Հայ Աւետարանական Համայնքի նուիրեալ հոգեւորականներէն՝ Վեր. Ռընէ Լեւոնեանին շնորհուած է Ֆրանսայի բարձրագոյն շքանշաններէն մին։
Այս մասին գրառում մը կատարած է ԱՀԱԸ-ը, որուն նուիրական անդամներէն է Վերապատուելի Լեւոնեանը։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ գրառումը
«ԱՀԱԸ-ն մեծ ուրախութեամբ ընդունեց Հայաստանի մեր նախկին ներկայացուցիչ եւ Եւրասիայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան ներկայիս նախագահ վերապատուելի դոկտոր Ռընէ Լեւոնեանի՝ Պատուոյ Լեգէոնի Ասպետի կոչում շնորհուելու լուրը։ Կոչումը ֆրանսական բարձրագոյն արժանիքներու շքանշանն է, ինչպէս քաղաքացիական, այնպէս ալ ռազմական։
Մենք մեր շնորհաւորանքները կը յայտնենք վերապատուելի դոկտոր Ռընէ Լեւոնեանին, որ արժանի է այս նուիրական պատուին»։