ՃԱՆ ԱԹԱԼԱՅ
Շատ լսած եմ իր խօսքերը, շատ ընթերցած գրածները, բայց երբեք չեմ զրուցած իր հետ։
Դատարաններու մուտքին՝ նոյնիսկ ներքնամասին յարձակման վայրի վերածուած օրերն էին։ Ես թերատի փաստաբան էի, այդ ժամանակ։ Փաստաբանի պատմուճան հագած խմբակներ, նախ կ՚ապահովէին լրագրողի մը դէմ դատական գործընթացի մը մեկնարկումը, ապա դատարանի դահլիճը կը վերածէին հայհոյանքին, անարգանքին, յարձակումին բեմը ըլլալով։ Դարձեալ այդպիտի օր մըն էր, իր դէմ յարուցուած դատի առաջին նիստը։ Շիշլիի Արդարադատութեան շէնքը բնակարանէ մը դատարանի վերածուած է։ Աստիճաններուն վրայ կը հանդիպիմ փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինի։ «Բարեւ քոյրիկ» կ՚ըսեմ իրեն, բայց ան պատասխան չի տար։ Կը նկատեմ տարօրինակութիւնը եւ կը հետեւիմ իրեն։ Քիչ անց ներս կը մտնէ նաեւ իրաւապաշտպան Հասան Ալըճը։ Ան պիտի բացատրէ թէ ինչեր կ՚անցնին կը դառնան, նոյն պահուն ներս կը մտնեն այդ ծանօթ խուժանը։
Այսպէս կը սկսի այդ բոլորին ծանօթ դատավարութեան առաջին նիստը։
Այդ դատարանին մէջ ես ալ բազմաթիւ դատեր ունիմ։ Հետեւաբար անցուդարձներուն յաճախ կը հետեւիմ։
Դատակազմը մասնագէտներու տեղեկագիրը նկատի առնելով կը պատրաստուէր Հրանդ Տինքը անպարտ հռչակելու, բայց յանկարծ անտեսանելի ձեռք մը կը միջամտէ այդ որոշումին եւ Հրանդին պատիժ կը տնօրինեն։
Այդ վճիռը 19 Յունուարի տանող ճամբու մեկնակէտը հանդիսացաւ։ 19 Յունուար 2007 թուականը հետզհետէ աճող բռնութեան, դատարանի նրբանցքներու մէջ ձեւաւորուած դատական ահաբեկչութեան գագաթնակէտը հանդիսացաւ։
Տինքի սպանութեան հետ առնչուած բոլոր գիրքերը կարդացած եմ։ Անհատնում հարցումներովս յոգնեցուած, զզուանքի մատնած եմ սիրելի պաշտօնակիցս Հաքան Պաքըրճըօղլուն։ Բայց տակաւին անպատասխան մնացած բազում հարցումներ կան մտքիս մէջ։ Մէկ կողմ թողենք անպատասխան մնացած հարցումները, 19 Յունուարին գործուած ոճիրի պատճառը ու նպատակը շատ յստակ է։
Հրանդը սպաննեցին ո՛չ թէ դապու համարուած նիւթի մը մասին խօսելուն համար, այլ այդ խօսքը այսքան պարզունակ եղանակով՝ դիւանագիտական կաղապարներու փոխարէն մարդկային խիղճը շարժման անցնելով խօսելուն համար վտանգաւոր էր։ Ան յամառօրէն կը փորձէր այս նիւթը մարդկանց մտքերուն մէջ լուծել։
Այո՛, երբեք չեմ խօսած, բայց քանի մը անգամ տեսած էի զինք։ Անոնցմէ մէկը դարձեալ Շիշլիի դատարանին մուտքին էր։ Ուրիշի մը դատավարութեան զօրակցելու համար եկած էր։ Միշտ դժուար օրեր ապրեցանք, այդ օր ալ անոնցմէ մէկն էր։ Այդ խառնիճաղանճ միջավայրին մէջ ան խաղաղ կը հետեւէր կատարուածներուն։
Մի ուրիշ անգամ համալսարանի մը նրբանցքներուն տեսայ զինք։ Զարմանալով նկատեցի թէ որքան վայելուչ էր։ Ամէն տարի 19 Յունուարին ժամը ճիշդ 15.00-ին, մեզ բոլորս Փանկալթըի մէջ մէկտեղողը անոր եղբայրացման կամքն է, յամառ կամքը։
Սիրով ու յարգանքով կը յիշատակեմ զինք։