Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերը անօդաչու սարքերով հարուածած են Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան Հասաքէ նահանգին մէջ գտնուող Գամիշլի քաղաքի մերձակայքը տեղակայուած թիրախները։ Ըստ Sharq Al-Awsat թերթի հաղորդմամբ՝ հարուածներէն մէկու հետեւանքով երեք սուրիացի զինուոր զոհուած է։
Իսկ սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութեան կողմէ տրուած յայտարարութեամբ Սուրիոյ մէջ թրքական օդուժի հարուածներու հետեւանքով Ալ-Հասաքա նահանգի մէջ երկու ելեկտրական ենթակայաններ վնասուած են։ Խօսքը Ամուտա եւ Գամիշլի քաղաքին մէջ 66 քիլոուաթ հզօրութեամբ ենթակայաններու մասին է։
Յունուար 15-ի գիշերը Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է Հիւսիսային Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ օդային գործողութիւններու ընթացքին երկրին մէջ արգիլուած Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան 24 կառոյցի ոչնչացման մասին։ Թրքական կողմը պնդած է, որ օդային հարուածները պատասխան եղած են Հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող ռազմակայանի վրայ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան ուժերու յարձակման, որու հետեւանքով ինը թուրք զինուոր զոհուած է։