Տարեմուտը առիթ համարելով դիմեցինք Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեանի, խնդրելով նախորդ տարուայ ընդհանուր գնահատականը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հետ կատարուած հարցազրոյցը։
ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ
Ի.Է.- Կ՚ուզեմ խօսքի սկսիլ Նոր տարին շնորհաւորելով։ Նախորդ տարին բաւական աշխոյժ էր հայ համայնքի համար։ Կատարուեցան 10 տարիէ ի վեր առկախուած համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւնները։ 6 Փետրուարին ապրեցանք երկրաշարժի սարսափը։ Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք նախորդ տարին։
Ես ալ կ՚ուզեմ «Ակօս» թերթի աշխատակազմի եւ ընթերցողներուն Ամանորը շնորհաւորելով սկսիլ։ 2023-ը ոչ միայն հայ համայնքի, այլեւ բովանդակ Թուրքիոյ եւ նոյնիսկ աշխարհի համար բաւական ծանր ցնցումներով անցաւ։ Պատերազմներ, տնտեսական ճգնաժամեր, սով, համաճարակ, յաճախակի երկրաշարժներ, բնական աղէտներ, ջրհեղեղ, հրդեհ եւ կլիմայական խնդիրներ ապրեցանք ամբողջ տարուայ ընթացքին։ Հայաշխարհը կը փորձէ Արցախի զարգացումները իմաստաւորելու եւ իւրացնելու։ Կովկասներէ ներս խաղաղութեան որոնումները յուսադրիչ կ՚երեւան։ Աղէտի գօտիի վէրքերը կը շարունակեն սպիանալ։ Վաքըֆգիւղի, Իսքենտերունի եւ Մալաթիոյ մեր աղէտեալ որդիներուն եւ աւերուած եկեղեցիներուն համար թէ Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութիւնը (ՀայՃար), եւ թէ Պատրիարքարանի կազմէն ներս Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբը աշխատանքներ կը տանին։
Այս տարի ալ մահացողները աւելի բարձր են, քան ծնողները։ Ծննդաբերութեան 1,2-ի փոխարէն մահացողները կը կազմեն 2,6 տոկոս։ Այս ցուցակն ալ մեզ կը յուշէ թէ մեր գլխաւոր մարտահրաւէրը պիտի շարունակէ մնալ բնակչութեան թիւը։ Նորընտիր վարչութիւնները իրենց թարմ ներուժով քիչ մը եւս կը բարձրացնեն ապագայի հանդէպ մեր յոյսերը։
ԷՐՎԱՊ սկսած է աւելի կարգապահ ժողովներ գումարել եւ իր կազմին մէջ յանձնախումբեր գոյացնել։ Այս բոլորի մէջ հիւանդանոցի վարչութեան ընտրութիւններու կայացած չըլլալն ալ համայնքի առումով կարեւոր օրակարգ մը կը կազմէ։
Ի.Է.-Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ընտրութիւնները պէտք էր կատարուէին այցեալ տարուայ ընթացքին։ Կանոնագրութիւնն ալ չէ հրատարակուած։ Փակ դռներու ետին զանազան զրոյցներ կը շրջանցեն, բայց պաշտօնական յայտարարութիւն մը չի կատարուիր։ Այս նիւթի հետ առնչուած շփում մը ունեցա՞ծ էք։
Նախորդ ամառուայ սկիզբին կանոնագրութեան նախագիծ մը հրապարակուեցաւ, որ բնականաբար բարձրացուց ընտրութեան մը ակնկալութիւնը։ Թափ ստացան պատրաստութիւններ, նոյնիսկ ընտրութեան մասնակցելիք խումբեր ձեւաւորուեցան։ Ի զարմանս այս բոլորին ընտրութիւնները չկայացան։ Մենք անձամբ դիմեցինք Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան մօտ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Ճան Ուսթանպաշըյի։ Ինք այս մասին զրուցած է Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Սինան Աօսույի հետ, որ իր կարգին յայտնած է թէ տնօրէնութիւնը կանոնագրութեան վերջին ձեւ ըլլալով փոխանցած է Հանրապետութեան նախագահի գրասենեակին։ Բացի այդ երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու ալ կը հետեւի այս նիւթին։ Կը յուսամ թէ մօտ ապագային դրական պատասխան մը պիտի ստանանք։
Ի.Է.- Անձամբ մասնակցած էիք ԷՐՎԱՊ-ի 11 Դեկտեմբերի ժողովին։ Այդտեղ մեր դպրոցներու շէնքերուն երկրաշարժի դիմադրութեան մասին ալ յայտարարութիւններ կատարուեցան։ Ի՞նչ է վերջին վիճակը։
Պատրիարք ընտրուելէս ետք իմ առաջնահերթութիւնը եղաւ երկրաշարժի նիւթով ժողով մը գումարել Պատրիարքարանի մէջ։ Դպրոցներու երկրաշարժի տոկունութիւնը պարզելու խնդիրը ստանձնեցին ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզ եւ ՀայՃար միութիւնը։ Բազում հանգրուաններ յաղթահարելէ ետք 11 Դեկտեմբերի ԷՐՎԱՊ-ի ժողովին ներկայացուած տեղեկագիրը կը պարզէր նիւթի լրջութիւնը։ Այդ օր որոշուեցաւ համայնքային վարժարաններու ամրութիւնը ապահովելու համար կամք մը։ Գիտեմ որ մեր վարչութիւններն ալ գերզգայուն են այս նիւթի հանդէպ։ Բայց պէտք է նկատի ունենանք որ նման շինարարական ծախսերու բեռը հազիւ համայնքային միասնութիւնով կրնանք յաղթահարել։
Ի.Է.- Այդ ժողովէն քանի մը օր անց պարոն Աքսել Թոփալեան գրաւոր յայտարարութիւնով մը յայտնեց իր հրաժարումը Կրթութեան յանձնախումբէն։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս գործընթացը։
Ես ժողովի ընթացքին անդրադարձայ որ յանձնախումբերը արդիւնաբեր պիտի չըլլան, որքան ատեն որ չեն ունեցած ներքին կանոնագրութիւն մը։ ԷՐՎԱՊ-ը նոյնիսկ անպաշտօն կերպով պէտք է ունենայ իր ներքին կանոնագիրը։ Պէտք է նշուի իրաւունքներու եւ պատասխանատուութիւններու, ատենապետի եւ քարտուղարութեան ընտրութեան կանոնները, պաշտօնավարման ժամկէտերը, ամսավճարները եւ ժողովներու կարգ ու կանոնը։ Նմանը պէտք է ըլլայ յանձնախումբերու կամ ենթայանձնախումբերու համար ալ։ Մենք գնահատանքով կը տեսնենք թէ Լեւոն Քուզիքօղլուի ընդհանուր քարտուղար նշանակուելէ ետք այս առումով յառաջընթացներ արձանագրուած են։
Անշուշտ ամէն ինչ ժամանակի կը կարօտի։ Երթեւեկութեան կանոններու բացակայութիւնը իր հետ կը բերէ նաեւ արկածներ։ Այդ արկածներէն մէկն ալ Աքսել Թոփալեանի նորահաստատ Կրթական յանձնախումբի աշխատութիւններու ընթացքին պատահեցաւ։ Պէտք է աւելի կանոնաւոր ընդանայ բոլոր վարժարանները ներառնող գործընթացները։
Ես անձամբ տեսակցեցայ պարոն Աքսելի հետ։ Որոշ նիւթերու շուրջ զինք իրաւացի գտնելով հանդերձ յայտնեցի որ հրաժարումը լուծում մը չի բերեր։ Ինք ալ նշեց որ այս հրաժարականով հասարակութեան եւ վարչութիւններու շրջանակներու մէջ գիտակցութիւն մը գոյացնելու համար նման որոշումի մը դիմած է։ Մենք ալ որպէս հասարակութիւն պէտք է խրախուսենք զինք իր ստանձնած այս պարտականութեան մէջ։
Ի.Է.- Անցեալին կարեւորած էիք աշխարհականներու կազմակերպուածութիւնը։ Անհրաժեշտ համարած էիք հասարակական միտքի եւ կամքի հաստատումը։ Այդ անհրաժեշտութիւնները իրականացնելու համար դուք ալ միջամտող պիտի ըլլա՞ք։
Հասարակական միտքն ու կամքը հազիւ իրաւասու կառոյցներով կը ձեւաւորուի։ Առանց ժողովուրդի ձայներով պաշտօնակոչուած պատրիարքի եւ հիմնարկներու վարչութիւններուն համատեղ աշխատութեան, ԷՐՎԱՊ-ը շրջանցելով չեմ կարծեր թէ իսկական հասարակական միտքն ու կամքը գոյանայ։ Մեր առջեւ դրուած գլխաւոր խնդիրն է ԷՐՎԱՊ-ի աշխուժացումը ապահովել եւ համայնքի աշխարհական գործերու համակարգման մէջ կարեւոր դեր ստանալ։ Հասարակական տեսլականի մը իրականացման համար հիմնական երեք գործօնի կարիքը կը զգանք։ Նախագիծ, մարդուժ եւ ֆինանսական կարողութիւն։ Նախագիծը եւ մարդուժը կարելի է ԷՐՎԱՊ-ը շրջանցելով ապահովել։ Բայց համայնքային ֆինանսի կարողութիւնը կը հսկուի հաստատութիւններու ձեռքով։ Հետեւաբար առանց համայնքային հաստատութիւններու մասնակցութեան եւ յօժարութեան անկարելի է ոչ մէկ լուրջ գործ իրականացնել։
ԷՐՎԱՊ-ը Պատրիարքի կամ Պատրիարքարանի այլընտրանքը չէ, այլ Պատրիարքի գլխաւորութեամբ կազմուած աշխարհիկ կառոյց մը։ Հետեւաբար ԷՐՎԱՊ-ի յաջողութիւններով ամենաշատ ես եմ, որ գոհ պիտի մնամ։
Ի.Է.- Համայնքային հաստատութիւններու ընտրութեան մասին կանոնագրի հրապարակումէն ետք լուսաբանութիւնով մը յայտնեցիք նաեւ ձեր ակնկալութիւնները։ Առաջարկեցիք նիւթական աջակցութիւնները համադրելու դրութիւն մը։ Սակայն այս տարի կայացող սիրոյ սեղաններու ընթացքին եօթը վարժարաններ չեն յաջողած իրենց ելմտական հաւասարակշռութիւնը ապահովել։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք նոր վարչութիւններու գործունէութիւնը։
Հիմնարկներու վարչութիւնները ընտրութեան նախորդող շրջանին զանազան խոստումներ կը յայտնեն։ Սակայն այդ խոստումները իրականացնելու համար կը դժուարանան տնտեսական իրողութիւններու հետ առերեսուելով։ Ես առաջարկած էի բարձր եկամուտ ունեցող հիմնարկներուն կարիքաւոր հինգ դպրոցի ծախսերը ստանձնելը։
Այս տարի ելմտական բաց ունեցող դպրոցները հինգէն եօթի բարձրացան։ Երկրաշարժի դիմաց շէնքերը ամրացնելն ալ նիւթական նոր բեռ մը գոյացուց։ Մեր յոյսեր սնուցած հիմնարկներն ալ իրենց միջոցները կ՚ուզեն ուղղել այդ նոյն հաստատութեան պահանջարկներուն։ Երկրի տնտեսական ճգնաժամն ալ ալաւելի կը դժուարացնէ այս խնդիրը։ Ընդհանրապէս մեր դպրոցներու տարեկան ելմտական բացը 3 միլիոն ԱՄՆ տոլարի սահմաններուն է։ Որպէս համայնք մենք կրնանք փակել այդ բացը։ Անշուշտ հասարակած պիւտճէ մը ձեւաւորելով։ Բացի նիւթական աւազանէ պէտք է նաեւ տուեալներու աւազան մըն ալ գոյացնենք։ Պէտք է ստուգենք մեր եկամուտները։ Կը տեսնեմ որ նոր վարչութիւնները բաւականին անկեղծ են այս մերձեցումին դիմաց։
Ի.Է.- Երիտասարդները ընդհանրապէս անտարբեր մնացին համայնքային հաստատութիւններու վարչութիւններուն։ Այդ անտարբերութիւնը կը նկարագրեն իրենց հանդէպ անտարբերութեամբ։ Համաձա՞յն էք։
Սա լուրջ հարցում մըն է, որուն չենք կրնար հարեւանցի պատասխանել։ Փոքրամասնութիւններու համայնքներու գլխաւոր հրամայականն է ապագայ սերունդներու իրենց համայնքին ներառումը։ Արդի կենցաղը երիտասարդներուն կը թելադրէ մեկուսացում։ Ոչ միայն հայ հասարակութեան, այլ համայն մարդկութեան վերաբերող ընկերաբանական իրողութիւն մըն է այս։ Թուայնացուած եւ կարծեցեալ աշխարհի մը ընձեռած դիւրութիւնները եւ ճաշակները միանալով տնտեսական դժուարութիւններուն, անխուսափելի կը դառնայ մեկուսացումը եւ հասարակութեան հանդէպ օտարացումը։ Եկեղեցական երգչախումբերը, շրջանաւարտներու միութիւնները, մարզակումբները, պարախումբերը բազմահազար հայ երիտասարդներ մէկտեղող կարեւոր գործունէութիւն կը ծաւալեն։ Համաձայն եմ որ երիտասարդներու մէկտեղման ֆիզիքական պայմանները պէտք է բազմացնենք եւ աւելի հմայիչ պէտք է դարձնենք։ Սակայն համայնքին ընձեռածներէն օգտուիլ եւ մասնակից դառնալն ալ հայ երիտասարդ անհատէն պիտի սպասենք։ Աշխարհի վրայ ամենադժուար բանն է կամաւոր կերպով կորսուիլ ուզողը գտնել, գոհացնել եւ համոզելով գերաշահիլը։