Այս ընդհանուր խորագրին ներքեւ եօթը անջատ միջոցառումներ կազմակերպուած են Հրանդ Տինքի յիշատակման շրջագծով։ Նախատեսուած են «Իրողութիւնը յիշողութեան վերածել», «Իրողութիւնը արխիւաւորել», «Լրագրող ըլլալով դատավարութեան հետեւիլ», «Իրաւապաշտպան ըլլալով դատավարութեան հետեւիլ», «Իրաւագէտ ըլլալով դատավարութեան հետեւիլ» եւ վերջապէս «Կը խօսինք Հրանդ Տինքի մասին»։
Այս խորագիրներու ներքեւ առաջին հանդիպումը կը կայանայ 11 Յունուար հինգշաբթի, «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան՝ «23,5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայր»ի մէջ։ Այս նիստին Նայաթ Գարաքէօսէյի ժողովավարութեամբ Այշէ Կիւլ Ալթընայ, Սենա Պաշէօզ եւ Նեսլիհան Քոյունճու Պալի կը զրուցեն «23,5 Հրանդ Տինք յիշողութեան վայր»ի հիմնադրութեան նախաձեռնման եւ իրականացման հանգամանքներու մասին։
Յաջորդող ուրբաթ օր, Նորայր Օլկարի ժողովավարութեամբ Իւմիթ Քըվանչ, Ռոպէր Քոփթաշ եւ Զէյնեփ Թաշքըն կը զրուցեն մանաւանդ ծանրանալով Իւմիթ Քըվանչի «Յիշողութիւնը անբաւարար» խորագրեալ վաւերագրական ֆիլմին։
Շաբաթ օրուայ նիւթն է՝ «Իբրեւ լրագրող դատավարութեան հետեւիլ»։ այս նիստի մասնակիցներն են Էլիֆ Աքկիւլ, Ճանան Ճոշքուն, Պանու Կիւվէն, Եդուարդ Տանձիկեան եւ Էրոլ Էօնտէրօղլու, իսկ ժողովավարի պաշտօնը կը կատարէ Հազալ Էօզվարըշ։
Պարըշ Ալթընթաշ, Պիւլենթ Այտըն եւ Միլենա Պիւյիւմ Զէյնեփ Սունկուի ժողովավարութեամբ կը քննարկեն Հրանդ Տինքի դատավարութեան ընթացքին իրաւապաշտպաններու դերակատարութիւնը։
16 Յունուարին Հրանդ Տինքի դատավարութիւններու նախորդ եւ այժմու փաստաբաններ Ֆեդհիյէ Չեթին եւ Հիւլյա Տեվէճի բացատրութիւններ կու տան դատական գործընթացի մասին։
Ֆեդհիյէ Չեթին յաջորդ օր եւս ելոյթ կ՚ունենայ Ալի Պայրամօղլուի հետ, «Կը խօսինք Հրանդ Տինքի մասին» խորագրի ներքեւ։
18 Յունուարին Հալէ Թենկէր եւ Այլին Վարդանեան կը ներկայացնեն «Ակօս»ի նախկին խմբագրատան գտնուած «Սեպաթ ափարթման» շէնքի ճակտին կատարուած ցոլացումներու մասին։
Այս ծրագիրէ դուրս, այդ օր Մասիս Քիւրքչիւկիլ, Սեսիլ Արթուչի հետ միասին «Նոսթալժի» գրախանութի սրահին մէջ ելոյթ կ՚ունենան «Հրանդ Տինք եւ Թուրքիոյ մէջ արդարութեան պայքարը» խորագիրով։
Յստակ է, որ այս տարի եւս Հրանդ Տինքի սպանութեան տարեդարձին 19 Յունուարի նախորդող եւ յաջորդող օրերուն զանազան միջոցառումներ տեղի պիտի ունենան զանազան քաղաքներու եւ երկիրներու մէջ։