Թերթիս նախորդ թիւով անդրադարձած էինք Հրանդ Տինք Հիմնարկի կազմակերպած եւ Հրանդ Տինքի ձօնուած զրոյցներու շարքը։ Այս շաբաթ ընթերցողներուն հետ կը բաժնենք այդ զրոյցներէն որոշ հատուածներ։
11 Յունուարին կայացող առաջին զրոյցի խորագիրն էր. «Իրողութեան յուշագրութիւնը»։ Այս խորագրի ներքեւ Սենա Պաշէօզ եւ Նեսլիհան Քոյունճու Պալի բացատրութիւններ տուին 23,5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայրի պատրաստութեան եւ հիմնադրութեան գործընթացի մասին։ Վկայութիւններ փոխանցուեցան Հարաւային Ափրիկէի մէջ կատարուած նման նախաձեռնութիւններէ։
Յաջորդ օր «Իրողութիւնը արխիւաւորել» խորագրի ներքեւ Զէյնեփ Թաշքըն պատմեց Հրանդ Տինք Հիմնարկի հիմնադրութեան հետ զուգահեռ ժամանակագրութեամբ Հրանդ Տինքի արխիւի մը կազմութեան ոդիսականը։
Թերթերի կտրօններէ, լուսանկարներէ, վիտէյո ժապաւէններէ, Հրանդ Տինքի անձնական իրերէ բաղկացող այդ արխիւի ձեւաւորման մէջ բազմաթիւ կամաւորներ, յատկապէս համալսարանական երիտասարդներ բաժին ունեցան։ Այդ գործընթացը տակաւին կը շարունակուի։ Իւմիթ Քըվանճի հեղինակած «Յիշողութիւնը անբաւարար» անուն վաւերագրականի 5 տարի տեւող պատրաստութիւնները պատմեց Նորայր Օլկար։
«Ակօս»ի նախկին խմբագրապետ Ռոպէր Քոփթաշ ալ պատմեց Ռայմոն Գէորգեան եւ Փոլ Փապուճեանի հեղինակած «Նախքան 1915 հայերը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ» անուն գիրքի հրատարակչութեան պատմութիւնը։ «Այսօր կ՚ապրինք Հրանդին բացակայած աշխարհի մը մէջ։ «Ակօս»ի հրատարակութիւնով տեսանք որ առանց համայնք հասկացողութեան սահմանափակումներուն, ուրիշ մարդկանց հետ ալ շփուելով կարելի էր թուրքիացի հայ ըլլալ» ըսաւ Ռոպէր Քոփթաշ։
13 Յունուար շաբաթ օր այս անգամ Հազալ Էօզվարըշի ժողովավարութեամբ լրագրողներ՝ Էլիֆ Աքկիւլ, Ճանան Ճոշքուն եւ Եդուարդ Տանձիկեան ոճիրի յաջորդող դատավարութիւններու ընթացքին լրագրողի տպաւորութիւնները փոխանցեցին լսարանին։ Անոնք յատկապէս անդրադարձան 2016-ին մեկնարկած եւ պետական պաշտօնեաներուն դատուած երկրորդ հանգրուանի վկայութիւններուն։ Ընդգծեցին թէ դատակազմը ինչպէս յամառօրէն կը մերժէր Տինք ընտանիքի փաստաբաններուն հարցաքննութիւնը ծաւալելու միտող պահանջները։
15 Յունուար երկուշաբթի օր Պարըշ Ալթընթաշ, Պիւլենթ Այտըն եւ Միլենա Պիւյիւմ՝ Զէյնեփ Սունկուրի ժողովավարութեամբ պատմեցին Հրանդ Տինքի դատավարութիւններուն հետ առնչուած իրենց անձնական փորձառութիւնը։
Այստեղ Պարըշ Ալթընթաշ ընդգծեց Հրանդի Ընկերները հարթակի կարեւոր դերակատարութիւնը։ Միլենա Պիւյիւմ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու դատական նիստերուն մասնակցութեան նշանակութեան անդրադառնալով նշեց որ այս տեսակի մասնակցութիւնները կարեւոր են իրաւաբանական գայթակղութիւնները կանխելու եւ թափանցիկութիւն ապահովելու առումով։
Պիւլենթ Այտըն, որ շատերուն ծանօթ է, իբրեւ Հրանդի Ընկերները հարթակի խօսնակ երախտիքով նշեց լրագրող Այտըն Էնկինի եւ փաստաբան Հաքան Պաքըրճըօղլուի պայքարը։ Ան իր խօսքերը եզրափակեց յիշատակման միջոցառումներուն մասնակցութեան հետզհետէ նուազելու պատկերը մեկնաբանելով։ «Այդ նուազումը նիւթի հանդէպ ուշադրութեան նուազում մը չէ, այլ ժողովրդավարութեան բացակայումը»։
16 Յունուարին այս անգամ փաստաբաններ Ֆեդհիյէ Չեթին եւ Հիւլյա Տեւեճի ելոյթ ունեցան եւ երախտիքով յիշեցին ողբացեալ փաստաբան Հաքան Պաքըրճըօղլուի մեծ ներդրումը։ Մանաւանդ Չեթին մանրամասնութիւններով պատմեց թէ ոճիրի պետական որոշումով մը գործադրուելու ապացոյցները ինչեր են։ Ան նշեց որ ոճիրը նախ վերագրուեցաւ Էրկենեքոն կոչեցեալ խմբակին։ Ապա քաղաքական զարգացումներու զուգահեռ այս անգամ ալ լուսարձակի տակ առնուեցաւ Ֆեթուլահ Կիւլենի աղանդը։ «Իրողութիւնը այն է, որ ոճիրէն ետք փաստեր քօղարկողները, կեղծ փաստեր հնարողները բոլորն ալ պետական պաշտօնեաներ էին» ըսաւ Ֆեդհիյէ Չեթին։
Հիւլյա Տեւեճի ալ շեշտեց նոյն իրողութիւնը, նշելով որ հարցաքննութեան ներառուած 85 ամբաստանեալներու մեծամասնութիւնը կը կազմէին պետական պաշտօնեաները։
Այս միջոցառումները աւարտին հասան Հալէ Թենկերի պատրաստած ցոլացումով։ «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան ալ գտնուած Սեպատ շէնքի պատին վրայ 18 Յունուար հինգշաբթի երեկոյ ժամը 19.00-ին պիտի ցոլանայ Հալէ Թենկերի պատրաստած նիւթերը։
Իսկ 19 Յունուարին ժամը ճիշդ 15.00-ին նոյն տեղւոյն վրայ պիտի իրականանայ Հրանդ Տինքի յիշատակման ձօնուած հանրահաւաքը։