«Ուսուցիչներու պարտականութիւնն է
արթնացնել եւ դրդել աշխատանքի
եւ իմացականութեան հանդէպ
հաճոյքի զգացումը»։
Այնշտայն
ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
Իւրաքանչիւր երկիր, պետութիւն, կամ հանրութիւն ուժեղ եւ հզօր է բարոյական արժէքներու բարձր որակի առկայութիւնով։ Այդ արժէքներու հիմնական բաղադրիչներէն է դպրոցը, գիրքը, գիտական մթնոլորտը։ Իսկ այս հսկայ դերը որ դրուած է մանկավարժներու ուսերուն անգնահատելի է, եթէ բարեխղճօրէն ան կը կատարուի։ Աշխարհով մէկ այն կարծիքը կը տիրէ, թէ դպրոցականներու գիտական մակարդակը համատարած անկում կ՚ապրի ամէնուր եւ մեր աւետեաց երկիրը եւս ենթակայ է այդ անկումին։ Որքան որ հպարտ ըլլանք մեր հազարամեայ մշակոյթով, ներկայ իրողութիւնը այս է։ Փաստ է, որ համակարգին մաս կազմող անհատները, ցաւօք, միշտ չէ, որ կը յարգեն եղած կանոնները։
Որոշ ժամանակ է, որ մեծ աղմուկ բարձրացած է հոգեւորական դասի կողմէ՝ 7–րդ դասարանի «Հայոց պատմութիւն» դասագրքին թափանցած սխալներու առիթով։ Ըստ մեր իմացականութեան թէեւ դիպուածը տհաճ է, բայց անտեղի ողբերգական եւ սխալ մօտեցում կը ցուցաբերէ կղերական դասը։ Այդ առիթով Էջմիածնի մէջ կազմակերպած են հայրենական կեանքի կրթական հիմնախնդիրներուն նուիրուած քննարկում, որուն մասնակցած են կրթական յանձնախմբի հոգեւորական եւ աշխարհական անդամներ, որոնց հետ նաեւ իշխանութեան հանդէպ բացայայտ ընդդիմախօս թշնամական դիրք ունեցող Միքայէլ արք. Աջապահեանը, որ «խիստ մտահոգուած» ըլլալով կրթական մակարդակի հարցերով, իր ասուլիսի ընթացքին կը մոռնայ ունեցած դիրքի ու պաշտօնի կարեւորութիւնը, հարստացնելով հայ բառարանը՝ ֆորպոստ, դեպորտացիա, օբիեկտիւ, դիկտատուրայ, սաբոտաժ, սինդրոմ, ալգորիթմ, էֆեկտ բառերով։ Քննարկման ընթացքին բարձրաձայնուած են սխալներ, որոնք իբր այնքան զօրաւոր են, որ որակեալ կրթութիւնը կրնան խանգարել։
Ըստ էութեան նման կեղծ, չարամիտ քննարկումները եւ «սրտցաւ մօտեցում»ը, հայրենի կրթական համակարգի նկատմամբ, միակ նպատակ ունին՝ քարկոծել պետական համակարգը, որ ողջունելի ու գովելի չի կրնար համարուիլ։ Իրաւ է որ գիրքի հեղինակը եւ կրթութեան պատասխանատուները՝ ԿԳՍՄ կ՚ընդունեն յայտնաբերուած սխալներու տարբեր բնոյթը, որ ըստ հեղինակներու, եղած է ժամանակի սղութեան, անփութութեան եւ տարբեր հանգամանքներու պատճառով, բայց այն երկրաշարժի վերածելը այլ է՝ պախարակելի եւ չար միտումով։ Սխալը անյապաղ պիտի շտկուի, որ ըստ լուրերու, նախարարութիւնը յանձնառու է։ Ամէն պարագայի երբ խնդիրը մեր երախաներու կրթութեան մասին է՝ չկայ նրբացուցիչ դէպք յանցանաց։
Բացառուած չէ, որ վերոնշեալ դասագրքի առիթով ծայրայեղ քաղաքականացուած հոգեւոր դասը իր պետի առաջնորդութեամբ կը փորձէ հակադրուիլ արդի իշխանութեան, հիմնական նպատակ ունենալով քօղարկել իր վերջին հինգ տարիներու հակապետական գործունէութիւնը, անբաժին մաս կազմելով փողոց ելած ընդդիմադիր խմբերուն, մինչեւ իսկ սպառնալով, որ վերջին շրջանին իշխանութեան հետ չմասնակցիլը որեւէ պետական միջոցառման կամ տօնի՝ վտանգաւոր է պետականութեան եւ պետութեան համար։ Ահա, այս է, ոչ աւելին, բարոյականութեան մակարդակը։
Մէկ, այլ աղմկարար դրուագ էր, տարեմուտի գիշերը հանրային հեռատեսիլով երկրի նախագահի եւ վարչապետի ուղերձի սփռումը։ Կաթողիկոսի հայցը իր ուղերձը վարչապետէն առաջ հեռարձակելու մասին TV վարչութիւնը, նկատի ունենալով առաջնահերթութեան հանգամանքը, չէ մերժած եւ, առաջարկած է սփռել հաղորդումը մէկ այլ ժամու։ Կաթողիկոսարանը մերժած է հաղորդումի որեւէ այլընտրանքային տարբերակ, եւ երկինքը պայթել է՝ հուր ու կայծակ սփռելով ամէնուր։
Խիստ կարեւոր է, մինչ իսկ պարտադիր, որ հանրային կառոյցներու ղեկավարներէն իւրաքանչիւրը իր դերի եւ պարտաւորութիւններու կարեւորութիւնը հասկանայ։ Եթէ իշխանութիւնը պարտաւոր է ներքին թէ արտաքին բոլոր տեսակի խնդիրներուն դիմակայել ի յօգուտ երկրի եւ ժողովրդի, ապա աներկբայ է, որ միւս օժանդակ կառոյցները, ներառեալ նաեւ եկեղեցին պարտաւոր են իրենց հերթին ամէն տեսակի օժանդակութեամբ ըլլալ իշխանութեան կողքին, եւ ոչ ընդդիմադիր։ Անտրամաբանական-անընդունելի է իրարմէ որեւէ տարանջատում։ Ճիշդ հակառակն է, որ տեղի կ՚ունենայ մեր երկրին։ Եկեղեցին պատանեկան եռանդով կը բախուի իշխանութեան, հաւանաբար այլ ուժերու հրահանգով եւ թելադրանքով, բայց ին՞չ շահելու նպատակով։ Հասուն անձանց խզուած յարաբերութիւնը վերականգնելը շատ դժուար է, երբեմն անիրագործելի։
Տօնական օրերու առիթով շատերը կը համարձակին ասուլիսներ կազմակերպել հիմնական նիւթ ունենալով Արցախի կորուստը իրենց սեփականութիւն դարձնելով, մոռնալով, որ այդ մեր բոլորի, համայն հայութեան կորուստն է եւ իւրաքանչիւր հայ կ՚ողբայ կատարուածին։ Ելոյթներուն արտայայտուած մտքերը բազմատեսակ ըլլալով շատ միահունչ են անիմաստ ըլլալու առումով ինչպէս՝ «Արցախը ՀՀ ազատութեան եւ անվտանգութեան սահմանապահ երաշխաւորը եղած է», կամ «Արցախի հարցը չէ փակուած» կոչերը։ Շատ բարի, հնչեցնել նման անիմաստ լոզունգներ որպէս նմոյշ հեշտ է, բայց պարզ չէ, թէ ինչպէս, ինչ միջոցներով եւ հանգամանքներով։ Արդի առաջնահերթ խնդիրը տեղահանուած 120.000 արցախցիներուն պարկեշտօրէն վերաբնակեցնելու եւ անոնց առօրեայ կարիքներուն հասնելու հոգն է, որ պատուով եւ մեծ ձեռնհասութեամբ պարտաւորուած է պետութիւնը։ Իրենց մասնակցութիւնը առանց երկմտանքի բերելը բոլոր միւս միութիւններու պարտականութիւնն է, եկեղեցին ներառեալ եւ կը մնայ միանալ պետութեան ջանքերուն, փոխանակ այլամերժ այլ կացութիւններով խանգարելու անոր առաջընթացը։ Այս է մեր երաշխիքը եւ հասունանալու դեռ շատ տեղ եւ երկար ճամբայ կայ անցնելու։
Սան Ռաֆայէ