Երբ Հայ Առաքելական եկեղեցին Ծննդեան Ս. Պատարագի աւարտին ջրօրհնէքի կարգով կը նշէր Յիսուսի մկրտութեան խորհուրդը, աշխարհասփիւռ քրիստոնէութիւն իր աւանդութեան համաձայն կը տօնէր այդ նոյն դէպքի յիշատակումը։ Պալատի մէջ ալ նախագահութեամբ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Սրբազանի, յատուկ արարողութիւնով եւ լողորդներու մրցակցութեամբ խաչը դուրս բերուեցաւ Ոսկեղջիւրի Պալատի ծովափէն։
Այս տարի ալ Քոստաս Քիյրոս չորրորդ անգամ ըլլալով խաչը առաջին դուրս բերողը եղաւ։