Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 8 Յունուար 2024, Երկուշաբթի, ընդունեց քոյր եկեղեցիներու բարձրաստիճան հոգեւոր առաջնորդներու եւ իրենց հոգեւոր ու աշխարհական ուղեկիցներու Ս. Ծննդեան տաղաւարի առթիւ շնորհաւորական այցելութիւնները։
Մեր Հոգեւոր Պետը, իր մօտն ունենալով հոգեւոր հայրեր, ժամը 13.00-էն սկսեալ Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հիւրընկալեց Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, Ասորի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Մոր Ֆիլիւքսինոս Չէթին Մետրոպոլիտը, Տիյարպաքըրի եւ Մարտինի Գերշ. Մոր Սալիպա Էօզմէն Մետրոպոլիտը, Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանը, ուղեկցութեամբ Գերյ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի, Բրշ. Յակոբ Սրկ, Մինասեանի եւ Բրկ. Ժան Կսրկ, Աճէմօղլուի, Քաղդէացի Կաթոլիկ համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Սապրի Անար Եպիսկոպոսն ու իր նախորդը՝ Մոնս. Ռամզի Կարմօ Եպիսկոպոսը, Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Օրհան Քորեպս. Չանլըն, Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու։
Հիւր բարձրաստիճան հոգեւորականները հոգեւոր ուրախութեամբ շնորհաւորեցին Նորին Ամենապատուութեան անձին մէջ Հայ Եկեղեցւոյ Ս. Ծննդեան տօնը։
Շնորհաւորական այցելութեան եկաւ նաեւ Մարմարա Շրջանի Սպանիոյ Պատուակալ Հիւպատոս եւ Էրտէմ Հոլտինկ Ընկերութեան Վարչութեան Նախագահ՝ Զէյնէլ Ապիտին Էրտէմ, որ շնորհաւորութենէ յետոյ այցելեց նաեւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցի ու տեղեկութիւններ ստացաւ եկեղեցւոյ համալիրի մասին։
Ընդունելութեանց ներկայ գտնուեցան Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղյ. Սերովբեան, Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քհնյ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի գլխաւորութեամբ անդամներ։