Հակադարձելով երկու ֆրանսացի դիւանագէտներ արտաքսելու՝ Պաքուի որոշումին, Փարիզ որոշեց երկու ատրպէյճանցի դիւանագէտներ արտաքսել Ֆրանսայէն։
Յիշեցնենք, որ Պաքու Ֆրանսայի դեսպանատան անձնակազմի երկու անդամներ «անբաղձալի անձեր» յայտարարած էր՝ պնդելով, որ անոնք «իրենց դիւանագիտական կարգավիճակին չհամապատասխանող, 1961ի Վիեննայի համաձայնագիրին հակասող գործունէութիւն» կը ծաւալեն։
«Փարիզ կտրուկ կերպով կը հերքէ Ատրպէյճանի՝ իր որոշումը արդարացնելու համար ներկայացուցած մեղադրանքները ֆրանսացի դիւանագէտներուն վերաբերեալ, որոնք այսպէս կ՛ամբաստանուին առանց լրացուցիչ մանրամասնութիւններու», ըսուած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ։
Ֆրանսայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանը կանչուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր անոր տեղեկացուցին փոխադարձ արտաքսման որոշումին մասին։