Սերկէյ Փարաճանով կը դառնայ 100 տարեկան
ՄԱՐԻ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Յունուարի 9-ին աշխարհը կը նշէր կինօբեմադրիչ, սցենարիստ, ՀԽՍՀ ժողովրդական արտիստ Սերկէյ Փարաճանովի 100-ամեակը։ Սերկէյ Փարաճանովը ծնած է 1924 թուականի Յունուարի 9-ին Թիֆլիս։ Աւարտելով Միջնակարգ դպրոցը՝ ան կ՚ընդունուի Թիֆլիսի երկաթուղային փոխադրութեան ճարտարագիտութեան ինստիտուտ, շինարարական ֆակուլտետ։ Մէկ տարի անց կը հեռանայ ինստիտուտէն եւ կ՚ընդունուի միանգամէն երկու ԲՈՒՀ՝ Թիֆլիսի քոնսերուաթորիայի վոքալի բաժին եւ Օփերային թատրոնին կից գործող պարային ուսումնարան։ Այնուհետեւ կը սովորէ Մոսկուայի քոնսերուաթորիան՝ Նինա Տորլիակի դասարանը։ Այնտեղ սովորելուն զուգահեռ՝ Փարաճանովը 1946 թուականին կ՚ընդունուի նաեւ Մոսկուայի կինեմաթոկրաֆիայի համառուսական պետական ինստիտուտի ռեժիսուրայի ֆակուլտետ։ Փարաճանովի տիփլոմային աշխատանքը կարճամեթրաժ «Անդրիեշ» ժապաւէնն էր։ Չորս տարի անց ան ռեժիսոր Յակոբ Բազելեանի հետ Ալ. Տովժենկոյի անուան կինօստուդիայում նոյն նիւթով,նոյն անուամբ ֆիլմի լիամեթրաժ տարբերակը կը նկարահանէ։ Անոր ստեղծագործութիւնները բարձր կը գնահատեն ժամանակի մեծագոյն ռեժիսորներ Ֆետերիքօ Ֆելինին, Անդրէյ Թարկովսկին եւ այլք։ Հանրութեանը լայնօրէն յայտնի են անոր «Նռան գոյնը», «Մոռացուած նախնիների ստուերները», «Սուրամի ամրոցի լեգենդը», «Աշուղ Ղարիբ» եւ այլ ֆիլմեր։ Փարաճանովը Արժանացած է բազմաթիւ միջազգային, հայրենական մրցանակներու։
Նշենք, որ դեռ անցեալ տարի ձեւաւորուած է Սերրէյ Փարաճանովի 100-ամեակի յոբելեանական միջոցառումներու կառավարական յանձնաժողով, եւ ողջ տարուայ ընթացքին նախատեսուած են յոբելեանը արժեւորող բազմաթիւ ծրագրեր։
Յունուարի 9-ին յոբելեանական օրուայ մէկնարկը տրուած է Երեւանի Կինոյի տանը Փարաճանովի արձանի բացումով։ Արձանի քանդակագործը Արա Ալեքեանն է։ Միջոցառմանը մասնակցած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար, Սերկէյ Փարաճանովի 100-ամեակի յոբելեանական միջոցառումներու կառավարական յանձնաժողովի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Ժաննա Անդրէասեանը, նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեանը, Հայաստանի կինեմաթոկրաֆիստներու Միութեան նախագահ Յարութիւն Խաչատրեանը, պաշտօնատար այլ անձինք, մշակութասէր հանրութիւնը։
Արձանի բացմանը յաջորդած է Դաւիթ Գալստեանի «Ջոկոնդա. կերպափոխումներ» ցուցահանդէսը։ Հիւրերը դիտած են ստեղծագործութիւններ Սերկէյ Փարաճանովի «Մի քանի դրուագ Ջոկոնդայի կեանքէն» շարքէն, ինչպէս նաեւ այդ շարքէն ոգեշնչուած արուեստագէտ Դաւիթ Գալստեանի աշխատանքները՝ ստեղծուած արհեստական բանականութեան միջոցով։
Նշանաւոր օրուայ առթիւ Երեւանի «Մոսկուա» կինօթատրոնին հարող տարածքին կը գործէ ֆօթօտաղաւար, կ՚անցկացուի հարիսայի հիւրասիրութիւն, շարժական ինստալյացիա/փերֆորմանս՝ Երեւանի կենդրոնական փողոցներով՝ կէսօրին եւ երեկոյեան ժամերուն։
Կինոյի տանը կ՚անցկացուին նաեւ կինօդիտումներ, որոնց ընթացքին կը ցուցադրուին Սերկէյ Փարաճանովի «Նռան գոյնը», «Աշուղ Ղարիբը», «Քիեւեան որմնանկարներ», «Յակոբ Յովնաթան եան», «Արաբեսկներ Փիրոսմանի թեմաներով», «Մոռացուած նախնիներու ստուերները», «Սուրամի ամրոցի լեգենդը» ֆիլմերը եւ Սերժ Աւետիքեանի ու Ալյոնա Ֆետիսովայի «Փարաճանով» ֆիլմը։ Իրականացուած միջոցառումները ամփոփուած են Սերկէյ Փարաճանովի թանգարանը՝ «Կիւրճիեւ» եւ «Բարեկամութիւն» համոյթներու կատարումներով։
Միջոցառման ներկայ եղած են ԿԳՄՍ նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեանը, Հայաստանի ազգային կինօկեդրոնի տնօրէն Շուշանիկ Միրզախանեանը, Ուկրաինոյ ՀՀ դեսպան Վլատիմիր Կարապետեանը, արուեստասէր հանրութեան ներկայացուցիչներ։
ԿԳՄՍ նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեանը ողջունած է ներկաներուն եւ շնորհաւորած մեծանուն արո՛ւեստագէտը յոբելեանի կապակցութեամբ։
Սերկէյ Փարաճանովի թանգարանի տնօրէնի պարտականութիւնները կատարող Մարիաննա Մանուչարեանը Մարի Յովհաննիսեանի հետ զրոյցին նշած է՝ տարին փարաճանովեան ըլլալու է՝ միաժամանակ պատասխանատու եւ դժուար։ Ծրագրերը շատ են. ստեղծուելու է «Փարաճանով» պալետ, Երիտասարդական սիմֆոնիկ նուագախումբը Հենրիկ Իգիթեանի անուան Գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի տնօրէն Վահան Պատալեանի հետ համատեղ կը կազմակերպեն շատ հետաքրքրիր համերգ, պիտի ըլլայ գիտաժողովներ՝ ԱՄՆ, Վրաստան, ինչպէս նաեւ Հայաստան։։ Անոնցմէ մէկը կը կազմակերպէ հէնց Փարաճանովի թանգարանը։ Կ՚ըլլայ նաեւ ցուցահանդէս, որու ժամանակ կը ներկայացուին անհատական հաւաքածոներուի գտնուող Փարաճանովի ստեղծագործութիւնները։ Ըստ զրուցակցի՝ այսօր ամենէն հարուստ թանգարանի արխիւն է, որ սկզբնական շրջանին 672 ցուցանմուշ ունեցած է, սակայն տարիներու ընթացքին այն համալրուած է անընդհատ, եւ արդիւնքին ներկայիս ունին 1755 ցուցանմուշ։ Անգամ թանգարանի մէջ կան գործեր, որ հանրութեանը չեն ներկայացուած երբեւէ։ Ապագային մեծ ցանկութիւն կայ թանգարանի երրորդ յարկը կառուցել, որու պարագային կ՚ունենան ֆիլմասրահ, ինչպէս նաեւ ժամանակակից ու մշտական ցուցասրահ։ Մանուճարեանը հպարտօրէն աւելացուցած է՝ կը նախատեսեն սոյն տարուայ ապրիլ ամսուայ սկզբին ՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնին փարաճանովեան օրեր, որոնց շրջանակներուն կը ներկայացուին այնպիսի գործեր, որոնք կամ չեն ցուցադրուած կամ շատ քիչ կը ցուցադրուին։
Ի դէպ, թանգարանին մէջ կը պահուի Փարաճանովի իսթանպուլեան շարքէն քանի մը գործեր, որոնցմէ մէկը Արա Կիւլերի ֆօթոյի հիման վրայ ըրուած է, երկուսը՝ Իսթանպուլի պատկերով գծանկարներ են։ Առհասարակ, Փարաճանովը Իսթանպուլի հետ կապուած շատ յուշեր ունի։ Եւ ըստ Մարիաննա Մանուչարեանի՝ դեռ 2019 թուականին թանգարանի հիմնադիր Զաւէն Սարգսեանի ջանքերով Իսթանպուլի Փերա թանգարանի մէջ մեծ ցուցահանդէս կազմակերպուած է՝ Փարաճանովի 95-ամեակի առթիւ։ Սա մեծ պատասխանատուութեամբ խիզախութիւն եղած է, աննախադէպ իրադարձութիւն, որու արդիւնքին ցուցադրուած է 75 նմոյշ։ Այսօր ալ այն կը համարուի Փարաճանովին նուիրուած լաւագոյն ցուցադրութիւններէն մէկը, որ տեւած է 3 ամիս ու որու ընթացքին 55 հազար այցելու ունեցած է ցուցահանդէսը։ Մեծանուն հայի անունը կրող թանգարանը մշտապէս պատրաստ է համագործակցութեան։
Եւ ինչպէս հանճարեղ Փարաճանովը ըսած է. «Ես 50 տարի այնքան գեղեցիկ ապրել եմ։ Սիրել եմ, շատախօսել, հիացել, ինչ-որ բան ճանաչել, քիչ արել, բայց անչափ շատ բան սիրել։ Մարդկանց եմ շատ սիրել եւ նրանց շատ պարտական եմ։ Գորշութեան հանդէպ անհանդուրժող էի։ Ամենանորաձեւ գոյնն էր։ Ժամանակի անհրաժեշտութիւնը։ Ես ծաղիկներ նկարող խելագար ծերուկ եմ»։
Հոսանքն ի վեր
«Դժբախտաբար, սուգն ալ զօրակցութիւնն ալ այսօր քաջութիւն կը պահանջեն, բայց խորքին մէջ ապրիլը քաջութիւն կը պահանջէ, յոյսը քաջութիւն կը պահանջէ, արդարութիւնը քաջութիւն կը պահանջէ»։
Այս խօսքերը Ռաքէլ Տինք արտասանեց իր սիրելի ամուսնոյն՝ Հրանդ Տինքի առաջին տարելիցը ոգեկոչելու համար Սեպաթ շէնքի դիմաց հաւաքուած հանրութեան առջեւ։ Յոյսն ալ արդարութիւնն ալ քաջութիւն կը պահանջեն։ Կը շարունակենք հաստատակամօրէն եւ առանց յուսահատելու գոյատեւել երկրի մը եւ աշխարհի մը մէջ, ուր ճշմարտութիւնը երեւան հանելը յաճախ դէմ յանդիման կը գտնուի պատիժի կամ մահուան հետ։ 17 տարի ետք եւ տակաւին կ՚ապրինք իրականութեան մը մէջ, ուր արդարութեան յաղթանակին փոխարէն կը գերիշխէ ուժի վրայ եղողներուն (ան)արդարութիւնը։ 2022 թուականին արտասանած իր խօսքին մէջ Ռաքէլ Տինք մեզ կը յիշեցնէ, որ կարելի չէ այս աշխարհի վրայ ապահով ապրիլ առանց ճշմարտութեան. «ճշմարտութիւնը այն ամուր ժայռն է, որուն վրայ կը կերտենք մեր տունը։ Իրականութիւնը ամուր վէմ է»։ Առանց այդ ամուր կռուանին ո՛չ կրնանք սգալ, ո՛չ ալ՝ ապահով ապագայ մը պատկերացնել։ Ապրիլ 2021-ին, ընկերային ցանցերու վրայ մեր կատարած գրառումներէն մէկուն մէջ ըսինք, որ յանդգնութիւն է թէ՛ ճշմարտութիւնը խօսիլը եւ թէ՛ զայն լսելու կարողութիւնը ունենալը։ Դժուար է ճշմարտութիւնը ըսելը, բայց այդ լսողներուն համար աւելի՛ դժուար է ատորմով եւ յատկապէս՝ ատոր պահանջներուն համաձայն ապրիլը։ Խորքին մէջ, ընկերութիւնը ամբողջութեամբ հակառակը կը խրախուսէ, այսինք՝ կը քաջալերէ ապրիլ սուտերով ընդդէմ ճշմարտութեան։ Դիւրին չէ արդարութեան զգացումը զարգացնել անոնց մօտ, որոնք ականատես չեն եղած արդարութեան դրսեւորման իրենց առօրեայ կեանքին մէջ. անոնք յաճախ պէտք է իրենց ունեցածով բաւարարուին՝ չարեաց փոքրագոյնը նախընտրելով եւ անբաւարար «այո»-ներու մէջ մխիթարութիւն գտնելով։ Ճշմարտութեան դէմ ապրուած կեանքի մը մէջ կարելի չէ արդարութիւն զգալ եւ զայն դրսեւորել։
Ինչպէ՞ս կրնանք կարդալ շուրջ երկու դար արդարութեան եւ ճշմարտութեան համար պայքարող ժողովուրդին իր իսկ ճշմարտութիւնը պատմելու պարտաւորուածութեան իրողութիւնը. ժողովուրդը, որ տակաւին կ՚ենթարկուի նոյն անարդարութեան՝ միաժամանակ ստիպուած ըլլալով պատմելու ատոր մասին։ Վերապրող սերունդներէն իրենց ապրած խտրականութեան, անարդարութիւններու եւ աքսորներու մասին «պատմել» ակնկալելը բռնութեան ամէնէն վատ միջոցներէն մէկն է, որ մարդ կրնայ կիրառել, եւ այդ կրնայ առիթ ստեղծել այլ բռնութիւններու: Ասոր դէմ պայքարելու միակ միջոցը կ՚իյնայ անարդարութիւն եւ ոչնչացման քաղաքականութիւն գործածներու ժառանգորդներուն վրայ, երբ անոնք կը դիմակայեն հանցագործութիւնները, այդ ուղղութեամբ զգայունութիւն կը յառաջացնեն ինքնազարգացումով եւ իրենց շրջանակներուն մէջ փոփոխութիւն կը բերեն: Այսպիսով, ժամանակի ընթացքին, զոհին վրայէն կը վերցուի բեռը։
Բոլոր մեծ եւ ուժեղ երկիրներու պատմութիւններուն էջերը լեցուն են գաղութատիրութեան ոճիրներով։ Աւելի՛ն, հակառակ շատերու պնդումներուն, այս ոճիրները չեն վերացած ազգ-պետութիւն հիմնումով։ Այսօր, գաղութատիրութեան ոճիրներուն եւ անոնց անդրադարձին շարունակականութեան մասին չխօսիլը կը նշանակէ մեծ ճշմարտութիւնները նոր սերունդներէն պահել՝ անոնց ձգելով աւելի դժուար, աւելի անարդար եւ աւելի ապականած աշխարհի մը մէջ։
Մալաթիոյ հայ ընտանիքէ մը սերած Հրանդ Տինք այս պատմական ինքնութիւնը կրեց՝ իր առօրեան թողնելով գաւառի եւ Պոլսոյ ճեղքին մէջտեղ։ Ինքնութիւն մըն է բնաջնջմամբ, հետքերու վերացումով, անմխիթար սուգով եւ անվերջ անարդարութեան զգացումով հիւսուած։ Այս տարի, ինչպէս ամէն տարի, պիտի հաւաքուինք Սեպաթ շէնքին առջեւ եւ փորձենք շարունակել սգալ։ Այս դժուար օրին միասին ըլլալն ու մէկզմէկուն լռութեան ընկերակցութեամբ քով քովի կանգնիլ կարողանալը՝ տեսնելու համար, որ կրնաք կանգնիլ, պիտի ըլլայ ճշմարտութեան համար մեր հաստատակամութեան ներկայացում մը: