9 Նոյեմբեր 2024-ին կը նշուի հայ մեծանուն արուեստագէտ եւ մանաւանդ կինօ-բեմադրիչ Փարաճանովի ծննդեան դարադարձը։ Փարաճանով գեղարուեստական իր անհուն երեւակայութեամբ ու տաղանդով մեծ աւանդ մը թողած է իր ետին։ Իբրեւ ականատեսի վկայութիւն մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Յակոբ Այվազի հրատարակած «Քուլիս» պարբերականի (թիւ 1046 Փետրուար 1992) լոյս տեսած լրատուութիւնը սոյն տարուայ Քանն-ի փառատօնէն։
Ժ. ՄԻՐՆՃԵԱՆ
Միջազգային շարժարուեստի փառատօներու քաղաք Քաննի մէջ, չորս տարիէ ի վեր կեանքի կոչուած է այսպէս սահմանուած «հանդիպում»ներու փառատօն մը, նախաձեռնուած տեղւոյս քաղաքապետարանի մշակոյթի արծարծման եւ հաղորդակցութեան մարմնին կողմէ։ Նպատակն է, պաշտօնական, միջազգային-ցուցադրական ժապաւէններու կողքին ներկայացնել լուսանցքի գրայ մնացած, այլ սակայն յատկանշական նկատուող շարժարուեստի գործեր, առ ի քննութիւն, յատկապէս արուեստասէր երիտասարդներուն կողմէ։
Այս «հանդիպում»ին չորրորդը զուգադիպեցաւ անցնող տարեվերջին։ Այլոց շարքին պատկերասփռուեցան Սարգիս Փարաճանովի «Նռան Գոյնը», «Սուրամի Բերդը», «Աշուղ Ղարիպը» եւ «Հրեղէն Ձիերը» ժապաւէնները։
Յատկանշական երեւոյթը այն եղաւ, որ այս անգամ տուեալ շրջագծին սէջ կարեւոր տեղ յատկացուեցաւ հայազգի բեմադիրին ձեռակերտ-ձեռարուեստին, յատուկ ցուցահանդէսով մը, շնորհիւ Երեւանի համանուն թանգարանի տնօրէնութեան։ Այսպէս քաղաքիս Միրամար սրահին մէջ շաբաթներ շարունակաբար հանրութեան ներկայացուեցաւ ողբացեալ բեմադիր-արուեստագէտին յիսուն եւ աւելի ստեղծագործութիւններ՝ այլազան բնոյթի, ինչպէս նաեւ քանի մը տնական-անձնական իրեր։ Յայտնութիւններ բոլորն ալ, անկասկած։
Արդարեւ, առանց յաւելեալ մանրամասնութեանց մէջ մտնելու եւ իբրեւ ընդհանուր տպաւորութիւն արձանագրենք, թէ ֆրանսացի եւ Հայ բոլոր այցելուներուն նման մենք եւս դէմ յանդիման գտնուեցանք արուեստագէտի մը, որ տէր եղած է անսպառ երեւակայութեան՝ ստեղծելով իր աշխարհը առասպելականի սահմանները չափչփող արարումով։ Փառաճանովի ձեռքերը կը մնան «խօսուն» առօրեայի հայոց այնքան պարզ, յաճախ նախնական տարրերու (չմոռնանք Խորհրդային բանտախուցը) ստեղծագործ «մշակումով»։
Լուսանկար, կաշի, դրոշմաթուղթ, գնդասեղ, խամաճիկ, գլխարկ եւ այլ… «դիւային» երեւակայութիւն նկատուելու աստիճանին հանող իրենց ձեւաւորումներ, մակերեսի, նիւթի, խորքի դաշն համադրութեամբ, ապշեցուցիչ ձեռարուեստներու նմոյշներ կը դառնան։ Մարդ ուղղակի կ՚ապշի հաստատելով հիացիկ սլացքը հոգիի մը՝ մտածումի շիթերուն արթուն։
Կարճ հարցազրոյցի մը ընթացքին, արուեստաբան Կարեն Միքայէլեան, թանգարանի տնօրէնը, սիրով պատասխանեց մեր կարգ մը հարցումներուն։ Հիմնականը՝ թանգարանի վերաբերեալ …Փարաճանովը երկար տարիներ միշտ ցանկութիւն յայտնած էր տուն մը, բոյն մը ունենալու Հայաստան։ «Ծնած եմ Վրաստան, աշխատած եմ Ուկրանիա, պիտի մեռնիմ Հայաստան», կը սիրէր ըսել ու կրկնել։ Անոր ստեղծագործութիւններուն նուիրուած 1988-ի ցուցահանդէսին, Երեւան, ան վերջապէս հաստատեց, թէ Հայաստան եւ ինք, անբաժան էութիւններ էին։ Ուրեմն՝ անոր մօտիկ քանի մը բարեկամներս որոշեցինք տուն մը տրամադրել Սուրբ Սարգիս Եկեղեցիին մօտ։ Ասիկա անոր թանգարանը դարձաւ։ Բացումը կատարուեցաւ արուեստագէտ-բեմադիրին մահէն (1990 Յուլիս 21, թաղուած Երեւան Պանթէոնը, Արամ Խաչատրեանի կողքին) վերիվարով տարի մկ ետք՝ Յուլիս 27-ին։
Թանգարանը կազմուած է հին ոճով կառուցուած եւ յատուկ վերանորոգուած երկու շէնքերէ իրարու միացած, 350 քառ, մեթր մակերեսով։ Թիֆլիսէն բերուած են անոր անձնական իրերը։ Ա՛յլ վայրերէ, ա՛յլ ցուցանիշներ։ Դահլիճին մէջ միշտ կը հնչեն անոր սիրած մեղեդիները, ինչպէս օրինակ, Մոցարթի Ռէքուէմը։ Ներկայիս ցուցադրութեան դրուած են 250 գործեր։ Մեր նպատակն է ի մի հաւաքել կարելի առաւելագոյն չափով, քարոզչական աշխատանք տանիլ հրատարակութիւններ եւ այլ միջոցներով, այսպէս, այսօրինակ ցուցահանդէսներ։ Կարճ՝ պանծացնել հայ արուեստագէտ-բեմադիրին անունը, որ արդէն իսկ արժանացած է միջազգային համբաւի, գնահատումի ճամբով։