ԲԱՐՌԵՍԻԱ ԳՈԼԷՔԹԻՎ
«Դժբախտաբար, սուգն ալ զօրակցութիւնն ալ այսօր քաջութիւն կը պահանջեն, բայց խորքին մէջ ապրիլը քաջութիւն կը պահանջէ, յոյսը քաջութիւն կը պահանջէ, արդարութիւնը քաջութիւն կը պահանջէ»։
Այս խօսքերը Ռաքէլ Տինք արտասանեց իր սիրելի ամուսնոյն՝ Հրանդ Տինքի առաջին տարելիցը ոգեկոչելու համար Սեպաթ շէնքի դիմաց հաւաքուած հանրութեան առջեւ։ Յոյսն ալ արդարութիւնն ալ քաջութիւն կը պահանջեն։ Կը շարունակենք հաստատակամօրէն եւ առանց յուսահատելու գոյատեւել երկրի մը եւ աշխարհի մը մէջ, ուր ճշմարտութիւնը երեւան հանելը յաճախ դէմ յանդիման կը գտնուի պատիժի կամ մահուան հետ։ 17 տարի ետք եւ տակաւին կ՚ապրինք իրականութեան մը մէջ, ուր արդարութեան յաղթանակին փոխարէն կը գերիշխէ ուժի վրայ եղողներուն (ան)արդարութիւնը։ 2022 թուականին արտասանած իր խօսքին մէջ Ռաքէլ Տինք մեզ կը յիշեցնէ, որ կարելի չէ այս աշխարհի վրայ ապահով ապրիլ առանց ճշմարտութեան. «ճշմարտութիւնը այն ամուր ժայռն է, որուն վրայ կը կերտենք մեր տունը։ Իրականութիւնը ամուր վէմ է»։ Առանց այդ ամուր կռուանին ո՛չ կրնանք սգալ, ո՛չ ալ՝ ապահով ապագայ մը պատկերացնել։ Ապրիլ 2021-ին, ընկերային ցանցերու վրայ մեր կատարած գրառումներէն մէկուն մէջ ըսինք, որ յանդգնութիւն է թէ՛ ճշմարտութիւնը խօսիլը եւ թէ՛ զայն լսելու կարողութիւնը ունենալը։ Դժուար է ճշմարտութիւնը ըսելը, բայց այդ լսողներուն համար աւելի՛ դժուար է ատորմով եւ յատկապէս՝ ատոր պահանջներուն համաձայն ապրիլը։ Խորքին մէջ, ընկերութիւնը ամբողջութեամբ հակառակը կը խրախուսէ, այսինք՝ կը քաջալերէ ապրիլ սուտերով ընդդէմ ճշմարտութեան։ Դիւրին չէ արդարութեան զգացումը զարգացնել անոնց մօտ, որոնք ականատես չեն եղած արդարութեան դրսեւորման իրենց առօրեայ կեանքին մէջ. անոնք յաճախ պէտք է իրենց ունեցածով բաւարարուին՝ չարեաց փոքրագոյնը նախընտրելով եւ անբաւարար «այո»-ներու մէջ մխիթարութիւն գտնելով։ Ճշմարտութեան դէմ ապրուած կեանքի մը մէջ կարելի չէ արդարութիւն զգալ եւ զայն դրսեւորել։
Ինչպէ՞ս կրնանք կարդալ շուրջ երկու դար արդարութեան եւ ճշմարտութեան համար պայքարող ժողովուրդին իր իսկ ճշմարտութիւնը պատմելու պարտաւորուածութեան իրողութիւնը. ժողովուրդը, որ տակաւին կ՚ենթարկուի նոյն անարդարութեան՝ միաժամանակ ստիպուած ըլլալով պատմելու ատոր մասին։ Վերապրող սերունդներէն իրենց ապրած խտրականութեան, անարդարութիւններու եւ աքսորներու մասին «պատմել» ակնկալելը բռնութեան ամէնէն վատ միջոցներէն մէկն է, որ մարդ կրնայ կիրառել, եւ այդ կրնայ առիթ ստեղծել այլ բռնութիւններու: Ասոր դէմ պայքարելու միակ միջոցը կ՚իյնայ անարդարութիւն եւ ոչնչացման քաղաքականութիւն գործածներու ժառանգորդներուն վրայ, երբ անոնք կը դիմակայեն հանցագործութիւնները, այդ ուղղութեամբ զգայունութիւն կը յառաջացնեն ինքնազարգացումով եւ իրենց շրջանակներուն մէջ փոփոխութիւն կը բերեն: Այսպիսով, ժամանակի ընթացքին, զոհին վրայէն կը վերցուի բեռը։
Բոլոր մեծ եւ ուժեղ երկիրներու պատմութիւններուն էջերը լեցուն են գաղութատիրութեան ոճիրներով։ Աւելի՛ն, հակառակ շատերու պնդումներուն, այս ոճիրները չեն վերացած ազգ-պետութիւն հիմնումով։ Այսօր, գաղութատիրութեան ոճիրներուն եւ անոնց անդրադարձին շարունակականութեան մասին չխօսիլը կը նշանակէ մեծ ճշմարտութիւնները նոր սերունդներէն պահել՝ անոնց ձգելով աւելի դժուար, աւելի անարդար եւ աւելի ապականած աշխարհի մը մէջ։
Մալաթիոյ հայ ընտանիքէ մը սերած Հրանդ Տինք այս պատմական ինքնութիւնը կրեց՝ իր առօրեան թողնելով գաւառի եւ Պոլսոյ ճեղքին մէջտեղ։ Ինքնութիւն մըն է բնաջնջմամբ, հետքերու վերացումով, անմխիթար սուգով եւ անվերջ անարդարութեան զգացումով հիւսուած։ Այս տարի, ինչպէս ամէն տարի, պիտի հաւաքուինք Սեպաթ շէնքին առջեւ եւ փորձենք շարունակել սգալ։ Այս դժուար օրին միասին ըլլալն ու մէկզմէկուն լռութեան ընկերակցութեամբ քով քովի կանգնիլ կարողանալը՝ տեսնելու համար, որ կրնաք կանգնիլ, պիտի ըլլայ ճշմարտութեան համար մեր հաստատակամութեան ներկայացում մը:
Թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեանը