Գաղտնիք չէ որ Ամանորը որքան որ համայն մարդկութեան, բայց յատկապէս մանուկներու համար յատուկ նշանակութիւն ունի։ Տօնածառի առթած յուզումը անբաղդատելի է չափահասներու եւ մանուկներու աչքին։ Նոյնիսկ որոշ տարիքէ մը ետք չափահասներ կը նկատեն տարեմուտի այնքան շուտ հասնիլը, որ մանուկներու երեւակայութեան մէջ բաւական ուշացած է։
Այս տրամադրութիւններով է, որ «Ակօս»ի լուսանկարիչ Պերճ Արապեան տարուայ վերջին օրերուն այցելեց քաղաքիս հայ նախակրթարանները, իր ոսպնեակով անմահացնելու համար մանուկներու ջերմեռանդ ուրախութիւնը։
Ուրախութիւնը սահմանուած չէր նախակրթարաններով, քանի որ համայնքային երկրորդական վարժարաններէն ներս ալ կը կազմակերպուէին զանազան հանդէսներ, պատանիներու եւս ուրախութիւնը պարզելու համար։
Երանի թէ Ամանորը մնար մանկական այդ ուրախ տրամադրութեան սահմաններուն մէջ։
Ինչպէս նախապէս ալ ըսած ենք, չարն ու բարին իրար լրացնող բնոյթ ունին եւ կարելի չէ անոնք իրարմէ անջատել լոկ տարեթիւի մը փոփոխութեան հետեւանքով։ Այդ գիտակցութիւնով մենք կը յամառինք կրկին ու կրկին բարին մաղթելու ընդ ձեզ՝ «Ակօս»ի ընթերցողներ եւ հետզհետէ համաշխարհային մարդկութեան