօշ ծածանելով երկիրը բարգաւաճած կամ փրկուած է։ Որքան ճիշդ եւ տեղին կ՚ըլլար, եթէ մեր խմբագիրը, որեւէ ուղերձի բացակայ ըլլալը ողբալու փոխարէն, նոյն ոգեւորութեամբ եւ սրտաճմլիկ ոգով փնտռէր եւ լուսաբանէր, թէ ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ ձեռքի ստորագրութեամբ օտարուած է Երուսաղէմի դարաւոր «Կովերու պարտէզը», որ մեր յաջորդ կորուստը կրնայ դառնալ, եթէ... Սփիւռքահայ մամուլի զգալի մէկ մասը որ կը տառապի նիկոլախտով, սեւ ակնոցով կը դիտէ դէպքերը եւ չի նկատեր իրական պատկերները։ Արդեօք իրաւասո՞ւ էր կաթողիկոսը ըլլար վարչապետի հրաժարականը առաջնահերթ պահանջողը, քանի որ ժողովրդի գոյութեան եւ պաշտպանութեան հարցերուն մասնակից չէ, իսկ ՀՀ-ը սահմանադրական է եւ չմոռնանք, որ եկեղեցին սկզբունքով ունի միայն հոգեւոր-բարոյական հանգամանք, ոչ աւելին։ Այն կուսակցութիւն չէ, որ որեւէ մէկ կողմնորոշում ընտրէ եւ պայքարի դիրք գրաւէ իշխանութեան դէմ, չնայած իր հրաժարականը աւելի ցանկալի է։
Վաղուց ան մոռցած է, որ պարտաւոր է, ըստ իր պաշտօնի, ըլլալ անկողմնակալ՝ վեր բոլոր տեսակի խմբերէն եւ կուսակցութիւններէն։ Ցաւօք այդպէս չէ։ Մի՞թէ ան ունի որեւէ իրաւալիազօրութիւն, որ արձանագրուած է ՀՀ սահմանադրութեան կամ թէկուզ եկեղեցական որեւէ կանոնագրքի մէջ։ Ո՛չ, չունի։
Ենթադրաբար, եթէ նոյնիսկ երկրի եւ ժողովրդի գոյութեան որոշ խնդիրներ նաեւ կաթողիկոսին կարող են առնչուիլ, բաւարար չէ հողմ ու փոթորիկ ստեղծել։ Ի վերջոյ ՀՀ-ը իր բոլոր թերութիւններով հանդերձ կը մնայ սահմանադրական պետութիւն եւ հոգեւոր֊բարոյական ոլորտէն այն կողմ եկեղեցին ընելիք չունի, քան սէր սերմանել ատելութեան դիմաց, ճշմարտութիւն փնտռել, ուր սխալներ կան եւ նման առաքելութիւններ։
Փոխարէնը կարելի է ենթադրել, որ Ամանորի ուղերձի եւ իշխանութեան հետ յարաբերութեան անպարկեշտ ընթացքը ուղղակի կապուած է անհատի չափազանց փառասէր եւ ինքնասէր ըլլալու հանգամանքով։ Գուցէ բացառուած չէ, որ մեծամտութեան նոպայի ընթացքին իրեն կը դասէ Բարձրեալին հաւասար։ Կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման տարեդարձի առիթով լուսարարապետի ուղերձն է՝ «Աստուած եւ մեր ազգը ընտրեց անոր, ով հզօր հայրենիքի, հզօր եկեղեցւոյ եւ ժողովրդի բարօրութեան մեծ երազն էր...»։ Կեղծիքի եւ շողոքորթութեան ինչպիսի՜ գագաթնակէտ։ Ըստ Ոսկան Մխիթարեանի վկայութեամբ՝ իրականին ընտրած են խորանի սրբութենէն դատարկ եւ եկեղեցին որպէս եկամուտի աղբիւր տեսնող չարագործ անձեր։ Այս է փաստը։
Սեն Ռաֆայէլ