Այս շաբաթ եւս կը շարունակենք մեզի հասած օրացոյցներուն արձագանգել։ Անոնցմէ առաջինը Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի աւանդական գրպանի օրացոյցն է։
Այդ օրացոյցի էջերուն մէջ կը տեսնենք տարուայ տօնական օրերը։ Նշուած կ՚ըլլան նաեւ Սուրբ Պսակի խորհուրդին համար արգիլեալ օրերու ցուցակը։ Այդ ցուցակի առաջին նշումն է «Տարուայ բոլոր կիրակի օրերը առանց բացառութեան»։
Վեց անջատ բաժիններու մէջ ներկայացուող արգիլեալ օրերու ցուցակի աւարտին դրուած է ծանօթագրութիւն մը, ուր կ՚ըսուի. «Պսակ դնելու արգիլեալ օրերը կը վերջանան եկեղեցական օրերու կանոնով, երեկոյեան ժամերգութենէ ետք։ Ուստի ներեալ է օրը երեկոյանալէ վերջ պսակ օրհնել, եթէ յաջորդ օրը արգիլեալ օր չէ»։ Այս ծանօթութիւնով նաեւ բացատրուած կ՚ըլլայ, այն հանգամանքը, ըստ որու մեր եկեղեցիներու մէջ պսակադրութիւնները առհասարակ կը կատարուին կիրակի օրերուն, բայց միշտ յետմիջօրէի ժամերուն։
Օրացոյցը կը ներկայացնէ Թուրքիոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորական դասը, սկսելով 4 եպիսկոպոսներէ, 8 վարդապետներով, 19 քահանաներով, 28 սարկաւագներով, 24 կիսասարկաւագներով։ Ապա անուանացանկը կը շարունակուի 77 դպիրներով, 7 ժառանգաւորներով եւ 1 միաբանուհիով։
Տրուած է նաեւ Պատրիարքարանի Պատուոյ շքանշան, Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի շքանշանը, Յովհաննէս Բաղիշեցի Կոլոտի անուան շքանշանը ստացողները։
Նոյնքան կարեւոր ցուցակ մը կը կազմեն պոլսահայ եկեղեցիները, որոնց կը յաջորդէ երգչախումբերու, դպրոցներու եւ հիմնարկներու ցուցակները։
Պատրիարքարանի օրացոյցին մէջ տեղ գտած են նաեւ Իսթանպուլի հայ մամուլի օրկանները, սաներու եւ հայրենակցական միութիւնները եւ գերեզմանները։
Երկրորդ օրացոյցը եկած է Ֆերիգիւղի Մէրամէթճեան Վարժարանէն, սեղանի օրացոյցի մը կաղապառով։ Այս օրացոյցը դարձեալ կը նշէ եկեղեցական օրերը եւ իւրաքանչիւր էջը ձօնուած է հայ անուանի երգահանի մը։ Այսպէս ամիսներու հոլովոյթով կը տողանցեն Արամ Խաչատուրեան, Սիլվարդ Գարամանուկ, Առնօ Պապաճանեան, Կոմիտաս Վարդապետ, Խաչատուր Աւետիսեան, Էտկար Յովհաննէսեան, Տիգրան Մանսուրեան, Արտէմի Այվազեան, Բարսեղ Կանաչեան, Քրիստափոր Կարամուրզա, Արմէն Տիգրանեան եւ Տիգրան Չուխաճեան։
Բացի եկեղեցական յատուկ օրերէ նշուած է նաեւ պետական տօնական օրերը, նոյնիսկ Մայրերու Օր, Աթաթիւրքը Յիշատակելու Օր, Հայրերու Օրի նման օրեր, բայց չես գիտեր ինչու զանց առնուած է Հայաստանի անկախութեան օրը։