ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ
bastimar.kurtulus@gmail.com
- Կը սիրե՞ս Ռուսերը։
- Բոլոր ժողովուրդները կը սիրեմ, բայց ոչ ազգերը։ Ես հայրենասէր եմ, այլ ոչ թէ ազգասէր։
- Ի՞նչ տարբերութիւն կայ որ։
- Հայրենասիրութիւնը հայրենի երկիրը սիրելն է։ Իսկ ազգասիրութիւնը միւսները ատել։
Չեմ գիտեր ինչու վերջերս ընթերցած բոլոր գիրքերս հակապատերազմական բնոյթ ունին։ Սա գիտակցաբար ընտրութեան մը հետեւանքը չէ։ Գրողները նախապատուելով է, որ կ՚ընտրեմ գիրքեր եւ ապա անոնք կը կիսեմ ձեզ հետ։ Ահա այս շաբաթ ալ ընթերցողին կը ներկայանամ գրականութեան հսկայ մը նիւթ ունենալով։ Ռոման Կէրիի մասին է խօսքս։
Ան 1914-ին ծնած էր Մոսկուա եւ 1921-ին ալ իր ընտանիքով գաղթած էր Լեհաստան։ Բայց ան համբաւի տիրացաւ Ֆրանսայի մէջ։ Իր գրածները թարգմանուեցաւ բազում լեզուներու, որոնց բոլորն ալ հակապատերազմական բնոյթ ունէին։ «Լեհաստանի մէջ թռչուն մը կար» անուն գործը ընթերցողին կը պատմէ թէ ինչպէս կարելի է պատերազմի խաւարը յաղթահարել։ Յոյսը միշ վառ է Կերիի գրականութեան մէջ։ Այնքան որ, երբ հրասայլները կը թնդացնեն փողոցները, երբ ամբողջ քաղաք մը կը ռմբակոծուի ան Ժանէք անուն երախայի աչքով մեզի կը փոխանցէ դաշնամուրի հնչիւններուն կենարար գաղտնիքը։ Չափազանցած չեմ ըլլար եթէ ըսեմ որ «Լեհաստանի մէջ թռչուն մը կար» անուն վէպը պատերազմի դէմ գեղարուեստի ու սիրոյ յաղթանակը պատմող առասպէլ մըն է։
Նացիները շրջապատած են Լեհաստանը եւ բուռ մը կամաւորներ անտառի մէջ պահուըտած կը դիմադրեն արշաւողներու հզօր բանակին։ Ձեռքերնին զէնքի բլթակին է, իսկ ականջնին Սթալինկրտաէն հասնող լուրերուն։ «Սթալինկրատին մէջ մարդիկ կան, որոնք մեզի համար կը մարտնչին»։ Այսպէս է Ժանէկի հաստատումը, երբ պատերազմը խորտակած է մարդկային բոլոր արժանիքները։
Այդ պայմաններու մէջ անգամ արդեօք կարելի՞ է յոյսը սնուցել։ Սոված մարդը գեղարուեստ կրնայ տեսնել իր երազին։ Ազատութեան կոչեր կրնայ արձակել։ Ահա Ռոման Կերիի վէպը այս տեսակի հարցումները հաւաստի կերպով կը պատասխանէ։ Այո՛ կարելի է։ Եթէ թշուառութիւնը, անվերջանալի գերութիւնը ամբողջ կեանքի մը վերածել չենք ուզեր, պիտի գնահատենք խաղաղութեան եւ արուեստի արժէքը։ Մարդիկ եթէ ոխը սորվեցան սիրելն ալ պիտի սորվին։ Հայրենիք կոչուածը սահմանագիծերով եւ դրօշակով կարելի չէ բնութագրել։ Էական սրբութիւնը կեանքն է եւ ճակտի քրտինքը։
Այս գիրքը ամենաաննպաստ պայմաններու տակ իսկ իրողութիւնը կը փոխանցէ ընթերցողին։
Այդ էջերը ապաստան մըն են ամենադաժան պահերուն իսկ։ Ոչ մէկ զէնք չէր կրնար թափանցել, այդ ապաստանէ ներս, քանի որ այդտեղ նաեւ յոյսը աճեցնելու ամենայարմար տեղն է։