Հրանդ Տինքի սպանութեան խնդրին մէջ բաժին ունեցող պետական պաշտօնեաներու դատավարութիւնը 2021 թուին աւարտած էր զանազաններուն պատիժներ վճռելով։ Աւելի ետք խնդիրը փոխանցուած էր Վճռական ատեան։ Այս վերին դատական մարմինը կարգ մը ամբաստանեալներու համար վճռուած պատիժը անբաւարար համարելով պահանջած էր դատավարութեան կրկնութիւնը։
10 Յունուար չորեքշաբթի օր Չաղլայանի դատարանին մէջ կայացող նիստին Հրանդ Տինք ընտանիքի փաստաբանները նոր պահանջներ ներկայացուցին, որոնք մերժուեցան դատակազմի կողմէ։
Դատավարութիւնը յետաձգուեցաւ 27 Մարտ 2024 թուականին։